Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստէն բացակայեցաւ տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի հաստատեց որ վարչապետ Հարիրի նիստին ընթացքին ընդգծած է, թէ կառավարութիւնը, իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը անհրաժեշտութիւն նկատելու առումով, այդ նպատակը չէ անջատած ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու ջանքերէն:
«Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան յանձնառութիւնը այս իմաստով զուգահեռ կ՛ընթանայ, իսկ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ արձանագրուած տարակարծութիւնները անպայման անել կացութեան մատնուիլ չեն նշանակեր, այլ առողջ ըլլալու փաստեր են», ըսաւ Ռիաշի:
Նախարարը նշեց, որ Հարիրի շեշտած է, թէ քաղաքական աշխատանքը պէտք է շարունակուի, եւ պէտք չէ յուսալքուիլ այդ աշխատանքին առումով, այլ` պէտք է շարունակել ճիգերը, որպէսզի ընտրական նոր օրէնքը ծառայէ նաեւ յառաջիկայ տասնեակ մը տարիներուն համար:
«Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ իշխանութեան պետերուն միջեւ յարաբերութիւնը քանդելու գրաւները պիտի ձախողին», ըսաւ Ռիաշի:
Նախարար Ռիաշի աւելցուց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի ընդգծած է աղբի տագնապին լուծման անհրաժեշտութիւնը: