ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի ընտրական օրէնքներուն եւ յայտնեց, որ եթէ 1957-ի Քամիլ Շամունի, 1960-ի Ֆուատ Շեհապի, Ղազի Քանաանի եւ Տոհայի, այլ խօսքով` 1960-ի կեղծուած ընտրական օրէնքները կը փաստեն, որ մենք ոչ մէկ ատեն կրցած ենք մշակել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ կը համապատասխանէ լիբանանցի քաղաքացիին, Լիբանանին եւ լիբանանեան պետութեան ձգտումներուն:
«Յիսունական թուականներէն մինչեւ օրս ընտրական օրէնքները ձեւուած են համայնքներու, յարանուանութիւններու եւ շրջաններու շահերուն եւ կարիքներուն համաձայն, նոյնիսկ եթէ պահ մը մոռնանք Պշարա Խուրիի օրերուն մշակուած օրէնքները:
Այսօր Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք կը յայտարարենք, թէ մենք վերջ տուած ենք հաշուարկի հոլովոյթին, սակայն արդեօք անիկա ճի՞շդ է: Արդեօք իրականութի՞ւն է, որ թիւերը հաշուելու հոլովոյթը կանգ առած է, երբ տակաւին առկայ է այն լռելեայն համոզումը, թէ քրիստոնեայ համայնքը պէտք է զգայ, որ ինք 50 առ հարիւրը չի կազմեր լիբանանցի ժողովուրդին: Ասիկա ցուցանիշ է, թէ մարդիկ տակաւին կը հաշուեն: Ճիշդ է, որ այդ հաշուարկին մասին տեղեկատուութեան մարզին մէջ ոչինչ կ՛արձանագրուի, սակայն այդ հաշուարկը կը շարունակուի ներքուստ` բոլորին սրտերուն մէջ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքները պէտք է հաւատան, որ իսկական գործակցութեան սկզբունքը թիւերով գործակցելու սկզբունքին վրայ չէ հիմնուած, այլապէս եթէ նոյնիսկ կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը, ապա երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումէն երկու օր ետք այդ օրէնքը պիտի քննադատուի եւ որակուի անարդար:
«Այդպէս պիտի պատահի, որովհետեւ մենք ամբողջ Լիբանանի համար ընտրական օրէնք մը չէ որ մշակած ենք: Եթէ կը փափաքինք ժողովրդավարական իսկական ընտրական օրէնք մը, ապա թերեւս պէտք է «մէկ անձ մէկ քուէ»-ի սկզբունքով ընտրական օրէնք մը որդեգրել` Լիբանանը բաժնելով 128 ընտրաշրջանի:
Մենք այսօր կը գտնուինք երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու պարտաւորութեան դիմաց: Տոհայի մէջ մեր կատարածը համաձայնութիւն մըն էր` պաշտպանելու համար քրիստոնեայ համայնքին շահերը, սակայն ի վերջոյ ի յայտ եկաւ, որ նոյնիսկ Պէյրութի մէջ կարելի չէր այդ օրէնքով պաշտպանել քրիստոնեաներուն շահերը, ընդհակառակն` քրիստոնեայ համայնքը անիրաւուեցաւ այդ օրէնքով: Օրին ոմանք յայտարարեցին, որ առանց հայոց քուէներուն կարելի է հայ երեսփոխան ընտրել, սակայն այսօր դժուարութիւնները յստակ կ՛երեւան: Ամէն պարագայի, իմ կարծիքովս անկարելի է, որ այս ընթացքով ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի քաղաքականութեան մէջ միշտ կան զիջումներ եւ համաձայնութիւններ` ընտրական օրէնքը ըլլայ համամասնական, թէ մեծամասնական թէ խառն:
