Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ վարչապետ Շերիֆ Իսմայէլի, եգիպտացի պետական եւ բարձրաստիճեան անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ պիտի նախագահէ Լիբանանեան-եգիպտական գերագոյն խորհուրդի նիստին:
Վարչապետ Հարիրի Գահիրէի մէջ դիմաւորուեցաւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին, եգիպտացի շարք մը նախարարներու, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի, ինչպէս նաեւ Գահիրէի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Անթուան Ազզամի եւ կարգ մը պաշտօնատարներու կողմէ:
Վարչապետ Հարիրիին ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեց փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ, երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի եւ վարչապետի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի:
Հարիրի. «Սէյիտ Նասրալլայի Հետ
Հանդիպելու Յարմար Պայմաններ Չկան»
Վարչապետ Հարիրի եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իր պատմութեան ընթացքին Լիբանան հսկայ տագնապներ ու փորձանքներ դիմագրաւած է, ինչպէս նաեւ ենթարկուած է իսրայէլեան ներխուժումի եւ պատերազմներու: Ան նշեց, որ լիբանանցիները քաղաքացիական պատերազմէն քաղած են դասեր եւ այդ պատճառով ալ անոնք համոզուած են, որ պատերազմի կրկնութիւնը անիմաստ է եւ կրնայ միայն քանդումներ պատճառել:
Լիբանանցիները համոզուած են, որ պատերազմը այս կամ այն քաղաքական ուժին կամ համայնքին յաղթանակ պիտի չկարենայ տրամադրել:
Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանցիներուն դիմագրաւած այդ տխուր փորձառութեան շնորհիւ Լիբանան չներքաշուեցաւ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներու եւ բախումներու մէջ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական որեւէ ուժ կամ կազմակերպութիւն չկրցաւ իր նպատակները իրագործել` Լիբանանը դարձեալ քանդելու իմաստով:
Հարիրի նշեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ քաղաքական լուրջ հարցեր եւ տագնապներ` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է:
Այս շրջագիծին մէջ Հարիրի նշեց, որ ապահովական առումով լիբանանցիներուն եւ եգիպտացիներուն միջեւ կայ գործակցութիւն եւ աշխատանքի համադրում` ահաբեկչութեան դէմ պայքար մղելու առումով:
Հարիրի ըսաւ, որ զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրելու իմաստով շատեր մերժած էին իր կեցուածքը եւ այդ առնչութեամբ վերապահութիւն յայտնած, սակայն ի վերջոյ համախոհութիւն գոյացած է եւ կարելի եղած զօր. Աունը ընտրել հանրապետութեան նախագահ, իսկ ինք նշանակուած է վարչապետ: «Անշուշտ այս պաշտօնները ստանձնելով հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կը զբաղին բոլոր լիբանանցիներուն հարցերով եւ պատասխանատու են բոլորին», ըսաւ ան:
Պատասխանելով Հըզպալլայի զէնքին մասին նախագահ Աունի կեցուածքներուն ակնարկող հարցումի մը` Հարիրի ըսաւ. «Մենք` իբրեւ քաղաքական հոսանք, Հըզպալլայի զէնքին մասին յստակ կեցուածք ունինք եւ կառչած կը մնանք այդ զէնքը մերժող մեր կեցուածքին, որովհետեւ մենք կը պահանջենք, որ զէնքը ըլլայ միայն լիբանանեան բանակին եւ պետութեան սեփականութիւնը: Ամէն պարագայի, այս թղթածրարին մասին լիբանանցիներուն տեսակէտներուն միջեւ կայ տարակարծութիւն»:
Ան մաղթեց, որ այդ հարցը կարելի ըլլայ լուծել Ազգային երկխօսութեան ընդմէջէն:
Հարիրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ իր եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպումի մը յարմար պայմաններ չկան:



