Լիբանանեան

Սարրաֆ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց  Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

Սարրաֆ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնն ու լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Սարրաֆի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քարամէ ընդգծեց լիբանանցիներուն պարտաւորութիւնը` լիբանանեան պետութեան եւ Լիբանանի պաշտպանութեան շուրջ համախմբուելու: Պաշտպանութեան նախարարին այցելուներէն եղան նաեւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 25 ապրիլ 2017-ին: Նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ պիտի զեկուցէ 2017-ի պետական պիւտճէի ծրագիրին մասին եւ տեղի պիտի ունենայ միտքերու փոխանակում: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակը քաղաքական եւ համայնքային խառնուրդ մը...

Տօնական Արձակուրդէն Ետք  Եւ 15 Մայիսի Ժամկէտին Ընդառաջ.  Ընտրական Օրէնքը` Դարձեալ Քննարկման Առանցքային Նիւթ

Տօնական Արձակուրդէն Ետք Եւ 15 Մայիսի Ժամկէտին Ընդառաջ. Ընտրական Օրէնքը` Դարձեալ Քննարկման Առանցքային Նիւթ

Ս. Զատկուան եւ յարակից տօներու արձակուրդէն ետք, երէկ քաղաքական թէ կուսակցական շրջանակներու խորհրդակցութիւնները կրկին կեդրոնացան ընտրական օրէնքի հրատապ հարցին վրայ: Յոռետեսներ մտավախութիւն յայտնեցին, թէ խօսակցութիւնները լուրջ բնոյթ չունին եւ եղածը ժամանակի կորուստ է: Անոնք անհաւանական չնկատեցին «1960-ի օրէնք»-ին վերադարձը` տիրող անորոշութեան մթնոլորտին մէջ: Միւս կողմէ, լաւատեսները երէկ շարունակեցին հանգստացնել պատկան կողմերն ու քաղաքացիները, թէ սերտ ու անդուլ ճիգեր կը տարուին...

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Քննեց Երկրի Ապահովական Վիճակն Ու Ընդհանրական Հարցեր

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Քննեց Երկրի Ապահովական Վիճակն Ու Ընդհանրական Հարցեր

Երկրի ապահովական վիճակն ու բանակին առնչուող հարցեր առանցքը կազմեցին երէկ նախագահ Միշել Աունի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութեանց: Զօր. Ժոզեֆ Աուն տօնական, շնորհաւորական այցելութեամբ երէկ բանակի զինուորական խորհուրդի եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելեց Պաապտա: Նախքան այդ, նախագահ Աուն ընդունեց Եթովպիոյ նախագահին յատուկ պատուիրակը` Մոհամետ Տերիր Կետտին, որ Եթովպիոյ վարչապետին` Հայլա Մարիամ Տիսալինի կողմէ...

Աւետելով Լիբանան – Ռուսիա Ուղղակի  Թռիչքներու Հաստատման Ճիգերը`  Նախարար Աւետիս Կիտանեան Անհրաժեշտ Նկատեց  Զբօսաշրջական Գործակցութեան  Աշխուժացումը Լիբանանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ

Աւետելով Լիբանան – Ռուսիա Ուղղակի Թռիչքներու Հաստատման Ճիգերը` Նախարար Աւետիս Կիտանեան Անհրաժեշտ Նկատեց Զբօսաշրջական Գործակցութեան Աշխուժացումը Լիբանանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ աւետեց, թէ իր նախարարութիւնը աշխուժ ճիգեր ի գործ կը դնէ օդանաւորդութեան ուղղակի թռիչքներ հաստատելու Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ` «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան ճամբով: Նախարար Կիտանեան, որ լիբանանեան պատուիրակութեան մը հետ եռօրեայ այցելութեամբ Մոսկուա կը գտնուի, բացայայտեց, թէ նախապատրաստական աշխատանք կը կատարուի ռուսական ապահովական պատուիրակութեան մը Լիբանան այցելութեան առնչութեամբ: Պատուիրակութեան հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ չէզոքացնել այն արգելքները,...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 15, երկուշաբթի, 17 եւ երեքշաբթի, 18 ապրիլ 2017-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 19 ապրիլ 2017-ին:

