Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովական Դէպքերը Գերակշռեցին Ծաղկազարդի Տօնական Մթնոլորտին

Ապրիլ 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ մարդիկը, յատկապէս` մանուկները ուրախացնելու կոչուած Ծաղկազարդի տօնին, երէկ ապահովական մահասփիւռ դէպքերը իրենց ահաւոր աւերներով գերակշռեցին երկրի ընդհանուր մթնոլորտին վրայ` առանցքը կազմելով կողմերու եւ ղեկավարներու խորհրդակցութեանց:

Արդարեւ, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի Եգիպտոս այցելութենէն քսան օր առաջ Գահիրէի հիւսիսը` Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ ղպտիներու եկեղեցիներուն մէջ երէկ պատահած զոյգ պայթումները ընդվզումի եւ դատապարտումի լայն ալիք բարձրացուցին:

Այս առիթով նախագահ Միշել Աուն ցաւակցական զոյգ հեռագիրներ յղեց Եգիպտոսի նախագահ, զօրավար Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին եւ ղպտիներու Թէոդորոս Բ. պապին` դատապարտելով մահասփիւռ զոյգ պայթումները: «Լիբանան կը զօրակցի ձեզի` ահաբեկչութեան եւ ձեր երկրի անդորրութիւնը խախտող փորձերու դիմակալման մէջ», ըսած է նախագահ Աուն` իր ցաւակցութիւնը յայտնելով զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար:

«Ահաբեկչութիւնը կրօն չունի, անիկա թիրախ կ՛ընտրէ նոյնիսկ մեր եւ ձեր դաւանած կրօնը` իսլամութիւնը», յայտարարեց վարչապետ Սաատ Հարիրի «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:

Նմանապէս ցաւակցական հեռագիրներ յղեցին լիբանանցի պաշտօնական, քաղաքական թէ կուսակցական անձնաւորութիւններ, ինչպէս` նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլան, Հըզպալլա եւ ուրիշներ:

Նաեւ` Այն Հելուէի Մէջ

Դարձեալ ապահովական մարզին մէջ, երէկ երրորդ օրն ըլլալով Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ բախումները շարունակուեցան` իրենց վրայ կեդրոնացնելով ժողովրդային թէ քաղաքական շրջանակներուն ուշադրութիւնը:

Երէկ գիշեր, արմատական «Պիլալ Պատըր» խմբակին տրուած վեց ժամուան պայմանաժամի աւարտին, զգուշաւոր հանդարտութիւն տիրեց գաղթակայանի յատկապէս բախումներու դաշտ հանդիսացած շրջաններուն մէջ:

Պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի եւ Ապահովական միացեալ ուժերուն կողմէ անձնատուութեան կոչին հակազդելով` Պիլալ Պատըր մերժած էր անձնատուր ըլլալ, փոխարէնը խոստանալով հեռանալ հրապարակէն եւ իր հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններու ապահովութեան հսկողութիւնը յանձնել ապահովական պատկան մարմիններուն:

Գաղթակայանի Ապահովական միացեալ ուժերու եւ Ֆաթհի ղեկավարութիւնը խոստացած էր «սերտել» Պիլալ Պատըրի պատասխանը եւ ըստ այնմ կեցուածք ճշդել:

Այն Հելուէի դէպքերուն վերաբերեալ եւս դատապարտումի եւ ընդվզումի կեցուածքները շարունակուեցան երէկ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դատապարտեց բախումները` հարց տալով, թէ ո՞վ է օգտուողը անոնցմէ, բացի Իսրայէլէն: «Արդեօ՞ք կ՛ուզեն պաղեստինեան գաղթաշխարհի այս մեծագոյն կայանը միշտ արիւնոտ վէրքի վերածել», հարց տուաւ Պըրրի` զգուշացնելով, որ նման սադրանքներ կը միտին վերջ տալ պաղեստինեան դատին:

Նշենք, որ վեց զոհ եւ աւելի քան քառասուն վիրաւոր խլած այս բախումներուն պատճառով, Սայտայի եւ յատկապէս Այն Հելուէ գաղթակայանի կրթական ցանցերն ու համալսարանները առկախեցին դասաւանդութիւնը` սպասելով դէպքերու զարգացումին: Սակայն երէկ ուշ գիշերին բախումները վերսկսան:

Մինչ այդ, լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերը դիրքեր գրաւեցին Սայտայի մայրուղիին վրայ եւ Այն Հելուէ գաղթակայանին շուրջ` կանխարգիլելու համար բախումներուն գաղթակայանէն դուրս ծաւալումը եւ հսկելու ընդհանուր ապահովութեան:

 

Նախորդը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը, Նախարարներ, Երեսփոխաններ Եւ Պատասխանատուներ Կը Ցաւակցին Զբօսաշրջութեան Նախարարին

Յաջորդը

«Հայութիւնը Կը Գուրգուրայ Եւ Յանձնառու Է Լիբանանի Շահերուն, Իսկ Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Կարելի Պիտի Ըլլայ Վաւերացնել Միայն Բոլորին Համաձայնութեամբ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Իսա. «Բանակի Հրամանատարին Ուաշինկթըն  Այցելութեան Վերականգնման Համար  Հաղորդակցութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Գլխաւոր լուրեր

Իսա. «Բանակի Հրամանատարին Ուաշինկթըն Այցելութեան Վերականգնման Համար Հաղորդակցութիւններ Գոյութիւն Ունին»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Եւ Սուրիոյ`  Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Հաստատման Համար  Տնտեսական Խթաններու Տրամադրումը Կը Դիտարկէ
Լիբանանեան

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն Լիբանանի Եւ Սուրիոյ` Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Հաստատման Համար Տնտեսական Խթաններու Տրամադրումը Կը Դիտարկէ

Դեկտեմբեր 9, 2025
Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Հիմնադրութեան  80-Ամեակի Նշման Ընթացքին Խօսք Մը Արտասանեց
Լիբանանեան

Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Հիմնադրութեան 80-Ամեակի Նշման Ընթացքին Խօսք Մը Արտասանեց

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?