Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խախտեց Լիբանանի օդային սահմանները` թռիչքներ կատարելով եւ կեղծ յարձակումներ գործելով Հասպայայի, Արքուպի, Ռաշայայի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ երէկ ընդունեց Շուէյֆաթի ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներու մէկ պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը: Քննարկուեցան կենսոլորտային շարք մը հարցեր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակման իմաստով բոլոր խոչընդոտները արդէն իսկ չքացած են:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ: Ժեմայէլ շնորհաւորեց շէյխ Քապալանը, անոր ընտրութեան առիթով: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ ընտրական ճշգրիտ օրէնքի մը յանգելու կարեւորութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի Մընիէ կատարած այցելութեան ընթացքին շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը համաձայն պիտի չգտնուի այնպիսի ընտրական օրէնքի մը, որ իր շահերուն վնաս կը հասցնէ: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իրենց դաշինքը ամուր է:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ Լիբանան Եւրոպական Միութեան բոլոր երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւններուն կառչած պիտի մնայ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի շեշտեց, որ առանց ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնելու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան որեւէ երկարաձգում, թեքնիք երկարաձգում չի նկատուիր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նապիլ տը Ֆրէյժ նշեց, որ ընտրական որեւէ օրէնք մը վաւերացնելու պարագային, խորհրդարանին թեքնիք երկարաձգումը հաւանական է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ ոչինչ կրնայ արգիլել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ հանդիպումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ Իսրայէլի դէմ Լիբանան կառչած կը մնայ իր տնտեսական շրջանին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ երկրին պետութեան դիմագրաւած հսկայ հարցերուն պատճառով իրենք տարբեր տեսակի տագնապներ կը դիմագրաւեն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացնող բոլոր պատասխանատուները նկատեց սուտասաններ, հաստատելով, որ յաւելումները ֆինանսաւորելու յղացքը ինքնին սուտ մըն է:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ տեղակայուած իր ուժերը վերադասաւորումի չէ ենթարկած, եւ ոչ ալ այդ ուժերը մօտեցուցած է դէպի լիբանանեան սահմանամերձ շրջաններ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկած քաղաքական ելքը երկրին քաղաքական ուժերուն զօրակցութեան արժանացած է, եւ իբրեւ այդպիսին կրնայ նպաստել երկրին քաղաքական տագնապի լուծման:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կ՛ուղղուի խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը չորսէն վեց ամսուան թեքնիք յետաձգումի ենթարկելու:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդգծած է ընտրական օրէնքին շուրջ գոյացուելիք համաձայնութեան կարեւորութիւնը:

ԸՍՏ «Տիար»-ի վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումները պիտի բազմապատկուին` լուծելու համար երեսփոխանական ընտրութեան հոլովոյթին սպառնացող թնճուկները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի լաւատես է աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը վաւերացնելու իմաստով: Նոյն օրաթերթը հաւանական կը նկատէ մօտիկ ապագային ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Էրտողանի Յայտարարութեան Հարցով Կանչած Է Թուրքիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Իպրահիմ Պաղեստինցի Պատասխանատուներու Հետ Քննարկեց Գաղթակայաններուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.