Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վստահ Եմ, Որ Պիտի Կարենանք Յանգիլ Բոլոր Լիբանանցիները Ներկայացնող Ընտրական Օրէնքի Մը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

March 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ աւարտեց Եգիպտոս կատարած իր այցելութիւնը` հանդիպում մը ունենալով եգիպտացի իր պաշտօնակից Շերիֆ Իսմայէլի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Նշենք, որ Հարիրիի եւ Իսմայէլի հանդիպումէն ետք անոնց միացան լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմող նախարարներն ու անոնց եգիպտացի պաշտօնակիցները, որոնք ստորագրեցին 16 համաձայնագիրներ, որոնց նպատակն էր երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել:

Այդ համաձայնագիրները կը վերաբերին պետական մարզին մէջ գործելու, քաղաքացիական ծառայութեան, անասնաբուժութեան, ապահովական, միջազգային ցուցահանդէսներու, առեւտրական, սպառողական շուկայի պաշտպանութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, մշակոյթի եւ կենսոլորտի, զբօսաշրջութեան, հնութիւններու եւ ճարտարարուեստի մարզերուն:

«Ուան Էյչ. Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի թեքնիք յետաձգումէն ետք:

Ան հաստատեց, որ այս իմաստով Լիբանանի մէջ կարիք կայ դրական մթնոլորտի:

«Մենք կը փորձենք լիբանանցիին եւ պետութեան միջեւ խզուած վստահութիւնը վերականգնել: Իսկ իբրեւ վարչապետ, ես պարտականութիւն կը զգամ երիտասարդներուն հետ խօսելու, նոյնիսկ երբ անոնք ընդվզած են, որովհետեւ ի վերջոյ ես ալ ժողովուրդին պաշտօնեան եմ», հաստատեց Հարիրի:

Ան ընդգծեց Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը տարբերի շրջանի արաբական միւս երկիրներէն` իբրեւ բազմազանութիւնը պահպանելու միտող եւ իսլամ- քրիստոնեայ համակեցութեան երկիր, այլ խօսքով` պատգամի երկիր ըլլալով:

Հարիրի նշեց, որ Հըզպալլայի հետ քաղաքական տարակարծութիւններ կան, աւելցնելով սակայն, որ իրենք համաձայնած են այդ տարակարծութիւնները մէկդի դնել եւ աշխատանքը շարունակել:

Հարիրի մերժեց այն յայտարարութիւնները, թէ Հըզպալլա արգիլած է ահաբեկչութեան Լիբանան մուտքը:

«Ամէն պարագային Դիմադրութեան հարցը Ազգային երկխօսութեան նիստին քննարկուելիք պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ», ըսաւ ան:

Լիբանան վերադարձին Հարիրի զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներուն հետ` Եգիպտոս կատարած իր այցելութիւնը դրական եւ արդիւնաբեր գնահատելով:

Հարիրի աւելցուց, որ ինք ուրախ է Լիբանան վերադարձով, որովհետեւ հոս կը տիրէ դրական մթնոլորտ` ընտրական օրէնք մը մշակելու առումով:

«Վստահ եմ, որ պիտի կարենանք յանգիլ բոլոր լիբանանցիները ներկայացնող ընտրական օրէնքի մը», հաստատեց Հարիրի:

Նախորդը

«Լիբանանը Զբօսաշրջական Գլխաւոր Երկիրներէն Է, Իսկ Զբօսաշրջութիւնը` Լիբանանի Գանձը» Հաստատեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Քոնկրեսականները Ներկայացուցած Են Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Մասին Բանաձեւ Մը` Կոչ Ուղղելով Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.