Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոհամետ Պաալպաքի Ոչ Եւս Է

March 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լրագրողներու սենտիքայի նախկին նախագահ Մոհամետ Պաալպաքի երէկ կնքեց իր մահկանացուն, երկարամեայ տարիներու իր ծառայութենէն ետք:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւով գուժեց Մոհամետ Պաալպաքիի մահը, նշելով, որ Պաալպաքի Լիբանանի մէջ խօսքի ռահվիրաներէն մէկը եղած է: «Անոր խօսքերն ու գրութիւնները վառ պահած են արաբական իրաւունքի ջահը: Պաալպաքի եղած է ազգային-արաբական խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ տարբեր սերունդներու ներշնչման աղբիւր», նշեց նախագահ Աուն:

Ան հաստատեց, որ Պաալպաքիի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ, աւելցնելով, որ Պաալպաքիի ներկայութիւնը լիբանանեան տեղեկատուութեան խղճին ու յիշողութեան մէջ իրենց համար մխիթարութիւն պիտի ըլլայ:

Նախագահ Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց Պաալպաքիի ընտանիքին եւ բարեկամներուն:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի գուժեց Պաալպաքիի մահը հաստատելով, որ Լիբանան կորսնցուցած է իր վաստակաւոր լրագրող դէմքերէն մէկը, որ Լիբանանի արդի պատմութեան տեղեկատուական յիշողութիւնը կը նկատուէր:

Ան բարձր գնահատեց Պաալպաքիի վաստակն ու անոր յանդուգն կեցուածքները, որոնք միջազգային իմաստով իրենց արձագանգները ձգած են: Ռիաշի նշեց նաեւ, որ Պաալպաքի արդարութեան եւ իրաւունքի պաշտպանն էր ու ջատագովը, աւելցնելով, որ ան միշտ կը պաշտպանէր լրագրողներուն իրաւունքները:

Լրագրողներու սենտիքայի ներկայ նախագահ Աունի Քաաքի գուժեց Պաալպաքիի մահը, շեշտելով, որ անոր մահով Լիբանան կորսնցուց վեհ լրագրող մը, որ համակ նուիրումով եղած է տեղեկատուութեան մարզին մէջ, ծառայած լրագրութեան ասպարէզին, պաշտպանած լրագրողներուն իրաւունքները, ինչպէս նաեւ լրագրութեան մարզին ազատութիւնը:

Պաալպաքիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 24 մարտին, Պասթա Թահթայի մզկիթին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պաշուրայի գերեզմանատունը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Կը Վերահաստատէ Ընտրական Օրէնքի Մշակման Առաջնահերթութիւնը

Յաջորդը

«Յանձնառու Կը Մնանք Լիբանանի Գեղեցիկ Պատկերի Ներկայացման» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.