Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական յանձնախումբի անդամ Ազզամ Ահմետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինի դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինեան գաղթակայաններուն վերաբերող հարցեր, յատկապէս Այն Հելուէի իրադարձութիւններն ու հոն գտնուող ապահովական ուժերուն վերակազմաւորումին վերաբերող խնդիրներ:
Ապպաս Իպրահիմի այցելեց նաեւ Համասի քաղաքական գրասենեակի փոխնախագահ Մուսա Ապու Մարզուքը, որուն հետ քննարկեց միջպաղեստինեան հաշտութեան գոյացման հեռանկարները: