Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ. «Քաղաքական Իշխանութիւններուն Պարտականութիւնն Է Կատարեալ Զօրակցութիւն Յայտնել Ապահովական Հաստատութիւններուն»

February 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի տեղեկատու գրասենեակը յայտարարեց, որ նախարարութեան համար առաջնահերթութիւն է զօրակցիլ բանակին: Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքական իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է կատարեալ զօրակցութիւն յայտնել ապահովական հաստատութիւններուն, չմիջամտել անոնց աշխատանքին եւ այդ աշխատանքի գործադրութեան համար օգտագործուած միջոցներուն ու որդեգրուած եղանակներուն:

«Մենք մեր կառոյցներէն ու հաստատութիւններէն գործ եւ նպատակներ կը պահանջենք` առանց անոնց վրայ աշխատանքի ձեւեր պարտադրելու», նշուեցաւ տեղեկատու գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ նախարար Սարրաֆի համար ամէն գնով բանակին զօրակցութիւնը եւ անոր կարողութիւններուն բարելաւումը առաջնահերթութիւն է, ինչպէս նաեւ նախարար Սարրաֆ պիտի չզլանայ աշխատիլ բանակայիններուն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու ուղղութեամբ:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շեշտեց, որ բանակին նուաճումներուն շնորհիւ է, որ կը պահպանուի երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

«Բանակին իսկական զօրակցութիւնը լիբանանեան միասնականութիւնն ու իրարու նկատմամբ կառչածութիւնն է», շեշտեց Սարրաֆ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 31 յունուար 2017-ին լոյս տեսած լիբանանեան օրաթերթերէն մէկը հրատարակած էր «Ապահովական նշանակումներու թղթածրարը» խորագիրը կրող յօդուած մը, որուն մէջ ակնարկած էր բանակի ներքին հարցերուն: «Մենք կը յարգենք խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը, սակայն միաժամանակ մամուլէն եւ բոլոր լրատուամիջոցներէն կը խնդրենք զգուշանալ անճիշդ տեղեկութիւններ սպրդեցնելէ, որովհետեւ անիկա կը վնասէ բանակի եւ ապահովական կառոյցներու աշխատանքին: Կը հաստատենք, որ բանակին մասին այդ յօդուածին բովանդակած տեղեկութիւնները անճիշդ են», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

ՍԱՐՐԱՖ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող հարցերն ու անոր կարիքները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

 

Նախորդը

Քաակ. «Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Կատարել Ճշդուած Թուականին»

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Մշակելու Սահմանադրութեան Եւ Ազգային Ուխտին Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնք Մը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.