Քաղաքացիական Տխրահռչակ Պատերազմի  42-ամեակին Առիթով.  Լիբանանցիք Մերժեցին Կրկնել 17-ամեայ Ողբերգութեան Դառնութիւնը

Քաղաքացիական Տխրահռչակ Պատերազմի 42-ամեակին Առիթով. Լիբանանցիք Մերժեցին Կրկնել 17-ամեայ Ողբերգութեան Դառնութիւնը

13 ապրիլ 2017-ի նախօրեակին Լիբանանի վարիչները յաջողեցան ձախողեցնել 42 տարի առաջ` 13 ապրիլ 1975-ին Լիբանանի մէջ բռնկած արիւնահեղութեան կրկնութեան մղձաւանջը: Փաստօրէն, 12 ապրիլ 2017-ին մթնոլորտը նոյնքան մթագնած էր, տրամադրութիւնները նոյնքան լարուած եւ զօրաշարժի մատնուած էին` ապահովելու այն իրաւունքները, որոնց համար բռնկած էր Լիբանանի 17-ամեայ պատերազմը (գէթ լիբանանեան դիտանկիւնէն): Գրեթէ ամբողջ երկիրը զօրաշարժի մատնուած էր բողոքի ելոյթներով ու ցոյցերով «ձեռք ձգելու»...

Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց ամերիկեան ծերակոյտի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ծերակուտական Ռոտնի Ֆրելինկ Ուէյզընի, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանի ու Լիբանանի իրադարձութեանց եւ երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ նաեւ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննեց երկրին ապահովական վիճակը:

Զգուշաւոր Հանդարտութիւն`  Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

Զգուշաւոր Հանդարտութիւն` Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

Զգուշաւոր հանդարտութեան մթնոլորտի մէջ, Սայտայի Այն Հելուէ գաղթակայանէն վերջին բախումներուն բերումով հեռացած պաղեստինցիներ վերադարձան իրենց բնակավայրերը, որոնք մեծապէս վնասուած էին: Նմանապէս, պաղեստինեան գաղթակայաններու ընկերային-տնտեսական կարիքները հոգացող ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ կազմակերպութեան վարիչներ շրջեցան բախումներու վայրերը` զարհուրելով պարզուած քանդումի տեսարաններուն դիմաց:

Տօնական Օրերուն Առիթով.  Ապահովական Յատուկ Միջոցառումներ

Տօնական Օրերուն Առիթով. Ապահովական Յատուկ Միջոցառումներ

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ կոչ ուղղեց նահանգապետներուն արտակարգ հանդիպում մը ունենալու քաղաքապետներուն հետ` ապահովական ուժերուն հետ քննելու եւ համակարգելու համար տօնական օրերուն առիթով որդեգրուելիք ապահովական միջոցառումները:  

Նախագահ Աուն Յայտարարեց Խորհրդարանի  Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Նուիրուած  Օրէնսդիր Մարմինի Նիստին Մէկ Ամիսով Յետաձգումը

Նախագահ Աուն Յայտարարեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Նուիրուած Օրէնսդիր Մարմինի Նիստին Մէկ Ամիսով Յետաձգումը

Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած յայտարարութեամբ, մետասաներորդ պահուն միջամտելով վճռեց եւ մէկ ամիսով յետաձգեց խորհրդարանի նիստերուն գումարումը` երկիրը փրկելով սահմանադրական-քաղաքական քաոսէ: Արդարեւ, ինչպէս Լիբանանի սահմանադրական թէ քաղաքական ամէն հրատապ հարցի լուծման առնչութեամբ վերջին քառորդ ժամուան փրկարար միջամտութիւնը, այս անգամ եւս կարելի եղաւ փրկել կացութիւնը, երբ նախագահ Միշել Աուն իր վճռական միջամտութեամբ եւ օգտագործելով իրեն վերապահուած սահմանադրական լիազօրութիւնները, մէկ...

Փորձելով Արդարացնել Խորհրդարանի  Պաշտօնավարութեան  Երկարաձգման Իր Ընտրանքը`  Պըրրի. «Երկարաձգումը Թոյն Մըն Է,  Որ Հարկադրուած Ենք Կուլ Տալու»

Փորձելով Արդարացնել Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Իր Ընտրանքը` Պըրրի. «Երկարաձգումը Թոյն Մըն Է, Որ Հարկադրուած Ենք Կուլ Տալու»

Խորհրդարանական չորեքշաբթի օրուան հանդիպումներու ծիրին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդակցեցաւ իրեն այցելող երեսփոխաններուն հետ : Խօսակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան օրուան «հրատապ» հարցին` ընտրական թնճուկին վրայ: «Երկարաձգումը այն թոյնն է, որ հարկադրաբար կուլ պիտի տանք` երկիրը փրկելու համար սահմանադրական դատարկութենէ», յայտնեցին երեսփոխանները` Պըրրիին վերագրելով իրենց խօսքը: Անոնք շեշտեցին խորհրդարանի նախագահին նախանձախնդրութիւնը` սահմանադրութեան տրամադրութիւններու յարգումին եւ երկիրը դատարկութեան մղելէ խուսափելու առնչութեամբ:...

Վերջ Տալով Վեցօրեայ Բախումներուն`  Պաղեստինեան Միացեալ Ուժերու Եւ Ֆաթհի  Զինեալներ Տեղակայուեցան Բախումներու  Թիրախ Դարձած Դիրքերու Վրայ

Վերջ Տալով Վեցօրեայ Բախումներուն` Պաղեստինեան Միացեալ Ուժերու Եւ Ֆաթհի Զինեալներ Տեղակայուեցան Բախումներու Թիրախ Դարձած Դիրքերու Վրայ

Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր շարունակուող զինեալ բախումներէն ետք, երէկ վերջապէս պաղեստինեան միացեալ ուժերը յաջողեցան մուտք գործել Այն Հելուէ գաղթակայանի Թիրէ թաղամաս եւ տեղակայուեցան բախումներու թիրախ դարձած դիրքերու  եւ շրջաններու մէջ: Անոնք խուզարկեցին նշեալ թաղամասին մէջ գտնուող Պիլալ Պատըրի տան «մնացորդաց»-ը, առանց սակայն Պատըրի հետքը գտնելու: Նախքան այդ, Պաղեստինեան միացեալ ուժերն ու Ֆաթհի հրամանատարութիւնը կրկին ժողով գումարած էին` հարթելու համար...

Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան  Երկարաձգման Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքի Մշակման Գծով Բանավէճը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ

Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքի Մշակման Գծով Բանավէճը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ

«Երկարաձգումը Լիբանանի Դէմ Նոր Պատերազմի Ազդանշան Է»  Յայտարարեց Նախագահ Աուն Սահմանադրական կարեւորագոյն ժամկէտի աւարտին յարմարագոյն ելքի մը յանգելու առաջադրանքով խորհրդակցութիւնները առանցքը կազմեցին երէկ առնչակից զանազան կողմերու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներու թէ նիստերու ընթացքին: Արդարեւ, յառաջիկայ յունիսին նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութեանց յետաձգման եւ հետեւաբար գործող խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման, կամ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակմամբ նոր խորհրդարանի կազմութեան ձախողութեան պարագային, սահմանադրական դատարկութիւնը կը...

«Պիլալ Պատըր» Խմբակի Հրապարակէն  Հեռացման Լուրերու Լոյսին Տակ.  Զգուշաւոր Հանդարտութիւն`  Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

«Պիլալ Պատըր» Խմբակի Հրապարակէն Հեռացման Լուրերու Լոյսին Տակ. Զգուշաւոր Հանդարտութիւն` Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

Եռօրեայ բախումներէն ետք վերջապէս պաղեստինեան Ֆաթհ եւ միացեալ ուժերը երէկ յաջողեցան իրենց հակակշիռին տակ առնել Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի Թիրէ թաղամասը, որ թիրախ եւ հանդիսավայր դարձած էր վերջին զինեալ բախումներուն: Մուտք գործելէ ետք նշեալ թաղամասը, պաղեստինեան միացեալ ուժերը գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին որոշեցին վերջ տալ արմատական «Պիլալ Պատըր» խմբակի երեւոյթին եւ լուծարքի ենթարկել զայն: Նաեւ` ժողովականները հաստատեցին, որ...

Նախկին Երեսփոխան  Սամիր Ֆրենժիէ Ոչ Եւս Է

Նախկին Երեսփոխան Սամիր Ֆրենժիէ Ոչ Եւս Է

71-անեայ նախկին երեսփոխան Սամիր Ֆրենժիէ երէկ «Օթել Տէօ» հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքեց երկարատեւ հիւանդութենէ ետք: Ան Համիտ Ֆրենժիէի զաւակն ու նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի եղբօրորդին էր: Մարտ 14 ուժերու ղեկավար դէմքերէն, մտաւորական Սամիր Ֆրենժիէ անաչառ քննադատ եւ ընդդիմադիր հակառակորդ պայքարող էր օրուան վարչակարգին եւ իշխանութեան դէմ: 2001-ին խումբ մը լիբանանցի քաղաքագէտներու հետ հիմնած էր «Քըրնեթ Շեհուան»-ի համախմբումը:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԲԱՆԱԿԻ գաղտնի սպասարկութիւնը Պրիթալի մէջ ձերբակալեց ինքնաշարժի գողութեամբ մեղադրուած երկու սուրիացիներ: ՊԷՅՐՈՒԹԻ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ երէկ ստանձնեց լրագրող, հաղորդավար Մարիա Մաալուֆի դէմ յարուցուած դատական հայցը` հիմնուելով պատժական տնօրինումներու թիւ 288 եւ 317 օրինագիծերուն վրայ, ըստ որոնց, Մաալուֆ կրնայ հինգ տարուան բանտարկութեան ենթարկուիլ: Մաալուֆ «Թուիթըր»-ի իր էջով կոչ ուղղած էր Իսրայէլին` ահաբեկելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան: ԵՕԹԸ աշակերտներ վիրաւորուեցան...

15 Ապրիլի Ժամկէտին Ընդառաջ.  Կառավարութիւնը Քննեց Ընտրական «Թնճուկը»  Եւ Որոշեց Յառաջացնել Յանձնախումբ Մը

15 Ապրիլի Ժամկէտին Ընդառաջ. Կառավարութիւնը Քննեց Ընտրական «Թնճուկը» Եւ Որոշեց Յառաջացնել Յանձնախումբ Մը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց յատուկ նիստ մը, նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախարարներուն: Յատուկ ընտրական օրէնքի մշակման համար նախատեսուած այս նիստին կարծիքներու փոխանակումէն ետք որոշուեցաւ յառաջացնել յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Հարիրիի, որուն հիմնական «պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մշակել ընտրական օրէնքի տարազ մը եւ զայն ներկայացնել կառավարութեան»: Այս մասին ժողովի աւարտին հաստատեց տեղեկատուութեան...

«Նոր Նահր Պարետ»-Ի Մը  Մղձաւանջին Լոյսին Տակ.  Բախումները Երէկ Շարունակուեցան Այն Հելուէի Մէջ

«Նոր Նահր Պարետ»-Ի Մը Մղձաւանջին Լոյսին Տակ. Բախումները Երէկ Շարունակուեցան Այն Հելուէի Մէջ

Հակառակ խաղաղարար միջնորդական ճիգերուն եւ կոչերուն, երէկ բախումները մերթ մեղմ, մերթ սաստիկ կերպով շարունակուեցան Սայտայի Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ: «Ուսպաթ Անսար»-ի կողմնակիցներէն` արմատական «Պիլալ Պատըր» խմբակին եւ պաղեստինեան ապահովական ուժերուն միջեւ բախումները շարունակուեցան` քաղաքական ու զինուորական լուծումներու մրցակցութեան միջեւ: Արդարեւ, «Պիլալ Պատըր» խմբակը, որ նախանցեալ օր առաջարկած էր իր հակակշիռին տակ եղող շրջանները յանձնել պաղեստինեան ապահովութեան ուժերու հսկողութեան, փոխարէնը...

Page 745 of 986 1 … 744 745 746 … 986

Արխիւներ