Լիբանանեան

Լիբանան Կատարած Իր Կարճատեւ  Այցելութեան Ընթացքին.  Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը  Տեսակցեցաւ Վարչապետ Հարիրիի Հետ

Լիբանան Կատարած Իր Կարճատեւ Այցելութեան Ընթացքին. Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը Տեսակցեցաւ Վարչապետ Հարիրիի Հետ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ընդունեց ամերիկեան ծերակոյտէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ծագումով լիբանանցի քոնկրեսական Տարիլ Իսայի: Պատուիրակութիւնը, որ դէպի Յորդանան իր մեկնումի ճամբուն վրայ քանի մը ժամով այցելած էր Լիբանան, վարչապետ Հարիրիի հետ խորհրդակցեցաւ շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի վերջին իրադարձութեանց եւ երկկողմանի յարաբերութեանց շուրջ: Հանդիպումին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ եւ Հարիրիի տնտեսական հարցերու խորհրդական Մազեն Հաննա:

Նախարար Աւետիս Կիտանեան Շարունակեց  Ցաւակցութիւններ Ընդունիլ

Նախարար Աւետիս Կիտանեան Շարունակեց Ցաւակցութիւններ Ընդունիլ

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի մօր` Պերճուհի Կիտանեանի մահուան սուգին առիթով, շաբաթավերջին ցաւակցութիւնները շարունակուեցան: Նախարար Կիտանեանին անձամբ ցաւակցեցան երեսփոխաններ Միշել Մըր, Ուալիտ Խուրի, Սեպուհ Գալփաքեան, Սերժ Թուրսարգիսեան, Շանթ Չինչինեան, Նատիմ Ժեմայէլ, Նաժի Ղարիոս, նախկին նախարարներ Աբրահամ Տէտէեան, Նուրիճան Տեմիրճեան, Նիքոլա Սահնաուի եւ Քարիմ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքապետներ: Նախարար Կիտանեան ցաւակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամէն, երեսփոխան Անուար...

Զօրավար Ժոզէֆ Աունի Հետ  Իր Առաջին Հանդիպումին.  Բրիտանիոյ Դեսպանը Դրուատեց Բանակին  Գործունէութիւնը` Ընդգծելով, Որ «Սահմաններուն  Եօթանասուն Առ Հարիւրը Ապահով Է»

Զօրավար Ժոզէֆ Աունի Հետ Իր Առաջին Հանդիպումին. Բրիտանիոյ Դեսպանը Դրուատեց Բանակին Գործունէութիւնը` Ընդգծելով, Որ «Սահմաններուն Եօթանասուն Առ Հարիւրը Ապահով Է»

Լիբանանի ցամաքային սահմաններու եւ յատկապէս բանակայիններու զինավարժութեան գծով միացեալ ճիգերու ծիրին մէջ, բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Ժոզէֆ Աուն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտի եւ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի հետ` ներկայութեամբ զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներու: Այս առիթով բրիտանական դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ դեսպան Շորթըր զօրավար Ժոզէֆ Աունի հետ վերանորոգած է 2013-ի կնքուած միացեալ յանձնառութիւնը, ըստ որուն, բրիտանական...

«Հայութիւնը Կը Գուրգուրայ Եւ Յանձնառու Է  Լիբանանի Շահերուն, Իսկ Ընտրական  Նոր Օրէնք Մը Կարելի Պիտի Ըլլայ Վաւերացնել  Միայն Բոլորին Համաձայնութեամբ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Հայութիւնը Կը Գուրգուրայ Եւ Յանձնառու Է Լիբանանի Շահերուն, Իսկ Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Կարելի Պիտի Ըլլայ Վաւերացնել Միայն Բոլորին Համաձայնութեամբ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի ընտրական օրէնքներուն եւ յայտնեց, որ եթէ 1957-ի Քամիլ Շամունի, 1960-ի Ֆուատ Շեհապի, Ղազի Քանաանի եւ Տոհայի, այլ խօսքով` 1960-ի կեղծուած ընտրական օրէնքները կը փաստեն, որ մենք ոչ մէկ ատեն կրցած ենք մշակել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ կը համապատասխանէ լիբանանցի քաղաքացիին,...

Ապահովական Դէպքերը Գերակշռեցին  Ծաղկազարդի Տօնական Մթնոլորտին

Ապահովական Դէպքերը Գերակշռեցին Ծաղկազարդի Տօնական Մթնոլորտին

Հակառակ մարդիկը, յատկապէս` մանուկները ուրախացնելու կոչուած Ծաղկազարդի տօնին, երէկ ապահովական մահասփիւռ դէպքերը իրենց ահաւոր աւերներով գերակշռեցին երկրի ընդհանուր մթնոլորտին վրայ` առանցքը կազմելով կողմերու եւ ղեկավարներու խորհրդակցութեանց: Արդարեւ, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի Եգիպտոս այցելութենէն քսան օր առաջ Գահիրէի հիւսիսը` Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ ղպտիներու եկեղեցիներուն մէջ երէկ պատահած զոյգ պայթումները ընդվզումի եւ դատապարտումի լայն ալիք բարձրացուցին: Այս առիթով նախագահ Միշել Աուն ցաւակցական զոյգ...

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը, Նախարարներ,  Երեսփոխաններ Եւ Պատասխանատուներ Կը Ցաւակցին Զբօսաշրջութեան Նախարարին

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը, Նախարարներ, Երեսփոխաններ Եւ Պատասխանատուներ Կը Ցաւակցին Զբօսաշրջութեան Նախարարին

Անցեալ շաբթուան ընթացքին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի մայրը` Պերճուհի Կիտանեան մահացաւ: Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը ներկայացուց փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի. յուղարկաւորութեան մասնակցեցան նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Կապի Լայեուն, պաշտպանութեան նախարար...

Նախագահ Աունի Լաւատեսութեան Առընթեր.  Այն Հելուէի Ապահովական Վատթարացումը Փորձաքարի Կ՛ենթարկէ Աունի Իշխանութիւնը

Փորձելով Կանխել Շաբաթավերջի Ժամկէտին Նախատեսուող Սահմանադրական Քաոսը` Նախագահ Միշել Աուն Այսօր Կը Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Շաբաթ, 15 ապրիլին աւարտող սահմանադրական ժամկէտը եւ անոր բացասական հետեւանքները կանխելու միտումով, կառավարութիւնը այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նիստ մը պիտի գումարէ` գլխաւորութեամբ նախագահ Միշել Աունի: Կառավարութեան այս նիստին գլխաւոր օրակարգը պիտի ըլլայ ընտրական օրէնքը, որուն շուրջ յստակ տարակարծութիւն կը տիրէ քաղաքական տարբեր կողմերու, նոյնիսկ դաշնակից ուժերու միջեւ: Առ այդ, շաբաթավերջին քուլիսային թէ բացայայտ խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան` համախոհական տարազի մը առաջադրանքով...

Կառավարութեան Հաշուետուութեան  Խորհրդարանի Նստաշրջանին Առընթեր.  Հայեացքները Սեւեռած Են Կառավարութեան  Երկուշաբթի Օրուան Նիստին Ուղղութեամբ

Կառավարութեան Հաշուետուութեան Խորհրդարանի Նստաշրջանին Առընթեր. Հայեացքները Սեւեռած Են Կառավարութեան Երկուշաբթի Օրուան Նիստին Ուղղութեամբ

Երկրի ժողովրդային թէ պաշտօնական քաղաքական, ընկերային շրջանակներու եւ յատկապէս պահանջատէր քաղաքացիներու հայեացքները սեւեռած են յառաջիկայ երկուշաբթի նախատեսուող կառավարութեան նիստին, ուր խորհրդակցութեանց կիզակէտը պիտի կազմէ ընտրական օրէնքին «ճակատագիրը»: Արդարեւ, առաւելաբար վերջին ամիսներուն վերստին սեղանի վրայ արծարծուելով հրատապ հարց դարձած յառաջիկայ խորհրդարանի բնոյթն ու կազմաւորումը ձեւաւորելու կոչուած ընտրական օրակարգը խնդրայարոյց բանավէճի նիւթ դարձած էր քաղաքական զանազան կողմերու միջեւ: Բանավէճ, որ խորքին մէջ...

Անդրադառնալով Սուրիոյ Դէմ  Ամերիկեան Յարձակումին`    «Լիբանան Կը Դատապարտէ Մահասփիւռ Աւերիչ  Զէնքերու Գործածութիւնը,  Որ Կողմէն Ալ Ըլլայ Անիկա»  Յայտարարեց Նախագահ Միշէլ Աուն

Անդրադառնալով Սուրիոյ Դէմ Ամերիկեան Յարձակումին` «Լիբանան Կը Դատապարտէ Մահասփիւռ Աւերիչ Զէնքերու Գործածութիւնը, Որ Կողմէն Ալ Ըլլայ Անիկա» Յայտարարեց Նախագահ Միշէլ Աուն

«Լիբանան կը դատապարտէ եւ կը մերժէ աւերիչ զէնքերու գործածութիւնը եւ այս գծով ստորագրած է այդ զէնքերու գործածութիւնը արգիլող համաձայնագիրներ եւ դաշինքներ», հաստատեց նախագահ Միշել Աուն երէկ իր այցելուներուն հետ ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին: Այս առիթով նախագահ Աուն կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` ստիպելու Իսրայէլն ու բոլոր այն երկիրները, որոնք չեն ստորագրած այդ համաձայնագիրները, կիրարկելու անոնց տրամադրութիւնները եւ ենթարկուելու անոնց որոշումներուն: Նախագահ Աուն,...

Այն Հելուէի Մէջ  Բախումները Վերսկսան

Այն Հելուէի Մէջ Բախումները Վերսկսան

Երէկ անակնկալօրէն զինեալ բախումները վերսկսան Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ: Ապահովական միացեալ ուժերու եւ «Պիլալ Պատըր» արմատական խմբակին միջեւ ծայր առաջ բախումներուն զոհ գնաց ապահովական միացեալ ուժերէն Մուսա Խարպիթի: Իսկ ուշ գիշերին վիրաւորներուն թիւը բարձրացաւ 9-ի: Բախումները ծագած էին գլխաւորաբար ապահովական միացեալ ուժերու գաղթակայանին մէջ տեղակայումը մերժող «Պիլալ Պատըր» խմբակի ընդդիմութեան պատճառով: Շրջանի պատկան պատասխանատուները միջամտեցին առնչակից կողմերուն հետ...

Լիբանանի Մէջ Գումարուեցաւ Մանուկներու  Քաղցկեղի Ընդհանուր Իրազեկման  Նուիրուած Առաջին Համագումարը

Լիբանանի Մէջ Գումարուեցաւ Մանուկներու Քաղցկեղի Ընդհանուր Իրազեկման Նուիրուած Առաջին Համագումարը

Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշել Աունի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ նախագահի ներկայացուցիչ` փոխվարչապետ եւ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի, երէկ` ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկագիտական կեդրոնի «Իսամ Ֆարես» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մանուկներու քաղցկեղի ընդհանուր իրազեկման նուիրուած իր տեսակին մէջ առաջին համագումարը, որ կազմակերպուած էր Մանուկներու քաղցկեղի Լիբանանի կեդրոնին կողմէ` իր հիմնադրութեան 15-ամեակին առիթով, մասնակցութեամբ Լիբանանի ու շրջանի երկիրներէն...

Լիբանաեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու բաժանմունքը երէկ` ուրբաթ, այգաբացին ձերբակալեցին երկու անձեր, որոնք կը փորձէին ինքնաշարժ գողնալ Պէյրութի արեւելեան արուարձաններու մէկ մայրուղիին վրայ, Զալքայի մէջ: Փոխադարձ կրակոցի պատճառով աւազակներ  Ա. Զ. եւ Ա. Մ. վիրաւորուեցան եւ ձերբակալուեցան: ԺԱՌԱՆԳԻ  պատճառով ծագած վէճի մը իբրեւ հետեւանք երիտասարդ մը սպաննած է իր եղբայրն ու վիրաւորած հայրը` Պապելիէի շրջանին մէջ: Ապա յանցագործը սպասած է ապահովական ուժերուն...

Սահմանադրական Եւ Յարակից Հոլովոյթներու Բնականոնացման Ճամբուն Վրայ.  Խորհրդարանը Սկսաւ Կառավարութեան Հաշուետուութեան Եւ Գործունէութեան  Քննարկման Նստաշրջանին

Սահմանադրական Եւ Յարակից Հոլովոյթներու Բնականոնացման Ճամբուն Վրայ. Խորհրդարանը Սկսաւ Կառավարութեան Հաշուետուութեան Եւ Գործունէութեան Քննարկման Նստաշրջանին

Երկրի ղեկավար մարմինները լծուած են անդուլ աշխատանքի` սահմանադրական թէ յարակից առկախ հոլովոյթները իրենց բնականոն հունին վերադարձնելու միտումով, եւ այս` պահպանելու համար վարչամեքենայի օրինականութիւնը: Այս ծիրին մէջ ապահովական կառոյցները առաւել եւս շեշտած են իրենց վճռականութիւնը` անդորրութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գծով, թէկուզեւ երբեմն անոնք շատ «սուղ» կ՛արժեն` խլելով երկրին ծառայելու պատրաստ անձնուրաց տարրեր: Այս դիտանկիւնէն կարելի է դիտել վերջերս ապահովական ուժերու խստապահանջ...

Նախագահ Աուն Կը Շեշտէ Ըստ Անհատական Ունակութեան Եւ Ոչ Թէ Պատկանելիութեան  Նշանակելու Պաշտօններու  Ներկայացող Թեկնածուները

Նախագահ Աուն Կը Շեշտէ Ըստ Անհատական Ունակութեան Եւ Ոչ Թէ Պատկանելիութեան Նշանակելու Պաշտօններու Ներկայացող Թեկնածուները

Երկրին մէջ փտածութեան, կաշառակերութեան, խնամիական միջամտութեանց ախտավարակ երեւոյթները վարչակարգէն թօթափելու առաջադրանքով, նախագահ Միշել Աուն երէկ վերահաստատեց այս առնչութեամբ իր վճռակամութիւնը: Նախագահը շեշտեց, որ վարչամեքենայի զանազան մարզերուն մէջ ներկայացող պաշտօններու թեկնածուները կամ նշանակումները պէտք է կատարուին ըստ տուեալ թեկնածուի անհատական կարողութիւններուն եւ ունակութեան եւ ոչ թէ անոր պատկանելիութեան հիմամբ կամ «վերին» մարմիններու միջամտութեան բերումով: Նախագահ Աուն իր այս խօսքերը շեշտեց յատկապէս...

Լիբանանի Սահմանադրական Ընկերային  Եւ Ապահովական Իրավիճակի Լոյսին Տակ Լիբանանցի Վարիչներ Ահազանգ Կը Հնչեցնեն

Լիբանանի Սահմանադրական Ընկերային Եւ Ապահովական Իրավիճակի Լոյսին Տակ Լիբանանցի Վարիչներ Ահազանգ Կը Հնչեցնեն

Կառավարութեան գործունէութեան հաշուետուութեան յատկացուած խորհրդարանական նստաշրջանի նախօրեակին, երկրին վարիչներ ահազանգ հնչեցուցին երէկ` պահանջելով փութալ գործնական լուծումներու, երկիրը դատարկութեան եւ անոր հետեւանքներէն փրկելու առաջադրանքով: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ նախագահ Աուն կառչած կը մնայ իր «երեք ոչ»-երուն` ընտրութիւններու յետաձգման, երկարաձգման եւ 1960-ի օրէնքի որդեգրման գծով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեսփոխաններու հետ իր չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց փութալու գործնական լուծումներու`...

Պերճ Հաճէթեան` Աշխարհի Հարիւր  Լիբանանցի Անձնաւորութիւններէն Մէկը

Պերճ Հաճէթեան` Աշխարհի Հարիւր Լիբանանցի Անձնաւորութիւններէն Մէկը

Կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն, դոկտ. Պերճ Հաճէթեանի անունը նշուած է «Աշխարհասփիւռ 100 լիբանանցի ազդեցիկ անձնաւորութիւններ» խորագիրը կրող անգլիատառ գիրքին մէջ: Գիրքին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ վերջերս Պէյրութի մէկ պանդոկին մէջ` ներկայութեամբ գիրքին մէջ նշուած կարգ մը անձնաւորութիւններուն: Առաջին անգամ ըլլալով, լիբանանահայ Պերճ Հաճէթեան նշուեցաւ նման անուանացանկի կողքին իր իւրայատուկ բացայայտումներուն եւ իրագործումներուն համար` կենսոլորտի մարզին մէջ: Դոկտ. Հաճէթեան վկայուած է Բրիտանիոյ Նիւ...

Իրենց Ամսական Հերթական  Ժողովի Ընթացքին.  Մարոնի Եպիսկոպոսները Պահանջեցին  Արդար Ներկայացուցչութիւն  Ապահովող Ընտրական Օրէնքի Մշակումը

Իրենց Ամսական Հերթական Ժողովի Ընթացքին. Մարոնի Եպիսկոպոսները Պահանջեցին Արդար Ներկայացուցչութիւն Ապահովող Ընտրական Օրէնքի Մշակումը

Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութեան գալ, նախքան որ «ուշ ըլլայ»: Ամսական հերթական իրենց նիստի աւարտին հաղորդագրութեամբ մը Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը դրուատեց նախագահ Աունի ցուցաբերած ազգային կեցուածքները: Հաղորդագրութիւնը նաեւ ողջունեց երկար բացակայութենէ ետք կառավարութեան որդեգրած պետական ամավարկի նախագիծը: Ժողովականները նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեցին խորհրդարանի այսօրուան նիստին իմաստը, ուր պիտի քննարկուին լիբանանցիներու ապրուստին առնչուող տարրական պահանջներ:...

Լիբանան-Պուլկարիա Առեւտրական  Գործարարներու Խորհուրդի  Գործունէութեան Սկիզբ Տրուեցաւ

Լիբանան-Պուլկարիա Առեւտրական Գործարարներու Խորհուրդի Գործունէութեան Սկիզբ Տրուեցաւ

Լիբանանի եւ Պուլկարիոյ միջեւ գործարարներու խորհուրդին ստեղծման մեկնարկը կատարուեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2017-ի կէսօրին, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատին մէջ, Համրա, ներկայութեամբ նշեալ պալատի նախագահ Մոհամետ Շուքէյրի, ճարտարարուեստի նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, սուրիահայ գործարարներու ղեկավար դէմքերէն Լեւոն Զեքի Ետալեանի, Պուլկարիոյ դեսպան Փեթքով Տիմիթրովի, Լիբանանեւպուլկարական գործարարներու խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Ալաէտտինի, փոխնախագահ Սարգիս Պուտագեանի եւ այլ լիբանանցի թէ պուլկարացի...

Ներքին Ապահովութեան Ուժեր Նոր Զոհ Մը Տուին  Գողութեան Կանխարգիլման  Իրենց Պարտականութեան Ընթացքին

Ներքին Ապահովութեան Ուժեր Նոր Զոհ Մը Տուին Գողութեան Կանխարգիլման Իրենց Պարտականութեան Ընթացքին

Ինքնաշարժներու եւ առհասարակ գողութեան դէմ Լիբանանի պատկան ուժերու ձեռնարկած հետապնդման գործողութիւններուն ծիրին մէջ, տակաւին 48 ժամ չանցած ներքին ապահովութեան ուժերու տասնապետ Շատի Հաժի զոհուելէն, երէկ նոր զոհ մը եւս աւելցաւ: Արդարեւ, ներքին ապահովութեան ուժերու պատկան ջոկատէն Աֆիֆ Ժաաֆար երէկ զոհուեցաւ պարտականութեան ճամբուն վրայ, երբ կը փորձէր ձերբակալել աւազակ մը: Դէպքին մանրամասնութեանց մէջ, երբ ապահովական ուժեր իմանալով բջիջային վաճառատան մը կողոպուտին...

Աւետելով, Որ Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու  Համագումար Տեղի Պիտի Ունենայ Պէյրութի Մէջ.  «Արաբ Երկիրները Պատրաստակամ Են  Օգնելու Լիբանանին»  Յայտարարեց Նախարար Նուհատ Մաշնուք

Աւետելով, Որ Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու Համագումար Տեղի Պիտի Ունենայ Պէյրութի Մէջ. «Արաբ Երկիրները Պատրաստակամ Են Օգնելու Լիբանանին» Յայտարարեց Նախարար Նուհատ Մաշնուք

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ արաբ վեհապետներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, յատկապէս` ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:  Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին, Թունուզի նախագահին եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ իր հանդիպումներու  աւարտին նախարար Մաշնուք լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ, թէ արաբական երկիրներ պատրաստակամ են ընդառաջելու Լիբանանի կոչերուն եւ օժանդակելու երկրի մարտահրաւէրներու դիմագրաւման: Մաշնուք միւս...

Page 746 of 986 1 … 745 746 747 … 986

Արխիւներ