«Մենք բոլորս կը գտնուինք նոյն նաւուն մէջ, կա՛մ բոլորս միասին ծովամոյն կը դառնանք եւ կա՛մ բոլորս միասին կը փրկուինք: Ընտրական օրէնքը պարզապէս փուլ մըն է, որովհետեւ խորքին մէջ Լիբանանի մէջ կը տիրէ գոյացութեան եւ ապագայի տագնապ: Մենք հրճուեցանք եւ տակաւին ուրախ ենք զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութեամբ, սակայն պէտք չէ մտածել, որ բոլոր լիբանանցիները մեզի նման ուրախ են, որովհետեւ իրականութիւնը այն է, թէ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ, ուժեր եւ պետութիւններ ուրախ չեն զօր. Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ, եւ իբրեւ այդպիսին անոնք անիւներուն մէջ փայտեր կը զետեղեն` խոչընդոտելու համար նոր իշխանութեան աշխատանքը», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` դիմադրելու նման կացութիւններու: «Հարցը մէկ երեսփոխան աւելի կամ մէկ երեսփոխան պակաս ունենալու խնդիր չէ, այլ` երկրին ապագան երաշխաւորելու», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հաւանականութեան` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ինչպէս գոյութիւն ունի «անհրաժեշտութեան օրէնսդրութիւն» եզրը, նոյնպէս ալ պէտք է գոյութիւն ունենայ «անհրաժեշտութեան երկարաձգում» եզրը: «Մայիսին` յառաջիկայ ամիս, կարելի չէ ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ ընտրամեքենաները պատրաստ չեն եւ ընտրական օրէնք չկայ: Մայիս կամ յունիս ամսուան ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու միակ կարելիութիւնը Տոհայի ընտրական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւններու կազմակերպումն է, սակայն քաղաքական ոչ մէկ ուժ կ՛ուզէ այդ օրէնքին վերադառնալ: Միւս կողմէ, բոլորը նաեւ կը մերժեն խորհրդարանի թափուր դրութիւնը, որ մտահոգիչ է», յայտնեց ան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախասիրած ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ տակաւին ոչ մէկ օրէնք իր մանրամասնութեամբ առկայ է, իսկ չարիքը մանրամասնութիւններուն մէջ է: «Օրինակի համար, համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքին որդեգրումին մասին եթէ հարց տանք, թէ այդ օրէնքը գործադրելով ընտրացանկերը պիտի կազմուին նահանգներո՞ւ, թէ՞ գաւառներու հիման վրայ, ոչ մէկ պատասխան կարելի է ստանալ: Երկրին մէջ կայ ընդհանուր շփոթ մը եւ անորոշութիւն մը: Հետեւաբար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն պատրաստակամութիւն կը յայտնէ սերտելու եւ ուսումնասիրելու ներկայացուող որեւէ ընտրական օրէնք: Չենք յաւակնիր պապէն աւելի պապական ըլլալ, սակայն մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, ոեւէ այլ համայնքի նման մեր մտավախութիւններն ու պայմանները ունինք, հետեւաբար ըստ այնմ պիտի վարուինք` պահպանելով հայութեան ներկայացուցչութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը: Հայկական երեսփոխանական պլոքը օր մը օրանց միայն ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէն չէ բաղկացած, այլեւ հայկական բոլոր կուսակցութիւններէն եւ յարանուանութիւններէն: Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը գործակցի քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ, սակայն ունի իր իւրայատուկ տեսակէտները, ինչ որ առողջութեան ցուցանիշ է եւ իբրեւ կայուն պլոք կ՛երաշխաւորէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ մերձեցումը», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան նշեց, որ ներկայիս ՀՅԴ-ի հիմնական երկու դաշնակիցներն են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու երեսփոխան Միշել Մըրը` աւելցնելով սակայն, որ Կեդրոնական կոմիտէն հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ նաեւ Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ:
«Ի վերջոյ մենք կը ներկայացնենք մեր ժողովուրդը եւ անոր իրաւունքները, ապագան, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ապագան կը պաշտպանենք: Մենք այս պատասխանատուութիւնները ստանձնած ենք եւ կը ջանանք լաւագոյնս ծառայել ժողովուրդին», շեշտեց ան:
Ոչ Ոքի Արտօնուած Է Հայրենասիրութեան Դաս Տալ Մեզի
Անդրադառնալով լիբանանեան ընկերային բնոյթի յայտագիրի մը մասնակցութեան ընթացքին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի կողմէ Հայաստանի նախընտրութիւնը մատնանշող պատասխանի մը լոյսին տակ նախարարին դէմ շղթայազերծուած քարոզչական արշաւին` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Առաջին անգամը չէ, որ նման արշաւներ կը կատարուին մեզի դէմ: Նման արշաւներ շղթայազերծուած են նոյնիսկ մեզի ամէնէն մօտիկ ուժերու եւ հեղինակութիւններու կողմէ: Իսկ վատագոյնը եւ բարոյապէս ամէնէն մերժելին այն է, որ նախարար Կիտանեանի մօր մահէն ետք ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ կատարուած են արձանագրութիւններ, որոնց համաձայն նախարար Կիտանեան պէտք է իր մայրը Հայաստանի մէջ թաղէ: Թող ներեն մեզի, բայց Լիբանանի գերեզմաններուն կէսին մէջ լիբանանցիներ չեն թաղուած: Չեմ ուզեր աւելին ըսել: Ինչ կը վերաբերի նախարար Կիտանեանի մասնակցած յայտագիրին, այդ յայտագիրը քաղաքական յայտագիր մը չէր, այլ` ընկերային յայտագիր մը, որուն ընթացքին նախարարը հաւանաբար ուզեց ընդվզեցնող պատասխաններ տալ, որովհետեւ հարցումները իրենց կարգին ընդվզեցնող էին: Հարցումները կը նմանէին այն վիճակին, երբ մարդիկ երեխային հարց կու տան, թէ ան իր հա՞յրը կը սիրէ՞, թէ՞ մայրը: Հայ հասկացողութիւնը մեր մօտ համայնք է եւ ազգային պատկանելիութիւն, հետեւաբար բնական է, որ Հայաստան ըլլայ պատասխանը` նկատի ունենալով, որ ներկայ Հայաստանը մաս մըն է այն Հայաստանին, ուրկէ մեր նախահայրերը բռնագաղթի ենթարկուած են, եւ այսօր մենք անոնց շառաւիղներն ենք: Երբ մէկը ըսէ` այո՛, հայ եմ, բայց լիբանանցի եմ, սա կը նշանակէ, թէ ան լիբանանեան քաղաքացիութիւն է, որ կը կրէ եւ կը հպարտանայ այդ ինքնութեամբ, իսկ լիբանանցիներուն մեծ տոկոսը կ՛ուղղուին օտար անցագիրներ ստանալու, ինչպէս` ամերիկեան, ֆրանսական, քանատական եւ այլ երկիրներու քաղաքացիութիւններ: Ես` իբրեւ հայ լիբանանցի, հաւասար եմ լիբանանեան ոեւէ այլ համայնքի, ինչպէս շիի լիբանանցիին, սիւննի լիբանանցիին, ուղղափառին, ասորիին, ղպտիին: Ո՞ւր է հարցը: Հայաստանի հասկացողութիւնը մեզի համար հայկական մեր ինքնութիւնն է, բայց մենք լիիրաւ լիբանանցիներ ենք», ըսաւ Յ. Բագրատունի` ուղղելով հետեւեալ հարցումը. «Ինչո՞ւ հարց չեն տար, եթէ արա՞բ է, թէ՞ լիբանանցի»:
