Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Գումարուեցաւ Մանուկներու Քաղցկեղի Ընդհանուր Իրազեկման Նուիրուած Առաջին Համագումարը

April 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշել Աունի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ նախագահի ներկայացուցիչ` փոխվարչապետ եւ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի, երէկ` ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկագիտական կեդրոնի «Իսամ Ֆարես» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մանուկներու քաղցկեղի ընդհանուր իրազեկման նուիրուած իր տեսակին մէջ առաջին համագումարը, որ կազմակերպուած էր Մանուկներու քաղցկեղի Լիբանանի կեդրոնին կողմէ` իր հիմնադրութեան 15-ամեակին առիթով, մասնակցութեամբ Լիբանանի ու շրջանի երկիրներէն եկած բազմաթիւ մանուկներու քաղցկեղի մասնագէտ բժիշկներու:

Համագումարը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք խօսք առաւ փոխվարչապետ եւ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ երկրին նախագահը մեծապէս կարեւոր կը նկատէ այս ու նման համագումարները, որոնք կը նպատակադրեն մեր զաւակներուն առողջութիւնը հոգալ, անոնց աճման հետեւիլ, որովհետեւ մանուկները ներկայի գեղեցկութիւնն են եւ ապագայի յոյսը:

Ան հաստատեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն 2015-ին 18 տարեկանէն վար բուժում ստացած է 1405 հիւանդ, 2461 մուտքի բժշկական տոմսակով, ընդհանուր 7,2 միլիառ պիւտճէով, որոնցմէ 122 հիւանդ դարմանուած է  Մանուկներու քաղցկեղի Լիբանանի կեդրոնին մէջ, 2579 բժշկական մուտքի տոմսակներով եւ 1,9 միլիառ պիւտճէով:

Հասպանի կարեւոր նկատեց հիւանդութեան կանուխ ախտաճանաչումը, ապա նշեց, որ կանխարգիլման պատասխանատուութիւնը պէտք է բաժնեկցին ծնողները, դպրոցը եւ բժիշկը:

Իսկ խօսքի աւարտին Հաստանի յայտնեց, որ ներկայիս կը վերամշակուի քաղցկեղային հիւանդութիւններու ազգային տոմարը, որպէսզի կարելի ըլլայ գնահատել ներկայ կացութիւնը` չափահասներու եւ մանուկներու քով քաղցկեղային հիւանդութիւններու եւ բուժման եղանակներու զարգացման ու արդիւնքներու իրականացման առումով:

Յաջորդաբար խօսք առին Մանուկներու քաղցկեղի Լիբանանի կեդրոնի նախագահ Նուրա Ժոմպլաթ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական կեդրոնի եւ բժշկական խնդիրներու, ինչպէս նաեւ Մանուկներու քաղցկեղի Լիբանանի կեդրոնի եւ «Նայեֆ Պասիլ» կեդրոնի բժշկական տնօրէն տոքթ. Հասսան Սոլհ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական կեդրոնի գործադիր փոխնախագահ եւ բժշկագիտական համալսարանի տեսուչ տոքթ. Մոհամետ Սայեղ, Ամերիկեան, լիբանանեան, սուրիական բարեսիրական միացեալ հաստատութիւններու (ALSAC) նախագահ Ռիք Շիտիաք եւ Յորդանանի «Հիւսէյն» քաղցկեղի կեդրոնի եւ «Ամինա» հաստատութեան նախագահ իշխանուհի Ղէյտա Դալալ:

Համագումարը բաղկացած էր չորս նիստերէ, իւրաքանչիւր նիստին զեկումներով ելոյթ ունեցան 6 մասնագէտներ: Առաջին նիստը կը խօսէր մանուկներուն քով հիւանդութեան տարածման տարողութեան, դարմանումի համապատասխան  կարելիութեանց, մանուկներու առողջութիւնը ապահովելու տնտեսական խոչընդոտներուն, ինչպէս նաեւ հասարակութեան եւ ոչ կառավարական մարմիններու ու կազմակերպութիւններու կարեւոր դերակատարութեան մասին` մեղմացնելու համար նիւթական դժուարութիւնները: Երկրորդ նիստին լուսարձակի տակ առնուեցան իրազեկման եւ բժշկական տնօրինման հարցերը, նորագոյն բուժումները, նորօրեայ գիտական ուսումնասիրութիւնները եւ ձեռքբերումները: Երրորդ նիստը կեդրոնացաւ մանուկներու քաղցկեղի գործակցային կեդրոններու եւ ծրագիրներու ցանց մը հիմնելու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ամերիկեան «Սենթ Ժուտ» կեդրոնի կարեւոր դերակատարութեան եւ  մանուկներու քաղցկեղի կեդրոն հիմնելու կարիքներուն վրայ: Իսկ վերջին նիստը յատկացուած էր հիւանդապահներու դերակատարութեան, հիւանդութեան հոգեկան ազդեցութեան եւ անոր բուժման, ինչպէս նաեւ հիւանդ մանուկներու ուսումնառութեան հետ կապուած դժուարութիւններու դիմագրաւման:

Նախորդը

Լիբանաեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Այն Հելուէի Մէջ Բախումները Վերսկսան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.