Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Հեռնանտոյի հետ հանդիպումին ընթացքին յանձնառութիւն յայտնեց կազմակերպելու երեսփոխանական ընտրութիւնները` շեշտելով, որ երկրին ապահովական կացութիւնը կայուն է:

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ընկերութեան շարժումի գործիչ Հասան Պազզի յայտնեց, որ որոշուած է Քոսթա Պրավայի թափօններու թաղման վայրը փակել` այդ մասին վճիռին արձակուելէն չորս ամիս ետք:

ՌՈՒՄԻԷԻ բանտին մէջ 300 արգելափակեալներ հացադուլ յայտարարեցին` պահանջելով ներում շնորհել այն բանտարկեալներուն, որոնք դատական վճիռ չեն ստացած:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը կարելի չէ երկարաձգել, ինչպէս նաեւ 1960-ի ընտրական օրէնքին կարելի չէ վերադառնալ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ խառն ընտրական օրէնքը կրնայ ջնջել քաղաքական այն կողմերը, որոնք կառավարութեան համախոհութեան վրայ չեն կրնար իրենց հակակշիռը բանեցնել:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարգաւաճումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին յայտնեց, որ ընտրական արդի օրէնքի մը վաւերացումը եկող սերունդներուն համար փոփոխութեան յոյս կ՛ապահովէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ իրենք լաւատես են ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է զիջումներ կատարեն` ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ կ՛ապահովէ ազգային շահերը եւ լիբանանցիները կը հեռացնէ համայնքային բառամթերքէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Լիբանանի պէս համայնքային բազմազանութեամբ յատկանշուող երկրի մը մէջ անհրաժեշտ է համաձայնութիւն գոյացնել ընտրական որեւէ օրէնքի մը շուրջ կամ մշակել ընտրական նոր օրէնք մը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ առաջարկուած ընտրական օրինագիծը չէ արժանացած քառակողմանի հանդիպումին զօրակցութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը անհրաժեշտութիւն է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ սահմանադրական հաստատութիւնները վերադարձած են իրենց բնականոն աշխատանքին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը անհրաժեշտութիւն դարձած է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ապահովական նշանակումներուն թղթածրարը պիտի չվերջնականացնէ նախքան Եգիպտոս կատարելիք իր պաշտօնական այցելութիւնը:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքը` անոր կողմէ կատարուած ընտրաշրջաններու անարդար բաժանումին համար:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ խառն ընտրական օրէնքին պարագային քրիստոնեայ համայնքին քուէներով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել 52 քրիստոնեայ երեսփոխաններ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել կը նշանակէ լիբանանեան նոր իշխանութիւնը հարուածել` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, որ այդ օրէնքը պիտի չգործադրուի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆուատ Սաատ յայտնեց, որ տարբեր համայնքներէ բաղկացող երկրի մը մէջ 1960-ի ընտրական օրէնքին բարեփոխուած տարբերակը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութեան յարմարագոյն օրէնքը:

ԸՆՏՐԱԿԱՆ օրէնքը սերտող եւ նոր օրէնք մը մշակելու ճիգեր ի գործ դնող քառակողմ յանձնախումբի անդամ` Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով յանձնախումբը կէս ճամբան հարթած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ մարոնի պատրիարքութեան համար կարեւորը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովող ընտրական նոր օրէնքի գոյացումն է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները բացառիկ են:

 

Նախորդը

Թրամփ Պաշտօնազրկած Է Ընդհանուր Դատախազի Պաշտօնակատարը` Իր Հրամանը Կատարել Մերժելուն Համար

Յաջորդը

Միքաթի Ընտրական Օրէնքը Քննարկեց Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքին Հետ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.