Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յանձնառու Կը Մնանք Լիբանանի Գեղեցիկ Պատկերի Ներկայացման» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Մարտ 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ բացումը կատարեց «Փիւնիկեցիներու ուղին» խորագիրը կրող զբօսաշրջական-մշակութային ֆորումի տարեկան խորհրդաժողովին, Ռաուշէի «Լանքասթըր Փլազա» պանդոկին մէջ:

Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան Եւրոպայի մէջ մշակութային ֆորումի տնօրէն, Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթիի, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք, Լիբանանի մէջ զբօսաշրջական հաստատութիւններու եւ սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար, զբօսաշրջական մարզի սենտիքաներու նախագահներ, զբօսաշրջական հիմնարկներու տնօրէններ եւ այս մարզին առնչուող ներկայացուցիչներ:

Այս առիթով, նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ «Փիւնիկեցիներու ուղի»-ին` հաստատելով, որ անիկա զուգադիպութիւն մը չէ, որովհետեւ փիւնիկեցիները ներկայ եղած են Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս` Լիբանանի: Ան լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մէջ գտնուող փիւնիկեան մշակութային հարստութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ, Ա. Կիտանեան ակնարկեց նախորդ շաբաթներուն փիւնիկեան նաւու մը մեկնարկը կատարելու նախաձեռնութեան` նշելով, որ լիբանանեան ջուրերէն փիւնիկեան այդ նաւուն սկսած շրջապտոյտը պիտի հասնի մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, փաստելու համար, որ փիւնիկեցիները բացայայտած են Մ. Նահանգները` Քոլոմպոսէն առաջ:

«Այս նախաձեռնութեամբ մենք կ՛ուզենք փաստել նաեւ, որ Լիբանան ձեռարուեստի, մշակոյթի, տարբեր քաղաքակրթութիւններու, համայնքներու եւ յարանուանութիւններու հանդիպման վայրն է, ինչպէս նաեւ` տարբեր մարզերու մեկնակէտը», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան ողջունեց Լիբանանի պատմութեան եւ աւանդներուն տէր կանգնող զբօսաշրջական բոլոր միութիւնները: «Ճիշդ է, որ «Արեւելքի Փարիզ» ու «Արեւելքի փարոս» յորջորջումէն ետք, Լիբանան դիմագրաւեց զանազան տագնապներ, որոնց պատճառով զբօսաշրջական մարզը անտեսուած է, բայց եւ այնպէս նախագահական նոր նստաշրջանի սկիզբով, լաւատեսութեամբ եւ յոյսի ներշնչումով` դրական ներուժ կը փորձենք ներարկել կառավարութեան, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատինք փաստելու, որ Լիբանան կրնայ վերականգնիլ եւ իր ուսերէն թօթափել անցեալի փոշին, վերատիրանալով զբօսաշրջական իր հարուստ փորձառութեան», ընդգծեց Ա. Կիտանեան:

Զբօսաշրջութեան նախարարը շեշտեց, որ եթէ Լիբանան զբօսաշրջական առումով կարենայ զարթօնք մը ապրիլ, ապա երկրին մէջ կարելի է իրականացնել տնտեսական զարթօնք մը: «Իբրեւ նախարար, իմ պաշտօնս է հաստատել, որ Լիբանան զբօսաշրջիկներուն անտեսումին արժանի երկիր մը չէ այլեւս, որովհետեւ ան քաղաքական ու ապահովական կայունութիւն կը վայելէ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կրնայ հիւրընկալել», աւելցուց նախարար Կիտանեան:

Ան նշեց, որ Դիմատետրի յատուկ էջեր ունեցող քաղաքացիները, ընկերային ցանցին աշխուժ մասնակցութիւն բերողներն ու լրատուամիջոցի մը ընդմէջէն քարոզչութիւն կատարելու առիթ ունեցողները պէտք է քաջատեղեակ ըլլան, որ մէկ պատգամ ունին փոխանցելիք: «Պատգամը այն է, որ Լիբանան վերադարձած է իր նախկին լաւ օրերուն», հաստատեց նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի դէմ հակաքարոզչութիւն կատարողները իրենց երկիրը չեն սիրեր եւ ապազգային մօտեցում կը ցուցաբերեն` Լիբանանին վնաս հասցնելով: «Հայրենասէրը կը նմանի այն մարդուն, որ կը սիրէ իր ընտանիքը, որովհետեւ ո՛վ որ կը սիրէ իր ընտանիքը, անոր գաղտնիքները չի սպրդեցներ: Մենք յանձնառու կը մնանք Լիբանանի գեղեցիկ պատկերը, փորձառութիւնը, մշակոյթն ու զբօսաշրջութիւնը ներկայացնելու: Մենք կեանքը սիրող երկիր ենք», եզրափակեց Ա. Կիտանեան:

 

Նախորդը

Մոհամետ Պաալպաքի Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Եւ Սիսի Ընդգծեցին Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?