Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Հաշուետուութեան Խորհրդարանի Նստաշրջանին Առընթեր. Հայեացքները Սեւեռած Են Կառավարութեան Երկուշաբթի Օրուան Նիստին Ուղղութեամբ

Ապրիլ 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրի ժողովրդային թէ պաշտօնական քաղաքական, ընկերային շրջանակներու եւ յատկապէս պահանջատէր քաղաքացիներու հայեացքները սեւեռած են յառաջիկայ երկուշաբթի նախատեսուող կառավարութեան նիստին, ուր խորհրդակցութեանց կիզակէտը պիտի կազմէ ընտրական օրէնքին «ճակատագիրը»:

Արդարեւ, առաւելաբար վերջին ամիսներուն վերստին սեղանի վրայ արծարծուելով հրատապ հարց դարձած յառաջիկայ խորհրդարանի բնոյթն ու կազմաւորումը ձեւաւորելու կոչուած ընտրական օրակարգը խնդրայարոյց բանավէճի նիւթ դարձած էր քաղաքական զանազան կողմերու միջեւ: Բանավէճ, որ խորքին մէջ կը ցոլացնէ երկրի համակեցութեան հիմնաքարը կազմող կառոյցին շուրջ կողմերու կեցուածքները: Այս գծով Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ վերահաստատեց ընտրական օրէնքին առնչութեամբ քուէարկութեան ընտրանքին մերժումը` շեշտելով, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ կողմերուն միջեւ համախոհութեան գոյացման անկարելիութեան պարագային, ինք եւ իր զօրակցած կողմը պիտի առաջարկեն վերադառնալ 1960-ի օրէնքին: Նոյն ծիրին մէջ, երեսփոխան Ըսթֆան Տուէյհի յայտարարած էր, որ 1960-ի օրէնքը կը մնայ երկու չարեաց փոքրագոյնը:

Աւելի՛ն, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ, նախքան խորհրդարանի նիստը լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով վերահաստատեց իր եւ իր կողմնակիցներուն վճռականութիւնը` մօտ ատենէն լուծելու այս հարցը: «Կար ժամանակ, երբ մենք դէմ էինք ընտրական համամասնական օրէնքի ընտրանքին, սակայն ներկայիս մենք բացուած ենք եւ տրամադիր` ընդառաջելու ընտրական օրէնքի բոլոր տարազներուն, ներառեալ համամասնականը», յստակացուց Հարիրի:

Այսուհանդերձ մեկնաբաններ խիստ կարեւորութեամբ կը հետեւին այս հարցի զարգացման հոլովոյթին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի նախագահ Միշել Աունի, որուն ցուցաբերելիք կեցուածքը պիտի վճռէ այս հարցին «ճակատագիրը»:

Նաեւ` Խորհրդարանին Մէջ

Միւս կողմէ, հայեացքները երէկ սեւեռած էին նաեւ Պէյրութի Նըժմէի հրապարակը, ուր խորհրդարանը գումարեց իր «կառավարութեան հաշուեքննութեան» նստաշրջանի երրորդ եւ վերջին նիստը:

Այս առիթով երեսփոխանները շարունակեցին իրենց քննադատական ելոյթները կառավարութեան հասցէին:

Արտասանուած խօսքերուն մէջ դարձեալ թիրախ դարձան երկրին մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական թէ քաղաքական ախտավարակ երեւոյթները, ելեկտրականութեան թղթածրարէն մինչեւ աղբակոյտերու, փտածութեան եւ նաւթ ու կազի թղթածրարները: Անակնկալը սակայն բացայայտօրէն յայտարարուած կաշառակերութեան պարագաներն էին, ուր նախանցեալ օրուան նիստին երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի յայտարարած «տասը միլիոն տոլարի ստորագրութեան» գայթակղութենէն ետք, երէկ նմանօրինակ գայթակղութիւն  մը եւս բացայայտուեցաւ, երբ երեսփոխան Պութրոս Հարպ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաւթի ու կազի թղթածրարին առնչուող հարիւրաւոր միլիոն տոլար հաշուող «կաշառակերութեան» թղթածրարին:

Երեք նիստերու վրայ երկարած խորհրդարանի այս նստաշրջանին խօսք առին 32 երեսփոխաններ: Երէկուան նիստին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բացման խօսքէն ետք արտայայտուեցան խօսք ուզող մնացեալ երեսփոխանները:

Այս առիթով ուշագրաւ էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը, որ չվարանեցաւ պատեհ առիթին միջամտելու եւ «իրաւարար հրշէջ»-ի նման հանդարտեցնելու քաղաքացիներու իրաւունքները պաշտպանելու փորձով բորբոքած երեսփոխանները եւ իրենք զիրենք արդարացնելու մղումով ջղագրգռուած պատկան նախարարները:

Երեսփոխան Ղասսան Մուխայպէր յայտնեց, որ խորհրդարանը հազուադէպօրէն լիագումար նիստ գումարեց, ինչ որ բացասականօրէն ազդեց արծարծուող հրատապ հարցերու քննարկման վրայ, եւ ամբողջութեամբ սպառեցան անոնց լուծման շուրջ խորհրդակցութիւնները:

Երեսփոխան Ժորժ Ատուան կոչ ուղղեց պատկան կողմերուն` զիջելու ու «վար իջնելու իրենց գահերէն» եւ գործնական լուծման ձեռնարկելու, յատկապէս ինչ կը վերաբերի իշխանութեան մէջ իգական սեռի մասնակցութեան: Զգուշացնելով, թէ կը գտնուինք վտանգաւոր փուլի մը սեմին, Ատուան լուծումը նկատեց սահմանադրական, իրապաշտ եւ գործնական փուլերէ բաղկացած մօտեցման մէջ:

Երեսփոխան Ալի Ամմար հարց տուաւ, թէ քաղաքացին արդեօք արժանի՞ է այսքան զեղծարարութեան, ստախօսութեան, փտածութեան եւ անիրաւութեան: Բարձր գնահատելով երկիրը պաշտպանող «հայրենիքի առիւծներ»-ու դերը (ակնարկելով Հըզպալլայի զինեալներուն, «Ա.») երեսփոխան Ամմար զգուշացուց, թէ երեսփոխանական ընտրութեան յետաձգման կամ «ջնջումի» պարագային կը «թռին» նաեւ կառավարութիւնն ու իշխանութիւնը եւ երկրին կայունութիւնը:

Աւարտին վարչապետ Հարիրի հակիրճ տողերու մէջ անդրադարձաւ արծարծուած հարցերուն`  վերահաստատելով իր գլխաւորած կառավարութեան մտադրութիւնը` իրագործելու այն, ինչ որ խոստացած էր: Հարիրի ընդգծեց, որ մօտ ատենէն  խորհրդարան պիտի հասնին կառավարութեան  վճռած 2017-ի պետական ամավարկի պիւտճէն եւ վճռելիք ընտրական օրէնքի նախագիծը:

 

Նախորդը

Անդրադառնալով Սուրիոյ Դէմ Ամերիկեան Յարձակումին` «Լիբանան Կը Դատապարտէ Մահասփիւռ Աւերիչ Զէնքերու Գործածութիւնը, Որ Կողմէն Ալ Ըլլայ Անիկա» Յայտարարեց Նախագահ Միշէլ Աուն

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Նախորդ Տարեշրջանին Եկամուտը` 4,58 Միլիառ Եւրօ

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?