Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Հրամանատարը Երկրին Ապահովական Իրավիճակն Ու Բանակին Կարիքները Քննարկեց Իր Այցելուներուն Հետ

March 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Ապպաս Իպրահիմ – Զօր. Ժոզեֆ Աուն

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որուն հետ քննարկեց բանակին կողմէ յանցագործները հետապնդելու իմաստով զինուորական հաստատութեան ձեռնարկած ընդարձակ արշաւը:

Հարիրի ընդգծեց բանակին եւ գաղտնի սպասարկութեան որդեգրած ապահովական միջոցառումները` Պեքաայի եւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ. այդ միջոցառումներուն շնորհիւ կարելի եղաւ ձերբակալել 2007-ին Զիատ Ղանտուրի ու Զիատ Քապալանի սպանութեամբ ամբաստանուած յանցագործները:

Հարիրի շեշտեց պետութեան եւ բանակին պատասխանատուութիւնը` պատժելու համար օրինազանցները, թմրեցուցիչի մաքսանենգներն ու երիտասարդները այդ վատ սովորութեամբ մոլորեցնողները:

Զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց բանակին եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:

Բանակի հրամանատարը ընդունեց նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած եւրոպական օժանդակութիւնները:

Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը եւ դեսպանատան զինուորական կցորդը:

Հանդիպումին ընթացքին ստորագրուեցաւ գերմանական իշխանութիւններուն կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութեան համաձայնագիրը:

Եարզէի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Ալեն Հաքիմ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, Անտոնեան միաբանութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ հայր Տաուտ Ռաայտիի:

ՆՇԵՆՔ, որ զօր. Աուն երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերրին, որուն հետ քննարկեց քաղաքացիական եւ զինուորական երկկողմանի գործակցութիւնը ընդարձակելու հեռանկարները:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Բազմամարդ Հանրահաւաքները` Թալինի Եւ Աշտարակի Մէջ

Յաջորդը

Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին Ընթացքին. Նախագահ Աուն Հանդիպում Մը Պիտի Ունենայ Կութիերեսի Հետ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.