Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ան վերահաստատեց ընտրական օրէնքի մշակման առաջնահերթութիւնը:
Պըրրի հաստատեց, որ եթէ աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացնելու քայլը լիբանանցիներուն աղքատացումն է, ապա ընտրական օրէնքի մը շուրջ անհամաձայնութիւնը անձնասպանութիւն է:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի կոչ ուղղեց կառավարութեան իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու` ընտրական օրէնքին եւ աշխատավարձերու յաւելումին վերաբերող թղթածրարները վաւերացնելու առումով:
Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահը յառաջիկայ ապրիլին խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը թեքնիք կերպով յետաձգելու ճիգեր ի գործ պիտի դնէ: