Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Եւ Յարակից Հոլովոյթներու Բնականոնացման Ճամբուն Վրայ. Խորհրդարանը Սկսաւ Կառավարութեան Հաշուետուութեան Եւ Գործունէութեան Քննարկման Նստաշրջանին

April 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրի ղեկավար մարմինները լծուած են անդուլ աշխատանքի` սահմանադրական թէ յարակից առկախ հոլովոյթները իրենց բնականոն հունին վերադարձնելու միտումով, եւ այս` պահպանելու համար վարչամեքենայի օրինականութիւնը:

Այս ծիրին մէջ ապահովական կառոյցները առաւել եւս շեշտած են իրենց վճռականութիւնը` անդորրութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գծով, թէկուզեւ երբեմն անոնք շատ «սուղ» կ՛արժեն` խլելով երկրին ծառայելու պատրաստ անձնուրաց տարրեր: Այս դիտանկիւնէն կարելի է դիտել վերջերս ապահովական ուժերու խստապահանջ հետապնդումները` քաղաքացիներու հանգիստն ու օրապահիկը խափանել փորձող տարրերուն եւ աւազակախումբերուն դէմ:

Իսկ օրինական տեսական առումով խորհրդարանը, ինչպէս որ նախատեսուած էր, երէկ սկսաւ կառավարութեան գործունէութեան քննարկման եւ «հաշուետուութեան կանչող» նստաշրջանին:

Նախքան նիստին բացումը, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կողմնակի զրոյց մը ունեցան:

Նշենք, որ լրատուական աղբիւրներու համաձայն, յառաջիկայ երկուշաբթի կառավարութիւնը յատուկ նիստ մը պիտի գումարէ` քննարկելու ընտրական օրէնքի մշակման հարցը: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, նշեալ նիստի արդիւնքին լոյսին տակ նախագահ Միշել Աուն պիտի վճռէ իր կեցուածքը` այս գծով վերջնական լուծման մը յանգելու համար:

Արդարեւ, ընտրական օրէնքի հիմնահարցի կողքին երեսփոխանները խօսք առնելով անդրադարձան քաղաքացիներու ապրուստի հարցերուն` ելեկտրականութիւն, աղբերու տագնապ, վարչամեքենայի կառոյցներուն մէջ տիրող փտածութեան, մսխումի եւ յարակից երեւոյթներու` «սանդուխները վերէն կը լուան» կարգախօսով:

Փաստօրէն, կարգ մը երեսփոխաններ թուեցին ու կրկնեցին յաճախակիօրէն շեշտուած երեւոյթներ, ուրիշներ թուական տուեալներով հիմնաւորեցին իրենց կեցուածքները: Սակայն ամէնէն դիպուկը երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի խօսքն էր, ուր ան յստակ ախտաճանաչումներ կատարեց` մերկացնելով կարգ մը երեւոյթներու շարժառիթներն ու անոնց հեղինակները կամ կողմերը:

Նախ եւ առաջ խօսք առաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց կառավարութեան գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա «քիչ ժամանակուան մէջ շատ բան իրագործեց»: Վարչապետ Հարիրի վերահաստատեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը վճռած է շարունակել երթը եւ ամրապնդել իր կազմին նկատմամբ վստահութիւնը:

Երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր, անուղղակիօրէն պատասխանելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Ալեն Աունի` «քուէարկութեան դիմելու» ընտրանքին գծով վերջերս կատարած յայտարարութեան, պահանջեց համախոհութիւնը ընդհանուր խորագիր նկատել խօսակցութեանց, «որովհետեւ քուէարկութիւնը բաժանումի կը յանգի», ընդգծեց Ապու Ֆաուր:

Երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ պահանջեց խօսքէն անցնիլ գործի:

Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Նեժիպ Միքաթի յաւելեալ թափանցիկութիւն պահանջեց, յատկապէս նաւթի եւ կազի թղթածրարներուն առնչութեամբ:

Երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ զգուշացուց քաղաքացիներու ապրուստի թէ ապրելակերպի միջոցները խաթարող երեւոյթներէն, ինչպէս` ներածումներու բերումով ստեղծուած անբաղձալի մրցակցութեան երեւոյթը (խնձորի պարագան) եւ կուտակուած աղբերու երեւոյթը: Շեհայէպ շեշտեց, որ այս ընթացքով «2018-ին աղէտ կը սպառնայ մեզի»:

Երեսփոխան Նեպիլ Տը Ֆրէյժ առաջարկեց երկու «աթոռ» եւս աւելցնել խորհրդարանին մէջ` փոքրամասնութեանց համար:

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան առաջարկեց Լիբանանի ելեւմտական եւ դրամական ոճիրներուն համար յատուկ դատարան մը յառաջացնել օրէնսդրական առաջին նիստի ընթացքին (յառաջիկայ նորընտիր խորհրդարանին մէջ):

Երեսփոխան Ալի Պեզզի մերժեց դէպի դատարկութիւն յանգելու կարգ մը կողմերու միտումները` «անձնասպանութիւն» որակելով նման քայլ մը:

Երեսփոխան Նաուար Սահիլի առաջարկեց յաւելեալ հոգածութիւն ցուցաբերել Պաալպեք-Հերմել շրջանի բարգաւաճման հարցերուն:

Երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրէնքին որդեգրումը բաժանումի կ՛առաջնորդէ երկիրը:

Երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի զգուշացուց իսրայէլեան ախորժակներէն, յատկապէս Լիբանանի տնտեսական մարզերուն գծով:

Նշենք, որ երեսփոխաններու միջեւ տարակարծութիւնները ակներեւ էին, յատկապէս երեկոյեան նիստի աւարտին, երբ երեսփոխան Մուսաուի հակազդեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կողմէ «ստախօս» հասցէագրումը` անորոշ տարրերու ուղղութեամբ:

Աւարտին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նիստին շարունակութիւնը յետաձգեց այսօր, ուրբաթ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կը Շեշտէ Ըստ Անհատական Ունակութեան Եւ Ոչ Թէ Պատկանելիութեան Նշանակելու Պաշտօններու Ներկայացող Թեկնածուները

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուք Ռիպաունտի Մը Պատճառով Ձախողեցաւ Այլ «Թրիփըլ-Տապըլ» Մը Իրագործել

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.