Վարչապետ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգ Իշխանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները
Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ նախանցեալ օր Արաբական լիկայի վեհաժողովէն ետք Յորդանանէն թագաւորական օդանաւով մեկնած էր Ռիատ, հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան, պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնն ու Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը: Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, այդ հանդիպումը տեւած է չորսուկէս ժամ, որուն ընթացքին որոշուած...



















