Լիբանանեան

15 Ապրիլի Ժամկէտին Ընդառաջ.  Ահաբեկչութեան Դիմակալման, Սուրիացի Գաղթականներու Եւ Ընտրական Օրէնքին Հարցերը` Դարձեալ Առանցքային Քննարկումի Նիւթ

15 Ապրիլի Ժամկէտին Ընդառաջ. Ահաբեկչութեան Դիմակալման, Սուրիացի Գաղթականներու Եւ Ընտրական Օրէնքին Հարցերը` Դարձեալ Առանցքային Քննարկումի Նիւթ

Ժամանակին հետ մրցակցութեան մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն առաւել եւս թափ առին հրատապ հարցերու լուծման գործնական քայլերու առաջադրանքները: Արդարեւ, ժամկէտի աւարտի մետասաներորդ պահուն լուծման յանգելու լիբանանեան աւանդական «սովորութեան» համաձայն, վերջին 48 ժամերուն շեշտուեցան հրատապ հարցերու, յատկապէս` ընտրական օրէնքի «Թնճուկ»-ի լուծման տարազները: Լուծման այս փորձերուն խթան հանդիսացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ուղղած կոչը` վաղը կառավարութեան գործունէութեան քննարկման յատկացուելիք խորհրդարանի նիստ գումարելու: Կարգ...

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Տեսակցեցաւ  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Ընդհանուր Տնօրէնին Հետ

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Տեսակցեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ընդհանուր Տնօրէնին Հետ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Շարպել Ուահպէի նետ: Հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութեանց սերտացման կողքին խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց եւ Ազրպէյճանի հակահայ սադրանքներուն: Այս առիթով դեսպան Մկրտչեան լիբանանցի իր զրուցակիցը տեղեակ պահեց Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքներէն...

Գնդ. Պալիքեան Նշանակուած Է Ընդհանուր Քննիչ

Գնդ. Պալիքեան Նշանակուած Է Ընդհանուր Քննիչ

Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա հրապարակեց Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան հրամանատարութեան մէջ նոր նշանակումներու ցանկը: Հրապարակուած հրամանագիրին համաձայն, գնդ. Ժորժ Պալիքեան նշանակուած է Պետական անվտանգութեան հսկողութեան եւ ընդհանուր քննչական տեսչութեան տնօրէն: Գնդ. Պալիքեան վերջին ժամանակաշրջանին ստանձնած էր նախ Ժիպէյլի, ապա Պաթրունի անվտանգութեան սպասարկութեան տնօրէնի պաշտօնը, ապա փոխադրուած կեդրոն` իբրեւ Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան նախկին ընդհանուր տնօրէնի օգնական:

Լիբանան Իր Հրատապ Հարցերը Կ՛արծարծէ  Արտաքին Ու Միջազգային Հարթակներու Վրայ

Լիբանան Իր Հրատապ Հարցերը Կ՛արծարծէ Արտաքին Ու Միջազգային Հարթակներու Վրայ

Ապահովութեան կողքին հետզհետէ շեշտուող գաղթականներու հարցը առանցքային նիւթ կազմեց երկրի ղեկավար շրջանակներու քննարկումներուն` տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Արդարեւ, նախագահ Միշել Աուն իր այցելուներուն, յատկապէս` Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ քննարկեց այս հարցը` յիշեցնելով գերպետութեանց դերակատարութիւնը այս հարցի լուծման գծով: Նմանապէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Աւստրալիոյ մէջ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին արծարծեց այս հարցը` միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելով...

Պէյրութի Եւ Մտաուարի Շրջաններու  Թաղապետներու Պատուիրակութիւն Մը Գլխաւորելով`  Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ֆարաոն  Եւ Սահնաուի Այցելեցին Նախագահ Միշել Աունին

Պէյրութի Եւ Մտաուարի Շրջաններու Թաղապետներու Պատուիրակութիւն Մը Գլխաւորելով` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ֆարաոն Եւ Սահնաուի Այցելեցին Նախագահ Միշել Աունին

«Այսուհետեւ Լիբանան պիտի կերտուի սահմանադրութեան յարգանքի հիման վրայ, եւ լիբանանցիք պիտի գտնուին նոր աշխատելաոճի առջեւ, որ աստիճանաբար պիտի վերացնէ 27 տարիներէ ի վեր կուտակուած թերացումները», յայտարարեց նախագահ Միշել Աուն երէկ` ընդունելով Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանի (Էշրեֆիէ, Ռմէյլ, Սէյֆի) եւ Մտաուարի թաղապետներէն պատուիրակութիւն մը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ծրագրաւորումի հարցերու պետական նախարար Միշել Ֆարաոնի եւ նախկին նախարար...

15 Ապրիլի Ժամկէտին Ընդառաջ.  Ընտրական Օրէնքի Հարցը  Կը Դառնայ «Տաք» Բանավէճի Նիւթ

15 Ապրիլի Ժամկէտին Ընդառաջ. Ընտրական Օրէնքի Հարցը Կը Դառնայ «Տաք» Բանավէճի Նիւթ

«Էն.Պի.Էն.» պատերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան իր լուրերու հաղորդումին ընթացքին հարց տուաւ, թէ արդեօք առնչակից կողմերը կը գիտակցի՞ն ստեղծուելիք սահմանադրական դատարկութեան հետեւանքներու վտանգին: Երեսփոխանական ընտրութեան հարցն ու այս գծով ընտրական նոր օրէնքի որդեգրման հրամայականը օրըստօրէ աւելի շեշտակի կը դառնայ` զգուշացնելով 15 ապրիլի ժամկէտի անտեսման հետեւանքներէն: Արդարեւ, առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներու կեցուածքները երէկ առաւելաբար կեդրոնացան ընտրական հարցին վրայ: «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ընտրական...

Աւարտելով Լիբանան Կատարած Իր Այցելութիւնը`  Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը  Բարձր Գնահատեց Լիբանանի Կեցուածքը  Սուրիացի Գաղթականներու Հիւրընկալման  Եւ Ահաբեկչութեան Վտանգի Դիմակալման Մէջ

Աւարտելով Լիբանան Կատարած Իր Այցելութիւնը` Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Բարձր Գնահատեց Լիբանանի Կեցուածքը Սուրիացի Գաղթականներու Հիւրընկալման Եւ Ահաբեկչութեան Վտանգի Դիմակալման Մէջ

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթթի երէկ, նախքան իր մեկնումը Լիբանանէն, մամլոյ ասուլիս մը տուաւ Պէյրութի օդակայանի պատուոյ հիւրերու սրահին մէջ: Ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ երկրի վարիչներուն հետ իր ունեցած խորհրդակցութեանց` ընդգծելով, որ ինք իտալացի առաջին նախարարն է, որ կ՛այցելէ նախագահ Աունին` անոր ընտրութենէն ետք: Իտալացի նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց զօրավար Միշել Աունի նախագահ ընտրութեան համար, դրուատելով այս առիթով Լիբանանի կարողականութիւնը...

Իր Նշանակումէն Ետք Առաջին  Հարցազրոյցը Տալով`  Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը Հաստատեց  Իր Յանձնառութիւնը Երկրի Ապահովութեան  Եւ Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցին Գծով

Իր Նշանակումէն Ետք Առաջին Հարցազրոյցը Տալով` Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը Հաստատեց Իր Յանձնառութիւնը Երկրի Ապահովութեան Եւ Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցին Գծով

  Լիբանանեան բանակի հրամանատար, զօրավար Ժոզեֆ Աուն հաստատեց ահաբեկչական սպառնալիքի առկայութիւնը ինչպէս շրջանի երկիրներուն, այնպէս ալ Լիբանանի մէջ: Բանակի հրամանատար նշանակումէն ետք լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած առաջին հարցազրոյցին մէջ կատարած իր յայտարարութեանց ընթացքին, զօրավար Աուն ընդգծեց, թէ ինք նախքան հրամանատար նշանակուիլը արդէն իսկ կը զբաղէր առեւանգեալ լիբանանցի զինուորականներու հարցով: Ան յայտնեց, որ այս գծով պիտի խորհրդակցի ընդհանուր ապահովութեան...

Հարիրի – Բագրատունի Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Հարիրի – Բագրատունի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Շաբաթավերջին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային կապ հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան թատերաբեմը յուզող հիմնական հարցեր: Վարչապետ Հարիրի վերահաստատեց իր վստահութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական կեցուածքներուն հանդէպ` աւելցնելով, որ վերջին օրերուն հեռատեսիլային ժամանցի յայտագիրի մը առիթով հրապարակուած հակահայ տրամադրութիւնները չի բաժներ, անոնք ոչինչ կը փոխեն Լիբանանի հանդէպ հայութեան եւ Դաշնակցութեան հաւատարմութենէն ու գործնական...

Շրջանային Ապահովական  Իրադարձութիւններու Լոյսին Տակ.  Շաբաթավերջի Կեցուածքները Կեդրոնացան Ապահովական Եւ Սահմանադրական Մարտահրաւէրներուն Վրայ

Շրջանային Ապահովական Իրադարձութիւններու Լոյսին Տակ. Շաբաթավերջի Կեցուածքները Կեդրոնացան Ապահովական Եւ Սահմանադրական Մարտահրաւէրներուն Վրայ

Հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական ու կրթական պահանջներու շեշտաւորման մթնոլորտին, վարիչներու կեցուածքները շաբաթավերջին կեդրոնացան երկրի ապահովական ու սահմանադրական մարտահրաւէրներուն վրայ: Արդարեւ, Լիբանան կը թեւակոխէ զբօսաշրջային խոստմնալից հանգրուան մը` յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուող բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու ժամանման նախապատրաստութեանց լոյսին տակ: Իսկ շրջանի երկիրները (Իրաք եւ Սուրիա) հարուածող ահաբեկչական արարքները առաւել եւս կը շեշտեն երկրի անդորրութեան ու ապահովութեան կայունացման անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանը հեռու պահելու...

Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Ռոպերթա Փինոթի Կ՛այցելէ Լիբանան

Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Ռոպերթա Փինոթի Կ՛այցելէ Լիբանան

Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատունը յայտարարեց, որ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթի երէկ միօրեայ այցելութեամբ հասած է Պէյրութ: Նախարար Փինոթի այս առիթով տեսակցութիւններ պիտի ունենայ նախագահ Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը պիտի այցելէ նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ծիրին մէջ գործող իր երկրին ջոկատին:

Սուրիացի Գաղթականներու Հարցի  Քննարկման Ծիրին Մէջ.  Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կը Ձեռնարկէ Եւրոպական Շրջապտոյտի

Սուրիացի Գաղթականներու Հարցի Քննարկման Ծիրին Մէջ. Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կը Ձեռնարկէ Եւրոպական Շրջապտոյտի

Սուրիացի գաղթականներու Լիբանան հոսքը իր ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական հետեւանքներով վերջերս առանցքը կազմեց երկրի վարիչներուն արտաքին կողմերու հետ ունեցած խորհրդակցութեանց: Արդարեւ, վերջերս կայացած Յորդանանի արաբական վեհաժողովին նախագահ Միշել Աունի խորհրդակցութենէն եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի Աւստրալիոյ շրջապտոյտի ելոյթներէն ետք, վարչապետ Հարիրի իր կարգին կը փորձէ այս հարցը արծարծել արտաքին պատկան կողմերուն հետ: Այս ծիրին մէջ, պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով,...

Պասիլ Կը Զգուշացնէ Սուրիացի Գաղթականներու Բնակեցման Վտանգէն

Պասիլ Կը Զգուշացնէ Սուրիացի Գաղթականներու Բնակեցման Վտանգէն

  Արտաքին գործոց նախարար, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ, ընկերակցութեամբ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլի, մամլոյ ասուլիս մը տուաւ երէկ Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա կատարած իր շրջապտոյտին առիթով` շեշտելով սուրիացի գաղթականներու հոսքին հետեւանքները լիբանանեան ընկերութեան վրայ: Պասիլ զգուշացուց սուրիացի գաղթականները Լիբանան բնակեցնելու վտանգէն` յիշեցնելով, որ հարցին լուծումը ՄԱԿ-ի պարտականութիւնն է: Պասիլ նաեւ դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ վիճակը...

Կիրակնօրեայ Անձրեւները Ողողեցին Սայտայի Փողոցները

Կիրակնօրեայ Անձրեւները Ողողեցին Սայտայի Փողոցները

Երէկ տեղատարափ անձրեւներ ողողեցին Սայտայի փողոցները` առկախելով քաղաքի գործունէութեան բնականոն ընթացքը եւ յետաձգելով կարգ մը ձեռնարկներ: Արդարեւ, աղբերու կուտակումներով փակուած կոյուղիներու մուտքերը անկարող եղան «ընկալելու» կամ սանձելու գարնանային տեղատարափ անձրեւները, որոնք ողողեցին շրջանի փողոցները` քաղաքացիները «արգելափակելով» իրենց տուներուն մէջ: Առ այդ, բնակիչները պատկան կողմերուն դիմեցին` պահանջելով հարթել ու հատուցել յառաջացած վնասներու հետեւանքները: «Ճիշդ է, որ անձրեւները արտակարգ քանակութեամբ սաստիկ էին,...

Ընդունելով Աշխատանքի Միջազգային  Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարը`  Ֆատի Ժեմայէլ. «Սուրիոյ Պատերազմին Պատճառով  Լիբանանեան Ճարտարարուեստի Մարզը  Մէկուկէս Միլիառ Տոլար Վնասեց»

Ընդունելով Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարը` Ֆատի Ժեմայէլ. «Սուրիոյ Պատերազմին Պատճառով Լիբանանեան Ճարտարարուեստի Մարզը Մէկուկէս Միլիառ Տոլար Վնասեց»

Կի Ռայտըր Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Կի Ռայտըր երէկ այցելեց լիբանանցի ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան վարիչներուն եւ հանդիպում ունեցաւ միութեան նախագահ, տոքթ. Ֆատի Ժեմայէլի հետ` ներկայութեամբ վարչական խորհուրդի կարգ մը անդամներուն: Այս առիթով Ֆատի Ժեմայէլ միջազգային ներկայացուցիչին ներկայացուց լիբանանեան ճարտարարուեստի իրավիճակը, արդիւնաւէտութիւնը, երկրի բարգաւաճման մէջ անոր դերը եւ դիմակալած դժուարութիւնները` թուական տուեալներով հիմնաւորելով իր կեցուածքները: Ժեմայէլ յայտնեց նաեւ, որ Սուրիոյ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ձերբակալեց Ապու Տահաս անունով սուրիացի մը, որ կը փորձէր թուրով յարձակիլ իր խորթ մօր վրայ, Թրիփոլիի Թապպանէ շրջանին մէջ: ԵՐԷԿ կարճ ժամանակով փակուեցաւ Շուէյֆաթի ճամբան, երբ շրջանի բնակիչները անիւներ հրկիզեցին` իբրեւ բողոք իրենց շրջանին մէջ սուրիացի բանուորներու շեշտուող աճի երեւոյթին դէմ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ միջամտեց եւ անդորրութիւնը վերահաստատեց Շուֆի մէջ, ուր զինեալ միջադէպ մը ծագած էր Հըզպալլայի եւ...

Անդրադառնալով Այնթուրայի  Հայ Մանուկներու Երբեմնի Որբանոցին`  Ժոմպլաթ Ոճիր Կ՛որակէ Թուրքերուն Կողմէ  Հայ Որբերու Թրքացման Փորձը

Անդրադառնալով Այնթուրայի Հայ Մանուկներու Երբեմնի Որբանոցին` Ժոմպլաթ Ոճիր Կ՛որակէ Թուրքերուն Կողմէ Հայ Որբերու Թրքացման Փորձը

«Այնթուրայի մէջ գերեզման մը կայ, ուր թուրքեր հայ որբ մանուկներ համախմբած էին Համաշխարհային Ա. պատերազմին` զանոնք թրքացնելու եւ իրենց ազգային ինքնութենէն զրկելու համար: Ինչպիսի՜ ոճիր», գրած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:

Ապահովական Եւ Ընտրական Օրէնքի  Հարցերը` Դարձեալ Առանցքային Նիւթ

Ապահովական Եւ Ընտրական Օրէնքի Հարցերը` Դարձեալ Առանցքային Նիւթ

Շրջանային ապահովական իրադարձութիւններու լոյսին տակ եւ յատկապէս ահաբեկչական արարքներու կանխարգիլման ճիգերու ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ անդորրութեան եւ կայունութեան պահպանումը աւելի քան երբեք առանցքային նիւթ դարձաւ: Արդարեւ, նախագահ Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց  ապահովական ընդլայնուած նիստի մը` մասնակցութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ ապահովական կառոյցներու նոր...

Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարը Կ՛աւետէ  Ելեկտրածին Շարժակներու «Գործէ Արձակումն» Ու  Ելեկտրականութեան Սակերու Նուազումը

Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարը Կ՛աւետէ Ելեկտրածին Շարժակներու «Գործէ Արձակումն» Ու Ելեկտրականութեան Սակերու Նուազումը

  Ուժանիւթի նախարար Սեզար Ապի Խալիլ երէկ լիբանանցիներուն աւետեց, թէ մօտ ատենէն ելեկտրական հոսանքի հայթայթումը ընդհանուր առմամբ պիտի աւելնայ օրական տասը ժամով: Մամլոյ ասուլիս մը տալով` նախարար Ապի Խալիլ յայտնեց, թէ որդեգրուած է ելեկտրականութեան հարցի «փրկարար լուծում» մը, ըստ որուն օրական ընդամէնը տասը ժամով պիտի աւելնան ելեկտրական հոսանքի հայթայթման ժամերը: «Փրկարար լուծումը», որ պիտի ընթանայ հինգ փուլերով, կը միտի լուծել...

Նախագահ Աուն Բարի Գալուստի Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ Ռայի Պատրիարքէն

Նախագահ Աուն Բարի Գալուստի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ Ռայի Պատրիարքէն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ վերադարձաւ Լիբանան: Վերադարձի ճամբուն վրայ նախագահ Աուն անդրադարձաւ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի վեհաժողովի պաշտօնական խմբանկարը առնելու ընթացքին իր իյնալուն` զայն նկատելով աննշան դէպք մը, որ ֆիզիքական թէ բարոյական ոչ մէկ հետք ձգեց: Այս առիթով սակայն, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն զօրակցող քաղաքացիներուն` նշելով, որ իրենց անունով Ամմանի մէջ արտասանուած խօսքը մեծ ընդունելութիւն...

Page 747 of 986 1 … 746 747 748 … 986

Արխիւներ