Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է յիշեցնել բոլորին, որ իրենց պահանջը եղած է Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքին վաւերացումը, աւելցնելով, որ իրենք գործակցած են իրենց քաղաքական գործընկերներուն հետ` ամբողջական թէ մասամբ համամասնական նկատուող օրէնքներուն շուրջ:
«Այդ բոլորէն ետք մենք քննարկեցինք նաեւ խառն ընտրական օրէնքը, որ սակայն օր մը օրանց մեր ընտրանքը չէ եղած», ըսաւ Ժրայսաթի:
Ան հաստատեց, որ իրենց պահանջն է բոլորին պարագային նոյն չափանիշներուն որդեգրումը: «Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք, եւ այդ իմաստով դրական կեցուածքներ ու համախոհութիւններ գոյացուցած ենք աւելի քան մէկ օրէնքի շուրջ», նշեց ան:
Ժրայսաթի ընդգծեց, որ համախմբումը շեշտած է, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը չի փափաքիր օգտագործել, որովհետեւ անիկա կը հակադրուի Ազգային ուխտին եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան սկզբունքին:
«Մենք ոչ մէկ պատճառ ունինք թաքցնելու մեր իրաւունքները վերահաստատելու մեր ձգտումները, ինչպէս նաեւ մեր դաշնակիցներուն իրաւունքներուն տէր կանգնելու յանձնառութիւնը», ըսաւ Ժրայսաթի:
Ան խստիւ դատապարտեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան առած քայլերը մեկնաբանելու եւ անոր գործունէութիւնը կասկածի տակ առնելու տեսակէտները` շեշտելով, որ իրենք իրենց ստանձնած պարտականութիւններուն տէրն են եւ կոչ ուղղելով չյուսալքելու լիբանանցիները, որովհետեւ անոնք իրենց կարգին կրնան յուսալքել ղեկավարներն ու պատասխանատուները: