Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կը Շեշտէ Ըստ Անհատական Ունակութեան Եւ Ոչ Թէ Պատկանելիութեան Նշանակելու Պաշտօններու Ներկայացող Թեկնածուները

Ապրիլ 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրին մէջ փտածութեան, կաշառակերութեան, խնամիական միջամտութեանց ախտավարակ երեւոյթները վարչակարգէն թօթափելու առաջադրանքով, նախագահ Միշել Աուն երէկ վերահաստատեց այս առնչութեամբ իր վճռակամութիւնը:

Նախագահը շեշտեց, որ վարչամեքենայի զանազան մարզերուն մէջ ներկայացող պաշտօններու թեկնածուները կամ նշանակումները պէտք է կատարուին ըստ տուեալ թեկնածուի անհատական կարողութիւններուն եւ ունակութեան եւ ոչ թէ անոր պատկանելիութեան հիմամբ կամ «վերին» մարմիններու միջամտութեան բերումով:

Նախագահ Աուն իր այս խօսքերը շեշտեց յատկապէս դատական նշանակումներուն առնչութեամբ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն բարձր գնահատեց ապահովական ուժերու անձնուրաց գործունէութիւնը անդորրութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման առումով` ընդգծելով, որ այս ճամբուն վրայ «ինկող» ապահովութեան տարրերու զոհուիլը խթան պիտի հանդիսանայ, որ ապահովութեան ուժեր յաւելեալ խստապահանջութեամբ հետապնդեն օրէնքներու կիրարկումը:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ ոչ մէկ շրջան զերծ պիտի մնայ ապահովութեան տարրերու հակակշիռէն, եւ ապօրինի արարքներն ու անօրէնները պիտի հետապնդուին:

Աւելի ուշ նախագահ Աուն ընդունեց արդարադատութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, դատախազ Ժան Ֆահտը եւ Պուրքան Սաատը, որ նոր ստանձնեց իր դատական պաշտօնը:

Նախագահ Աուն երէկ նաեւ ընդունեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ եկած էր զինք Ս. Զատկուան արարողութեան հրաւիրելու:

Այս առիթով Ռայի պատրիարքը ամօթալի որակեց անիշխանական կարգ մը երեւոյթները, յատկապէս ապահովական մարզին մէջ:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն գործնապէս լուծելու ընտրական օրէնքի թնճուկը եւ չբաւարարուելու «ո՛չ երկարաձգման, ո՛չ դատարկութեան, ո՛չ 1960-ի օրէնքի»-ն երեք «ոչ»-երու լոզունգով, այլ մշակելու արդար, համապարփակ ընտրական օրէնք:

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Այսուհետեւ Պիտի Աշխատի Արտակարգ Դրութեամբ

Յաջորդը

Սահմանադրական Եւ Յարակից Հոլովոյթներու Բնականոնացման Ճամբուն Վրայ. Խորհրդարանը Սկսաւ Կառավարութեան Հաշուետուութեան Եւ Գործունէութեան Քննարկման Նստաշրջանին

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?