Մամլոյ Արձակուրդ
Ս. Աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 27 մարտ 2017-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 28 մարտ 2017-ին:
Ս. Աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 27 մարտ 2017-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 28 մարտ 2017-ին:
Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան: Հետեւաբար, այսօր` շաբաթ, 25 մարտին, կէս գիշերին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ:
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: 69 կէտերէ բաղկացած օրակարգը քննարկելէ ետք, տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ երկուշաբթի, 27 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, կառավարութիւնը պիտի գումարէ 2017-ի պետական ամավարկը եւ ապա ելեկտրականութեան վերաբերող ծրագիր մը: Ռիաշի աւելցուց, որ ելեկտրականութեան յատուկ ծրագիրին քննարկումը չաւարտելու պարագային կառավարութիւնը այլ նիստ մը...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը` ընկերակցութեամբ իր տեղակալին` Ֆիլիփ Լազարինիի: Քաակ նախագահ Աունին յանձնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսէն նամակ մը: Քննարկուեցան նաեւ Յորդանանի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին նախագահ Աունի եւ Կութիերեսի ունենալիք հանդիպումին վերաբերող հարցեր: Միւս կողմէ, Քաակ նախագահ Աունին ներկայացուց 17...
Զօր. Ապպաս Իպրահիմ - Զօր. Ժոզեֆ Աուն Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որուն հետ քննարկեց բանակին կողմէ յանցագործները հետապնդելու իմաստով զինուորական հաստատութեան ձեռնարկած ընդարձակ արշաւը: Հարիրի ընդգծեց բանակին եւ գաղտնի սպասարկութեան որդեգրած ապահովական միջոցառումները` Պեքաայի եւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ. այդ միջոցառումներուն շնորհիւ կարելի եղաւ ձերբակալել 2007-ին Զիատ Ղանտուրի ու Զիատ Քապալանի...
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ աւարտեց Եգիպտոս կատարած իր այցելութիւնը` հանդիպում մը ունենալով եգիպտացի իր պաշտօնակից Շերիֆ Իսմայէլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Նշենք, որ Հարիրիի եւ Իսմայէլի հանդիպումէն ետք անոնց միացան լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմող նախարարներն ու անոնց եգիպտացի պաշտօնակիցները, որոնք...
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հովանաւորեց «Հոսփիթելիթի Սըրվիսըզ» ընկերութեան կազմակերպած խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ «Հորիքա» զբօսաշրջական 24-րդ ցուցահանդէսին մեկնարկը: Նախարար Կիտանեան ներկաները կոչեց նորին վսեմութիւն, մեծարգոյ եւ յարգալիր անձնաւորութիւններու վերաբերող բոլոր մակդիրներով, որովհետեւ անոնք, սննդեղէնի, ըմպելիներու եւ պանդոկներու բարձրորակ համերն ու ճաշակը ներկայացնելով, Լիբանանը կը մղեն զբօսաշրջական իր ասպարէզին գագաթնակէտին: Ան մաղթեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները իրենց կարգին...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պաալպէք-Հերմէլի ընտանիքներուն եւ ցեղախումբերուն խորհրդակցական հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, նաեւ` տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ իր գրաւը միշտ եղած է լիբանանցի ժողովուրդը եւ անոր հետ գործակցութիւնը` պայքարելու համար փտածութեան դէմ եւ զսպելու մսխումի աղբիւրները: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք...
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Մաժտի Ապտել Ղաֆարի հետ: Քննարկուեցան ապահովական մարզին վերաբերող գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս` ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորումներուն վտանգներուն դէմ պայքարելու առումով: Ապտել Ղաֆար ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքար մղելու եւ ահաբեկչութիւնը շրջափակելու անհրաժեշտութիւնը: Նախարարները հաստատեցին նաեւ ապահովական մարզին մէջ փորձառութիւնները բաժնեկցելու եւ տեղեկութիւններ փոխանակելու անհրաժեշտութիւնը`...
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական յանձնախումբի անդամ Ազզամ Ահմետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինի դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինեան գաղթակայաններուն վերաբերող հարցեր, յատկապէս Այն Հելուէի իրադարձութիւններն ու հոն գտնուող ապահովական ուժերուն վերակազմաւորումին վերաբերող խնդիրներ: Ապպաս Իպրահիմի այցելեց նաեւ Համասի քաղաքական գրասենեակի փոխնախագահ Մուսա Ապու Մարզուքը, որուն հետ քննարկեց միջպաղեստինեան հաշտութեան գոյացման...
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խախտեց Լիբանանի օդային սահմանները` թռիչքներ կատարելով եւ կեղծ յարձակումներ գործելով Հասպայայի, Արքուպի, Ռաշայայի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ երէկ ընդունեց Շուէյֆաթի ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներու մէկ պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը: Քննարկուեցան կենսոլորտային շարք մը հարցեր: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակման իմաստով բոլոր խոչընդոտները արդէն...
Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ նախանցեալ օր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ուղղուած էր Գահիրէ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի եգիպտացի պաշտօնակիցը` Շերիֆ Իսմայէլ: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ զանոնք աշխուժացնելու հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ դրական եւ շինիչ...
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ բացումը կատարեց «Փիւնիկեցիներու ուղին» խորագիրը կրող զբօսաշրջական-մշակութային ֆորումի տարեկան խորհրդաժողովին, Ռաուշէի «Լանքասթըր Փլազա» պանդոկին մէջ: Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան Եւրոպայի մէջ մշակութային ֆորումի տնօրէն, Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթիի, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք, Լիբանանի մէջ զբօսաշրջական հաստատութիւններու եւ սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար, զբօսաշրջական մարզի սենտիքաներու նախագահներ, զբօսաշրջական հիմնարկներու տնօրէններ եւ այս մարզին...
Լրագրողներու սենտիքայի նախկին նախագահ Մոհամետ Պաալպաքի երէկ կնքեց իր մահկանացուն, երկարամեայ տարիներու իր ծառայութենէն ետք: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւով գուժեց Մոհամետ Պաալպաքիի մահը, նշելով, որ Պաալպաքի Լիբանանի մէջ խօսքի ռահվիրաներէն մէկը եղած է: «Անոր խօսքերն ու գրութիւնները վառ պահած են արաբական իրաւունքի ջահը: Պաալպաքի եղած է ազգային-արաբական խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ տարբեր սերունդներու ներշնչման աղբիւր», նշեց նախագահ Աուն: Ան...
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ան վերահաստատեց ընտրական օրէնքի մշակման առաջնահերթութիւնը: Պըրրի հաստատեց, որ եթէ աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացնելու քայլը լիբանանցիներուն աղքատացումն է, ապա ընտրական օրէնքի մը շուրջ անհամաձայնութիւնը անձնասպանութիւն է: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի կոչ ուղղեց կառավարութեան իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու` ընտրական օրէնքին եւ աշխատավարձերու յաւելումին վերաբերող թղթածրարները վաւերացնելու առումով: Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ...
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ վարչապետ Շերիֆ Իսմայէլի, եգիպտացի պետական եւ բարձրաստիճեան անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ պիտի նախագահէ Լիբանանեան-եգիպտական գերագոյն խորհուրդի նիստին: Վարչապետ Հարիրի Գահիրէի մէջ դիմաւորուեցաւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին, եգիպտացի շարք մը նախարարներու, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի, ինչպէս նաեւ Գահիրէի մէջ լիբանանեան...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ ընտրական նոր օրէնքին վերաբերեալ քաղաքական ուժերուն միջեւ ընթացող խորհրդակցութիւններու մանրամասնութիւններուն: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պէտք է հիմնուած ըլլայ ժողովրդային ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն եւ քաղաքացիներուն ու համայնքներուն միջեւ հաւասարութիւն ապահովելու յատկանիշներուն վրայ: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան...
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան անցեալ շաբթուան խորհրդարանի լիագումար նիստերուն վերաբերող հարցեր: Նիստէն ետք երեսփոխան Անուար Խալիլ պլոքին անունով յայտարարեց, որ լիագումար նիստին ընթացքին օրինաթիւի խախտումը հիմնական երկու նպատակ ունէր: Անոնցմէ առաջինը կը միտէր չվաւերացնել աշխատավարձի յաւելումները, իսկ երկրորդը ընտրական օրէնքին գծով քաղաքական հաշիւներ մաքրելու նպատակ կը հետապնդէր: Խալիլ նշեց,...
Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան 41-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի...
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ողջունած է եւ շնորհաւորած բոլոր մայրերը` անոնց տօնին առիթով: Զօր. Աուն բարձր գնահատած է մայրերուն զոհողութիւնները: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի հաստատեց, որ հացին, պենզինին եւ ժողովուրդին տարրական պէտքերուն վրայ յաւելեալ ոչ մէկ տուրք պարտադրուած է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը շարունակէ ուղղուիլ դէպի նաւթի եւ բնական կազի...
2011/03/04 – 2014/12/31