Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ նախանցեալ օր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ուղղուած էր Գահիրէ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի եգիպտացի պաշտօնակիցը` Շերիֆ Իսմայէլ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ զանոնք աշխուժացնելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ դրական եւ շինիչ հանդիպում մը ունեցած է նախագահ Սիսիի հետ` ընդգծելով, որ Լիբանանի համար շրջանին մէջ Եգիպտոսի դերակատարութիւնն ու կշիռը յստակ է ու առանցքային, եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է անտեսել այդ իրականութիւնը:
«Այս իրականութենէն մեկնելով, մենք պէտք է երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդենք», հաստատեց Հարիրի:
Հարիրի նշեց, որ Սիսիի հետ քննարկած է նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները` նկատի ունենալով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թիւը:
Հարիրի մերժեց այն յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի տակ կ՛առնեն Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւնները` հաստատելով, որ մօտիկ ապագային զինք Ռիատի մէջ պիտի տեսնեն:
Հարիրի ընդգծեց, որ Սիսի յանձնառու է լիբանանեան-եգիպտական տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան աշխուժացման:
Հարիրի այցելեց նաեւ Ս. Մարկոսի տաճար, ուր ան ընդունուեցաւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Թէոդորոս Բ. պապին կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցան չափաւորականութեան, իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան, ինչպէս նաեւ համերաշխութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ազհարի հոգեւոր պետ շէյխ Ահմետ Մոհամետ Թայիպի հետ:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ հիմնականը հայրենիքն է, ուր կ՛ապրին քաղաքացիները: «Իսկ ուրիշը ընդունելու եւ յարգելու կարեւորութիւնը իր կարգին հիմնասիւն կը նկատուի հայրենիքներու եւ սերունդներու դաստիարակութեան իմաստով», հաստատեց ան:
ՆՇԵՆՔ, որ Հարիրի կառավարութիւնը հրաւիրեց ընթացիկ նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` ուրբաթ, 24 մարտին:
Ան հաստատեց, որ իր կառավարութիւնը լիբանանցիներուն եւ պետութեան միջեւ վստահութիւնը վերահաստատելու կառավարութիւնն է` աւելցնելով, որ կառավարութեան գործունէութիւնը միշտ թափանցիկ պիտի ըլլայ լիբանանցիներուն համար: