Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Հիմնելու Փտածութեան Դէմ Պայքարող Ազգային Խորհուրդ Մը

March 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան անցեալ շաբթուան խորհրդարանի լիագումար նիստերուն վերաբերող հարցեր:

Նիստէն ետք երեսփոխան Անուար Խալիլ պլոքին անունով յայտարարեց, որ լիագումար նիստին ընթացքին օրինաթիւի խախտումը հիմնական երկու նպատակ ունէր:

Անոնցմէ առաջինը կը միտէր չվաւերացնել աշխատավարձի յաւելումները, իսկ երկրորդը ընտրական օրէնքին գծով քաղաքական հաշիւներ մաքրելու նպատակ կը հետապնդէր:

Խալիլ նշեց, որ դրամատուներն ու ծովային կալուածներ ունեցող կողմերը կը խոչընդոտեն աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը` աւելցնելով, որ խորհրդարանը կառչած պիտի մնայ աշխատավարձի յաւելումները տրամադրելու, որովհետեւ անիկա բոլորին իրաւունքն է:

Խալիլ դիտել տուաւ, որ այդ յաւելումներուն համար ներդրում ապահովելու աշխատանքը կառավարութեան պարտականութիւնն է` դիտել տալով, որ ժողովուրդը` ի մասնաւորի համեստ դասակարգը պէտք է զերծ կացուցել յաւելեալ տուրքերէ:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը չմշակելը անձնասպանութեան համազօր է եւ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն`  ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին:

Փտածութեան դէմ պայքարի օրակարգով, պլոքը կոչ ուղղեց հիմնելու Փտածութեան դէմ պայքարող ազգային խորհուրդ մը, որուն մասին խորհրդարանը օրէնք  մշակած է 10 փետրուար 2017-ին եւ կարելի է գործադրել այդ օրէնքը պետական պաշտօնաթերթով հրապարակելէ ետք:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը անհրաժեշտ նկատեց հետեւելու Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան ջուրերուն ու տնտեսական շրջանին մէկ մասին տիրանալու փորձերուն:

Պլոքը կարեւոր նկատեց, որ Լիբանան եւ անոր կառավարութիւնն ու խորհրդարանը արթուն հսկեն լիբանանեան ջուրերուն եւ բնական հարստութիւններուն ու պահպանեն զայն իսրայէլեան ախորժակներէն:

Միւս կողմէ, Պըրրի իր այցելուներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը պէտք է հիմնուած ըլլայ համամասնական դրութեան վրայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի շօշափելի քայլերու դիմած է` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով: Իսկ «Ախպար» օրաթերթը կը գրէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ընտրական օրէնքի վերջին տարբերակին մասին Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի կեցուածքները նոյնն են:

Նոյն օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ ընդհանուր առմամբ այդ տարբերակին վերաբերեալ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի կեցուածքը դրական է, սակայն կան հիմնական նկատողութիւններ, որոնց նկատի առնուելով անիկա բարեփոխումի պէտք է ենթարկուի:

 

Նախորդը

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կը Շեշտեն Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Մշակելու Նպատակով Խորհրդակցութիւնները Շարունակելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շարունակեց Հետեւիլ Ընտրական Նոր Օրէնքին Վերաբերող Խորհրդակցութիւններուն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.