Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաակ. «Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Կատարել Ճշդուած Թուականին»

Փետրուար 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփէ Լազարինի լրագրողներու հետ հանդիպում մը կազմակերպեցին Եարզէի մէջ գտնուող Քաակի գրասենեակին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին Քաակ ողջունեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն ու կառավարութեան կազմութիւնը` յստակացնելով, որ 2017-ն Լիբանանի համար եղաւ նոր սկիզբ մը: Ան դիտել տուաւ, որ այս տարի առիթներու տարին է` փաստելու համար, որ երբ քաղաքական կամքը առկայ է, ապա նուաճումները անխուսափելի են:

Քաակ ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը` կարեւոր նկատելով նաեւ խորհրդարանին մէջ իգական սեռին ներկայացուցչութիւնը` ճշդելով կնոջ ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը:

Քաակ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գործունէութիւնը ամբողջական է եւ կ՛ընդգրկէ ապահովութիւնը, խաղաղութիւնը, տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճումը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւններն ու մարդկային իրաւունքներուն յարգումը:

Ան շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ընդգծած է տագնապները արգիլելու եւ խաղաղութեան համար դիւանագիտական աշխատանք տանելու առաջնահերթութիւնը:

Քաակ ըսաւ, որ ՄԱԿ կ՛ընդգծէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանեան բանակին միջազգային օժանդակութեան ցուցաբերումը:

«ՄԱԿ կը զօրակցի վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան` մշակելու ծայրայեղութիւնները արգիլող ազգային ռազմավարութիւն մը», ըսաւ Քաակ:

Ան եզրափակեց նշելով, որ ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Լիբանանը պահելու միջազգային քարտէսին վրայ, ինչպէս նաեւ յանձնառու պիտի մնայ անոր ապահովական կայունութեան` զայն շրջանին մէջ ներկայացնելով իբրեւ օրինակելի տիպար:

Իր կարգին, Լազարինի յայտնեց, որ Սուրիայէն ետք Լիբանան եւ անոր հիւրընկալ ընկերութիւնները երկրորդ մեծագոյն օգտուողներն են միջազգային օժանդակութիւններէն:

Ան նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական տագնապները կարելի չէ միայն մարդասիրական օժանդակութիւններու ընդմէջէն լուծել, այլ` անհրաժեշտ է մշակել բարգաւաճման ծրագիրներ եւ ենթակառոյցներ հաստատելու առումով ներդրումներ կատարել, որպէսզի լիբանանցիներուն դիմագրաւած տագնապները կարելի ըլլայ լուծել:

 

 

Նախորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կը Մերժէ Ամբողջական Համամասնականութիւն Պարտադրել Ընտրութիւններու Պարագային

Յաջորդը

Սարրաֆ. «Քաղաքական Իշխանութիւններուն Պարտականութիւնն Է Կատարեալ Զօրակցութիւն Յայտնել Ապահովական Հաստատութիւններուն»

RelatedPosts

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան  Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Դեկտեմբեր 6, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Նոր Բանագնացի Դերը Բացառապէս Թեքնիք Է Եւ Ոչ Քաղաքական, Եւ Ես Միայն Թեքնիք Դերը Պիտի Ճանչնամ»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը  «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի  Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ
Լիբանանեան

Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?