Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տուրքեր Պարտադրելու Նպատակը Տնտեսական Կացութեան Բարելաւումն Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

March 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պաալպէք-Հերմէլի ընտանիքներուն եւ ցեղախումբերուն խորհրդակցական հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, նաեւ` տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ իր գրաւը միշտ եղած է լիբանանցի ժողովուրդը եւ անոր հետ գործակցութիւնը` պայքարելու համար փտածութեան դէմ եւ զսպելու մսխումի աղբիւրները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք ոչինչ պիտի խնայէ իրականացնելու համար իր երդման ճառը, ինչպէս նաեւ անկախութեան տօնին արտասանած իր կեցուածքները, հակառակ այն իրականութեան որ ներքին եւ արտաքին տագնապներ իրենց կշիռը կը պարտադրեն երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքին:

Նախագահ Աուն նշեց, որ ինք կառավարութեան եւ քաղաքական տարբեր ուժերու հետ կը գործակցի` տնտեսական առողջ ծրագիր մը պարտադրելու համար, ինչպէս նաեւ գործադրելու համար տնտեսական բարեկարգումի այնպիսի քայլեր, որոնք կը ջրեն 27 տարուան կուտակուած փտածութիւնն ու մսխումները:

Ան ըսաւ, որ տուրքերը մասնագիտացած ձեւով պարտադրուած են` աւելցնելով, որ այդ քայլին նպատակը տնտեսական կացութեան բարելաւումն է:

«Ես տուրքեր պարտադրելու քայլը չեմ արդարացներ եւ լաւ կը հասկնամ քաղաքացիներուն հակազդեցութիւնը, սակայն պէտք է ունենալ տնտեսական այնպիսի համակարգ, որուն հիման վրայ յստակ ըլլայ, թէ տուրքերու եկամուտը ո՞ւր կը հաւաքուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հարկ է անպայման բարելաւել պետական հաստատութիւններէն տուրքահաւաքի աշխատանքը, որպէսզի երկրին տնտեսական կացութիւնը ամրապնդուի:

Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ Լիբանան հայրենիքին իւրաքանչիւր շրջան իրենց համար հարազատ է եւ կարեւոր, «սակայն սահմանամերձ շրջաններու մէջ բարգաւաճումը անհրաժեշտ է, որպէսզի այդ շրջաններուն մէջ ապրող քաղաքացին լաւ ու ապահով զգայ, եւ ոչ թէ անտեսուած», ընդգծեց ան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենք կարիքն ունին վաւերացման կարգ մը հիմնական օրէնքներու, որոնցմէ է ընտրական օրէնքը, որուն ընդմէջէն ժողովուրդին կամքը պիտի կատարուի` ատակ անձնաւորութիւններ պաշտօններու հասցնելով:

 

Նախորդը

Մաշնուք Եւ Իր Եգիպտացի Պաշտօնակիցը Ընդգծեցին Երկկողմանի Գործակցութեան Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

«Լիբանանը Զբօսաշրջական Գլխաւոր Երկիրներէն Է, Իսկ Զբօսաշրջութիւնը` Լիբանանի Գանձը» Հաստատեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.