Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շեշտեց Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին Կատարելու Կարեւորութիւնը

February 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուած նաւթի եւ բնական կազի հանքերուն հետ պիտի վարուին ամենայն թափանցիկութեամբ, իսկ անոնց արտահանումէն ապահովուելիք շահերը պիտի զետեղուին գերիշխանական ֆոնտի մէջ:

Նախագահ Աուն շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով նաեւ, որ պէտք է մշակել ընտրական նոր օրէնք մը, որ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմի իր չափին համապատասխան ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

Ան աւելցուց, որ ինք կը զօրակցի համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքի մշակումին, սակայն խորքին մէջ իր ձգտումն է, որ մշակուի ընտրական օրէնք մը, որ արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ բոլորին:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ լիբանանցիներուն 87 առ հարիւրը կը փափաքի ընտրական նոր օրէնքի հիման վրայ ընտրութիւն կատարել` աւելցնելով, որ ինք այդ պահանջը չի կրնար անտեսել:

Նախագահ Աուն աւելցուց նաեւ, որ ելեկտրականութեան եւ ջուրի թղթածրարներուն լուծումը արգելակող խոչընդոտները պիտի չէզոքանան, եւ այդ հարցերը իրենց վերջնական լուծումները պիտի ստանան:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լեռնալիբանանի, Ժիպէյլի եւ Պաթրունի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Ժորժ Խտըր եպիսկոպոսը, ներկայութեամբ` Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին, ինչպէս նաեւ նախարարներ Եաագուպ Սարրաֆի, Փիեռ Ռաֆֆուլի, Նիքոլա Թուէյնիի, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերի եւ առաջնորդ Խտըրի հարազատներուն:

Նախագահ Աուն Խտըր եպիսկոպոսը պարգեւատրեց  Մայրիներու «Բարձրագոյն սպայ» աստիճանի ազգային շքանշանով` առ ի գնահատանք եկեղեցական իր ծառայութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային խորհրդանիշ ըլլալուն:

Խտըր եպիսկոպոս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` շեշտելով Լիբանանի օրհնեալ երկիր ըլլալու իրականութիւնը եւ կոչ ուղղելով բոլորին հաւատարիմ մնալու Լիբանանին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ լիբանանցի երաժիշտներու մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` Ուսամա Ռահպանիի:

Նախորդը

Հարիրի Իր Ունեցուածքին Մասին Տեղեկագիր Մը Յանձնեց Սահմանադրական Խորհուրդին

Յաջորդը

Արժանթինի Հայ Համայնքը Կը Դատապարտէ Չաւուշօղլուի Այցելութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.