Երեսփոխան Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այն իրականութիւնը, որ հայերը կը մեղադրուին լաւ արաբերէն չգիտնալու յանցանքով, մինչդեռ լիբանանեան տուներուն երկու երրորդին մէջ մարդիկ արաբերէն չեն խօսիր, լրատուութիւնները լեցուն են աղաւաղուած արաբերէնով, իսկ մեծ թիւով լրագրողներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ արաբերէն լեզուի կոպիտ սխալներով կը ներկայանան հանրութեան, սակայն միայն հայոց լեզուական սխալները կը մատնանշուին:
Յ. Բագրատունի անընդունելի նկատեց այն մեղադրանքը, որ զբօսաշրջութեան նախարարը իր գործը լաւ ձեւով չի կատարեր:
«Մենք կը պաշտպանենք Լիբանանի շահերը: Զբօսաշրջութեան նախարարը քանի մը օր առաջ «Պիել»-ի մէջ հովանաւորեց էօրեքայի ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին 40 թրքական ընկերութիւններ: Հետեւաբար անկարելի է ընդունիլ այն ամբաստանութիւնը, որ զբօսաշրջութեան նախարարը պոյքոթի կ՛ենթարկէ նախարարութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անիրաւութիւն է ըսել, որ զբօսաշրջութեան նախարարը երկրին զբօսաշրջութեան մարզը չի քաջալերեր: Տարեկան դրութեամբ 400 հազար լիբանանցիներ կը մեկնին Թուրքիա` զբօսաշրջութեան նպատակով, իսկ 30 հազար թուրքեր կու գան Լիբանան` նոյն նպատակով: Մէկ միլիառ տոլարի թրքական արտադրութիւն կը ներածուի Լիբանան, իսկ 90 միլիոն տոլարի լիբանանեան արտադրութիւն կ՛արտածուի դէպի Թուրքիա: Այս է առեւտրական հաշուեկշիռը երկու երկիրներուն միջեւ. խնդրեմ ըսէ՛ք, թէ ո՞վ որմէ կ՛օգտուի: Ո՞վ է լիբանանեան արտադրութիւնն ու զբօսաշրջութիւնը քաջալերողը եւ ո՞վ է թրքական արտադրութիւնն ու զբօսաշրջութիւնը քաջալերողը: Իսկ եթէ մենք այսօր Լիբանանի նկատմամբ յանձնառու ենք եւ կը զգուշանանք Թուրքիայէն անոր հասնող վտանգներէն, ապա ամբողջ արաբական աշխարհը եւս կը զգուշանայ Թուրքիայէն, որ ահաբեկչութեան օրրան է: Իսկ եթէ հայը իր յիշողութեան մէջ միշտ վառ կը պահէ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ 6 մայիսի լիբանանցի նահատակներուն յիշատակը, ապա ան դաւաճան կ՛ըլլա՞յ: Ուրեմն հայը ենթադրուած է իր պայուսակը առնել եւ հեռանա՞լ Լիբանանէն դէպի Հայաստան, եթէ կարգ մը լիբանանցիներ կ՛ամչնան ըսելու, որ հարիւրամեակ մը առաջ` 6 մայիսին լիբանանցիները սովի ենթարկուեցան, իսկ Ճեմալ փաշան եկաւ Պէյրութ եւ Նահատակաց հրապարակին վրայ իսլամ ու քրիստոնեայ լիբանանցիներ կախաղան բարձրացուց: Հայը դաւաճա՞ն կ՛ըլլայ, եթէ լիբանանցի իր եղբօր յիշեցնէ, թէ քիչ մը պէտք է աղօթէ եւ մտածէ: Որովհետեւ Էրտողանը ամէն օր ներկայ է: Իսկ լիբանանցի քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններ ջուրի ճամբու վերածած են Պէյրութ-Պոլիս ճամբան եւ կը հպարտանան Աթաթուրքին եւ այլոց լուսանկարներով: Լիբանանի իւրայատկութիւնը պահպանող եւ երկրին շահերը պաշտպանող նախարարը ի՞նք եղաւ դաւաճանը, իսկ Պոլսոյ իր գրասենեակին մէջ նստող լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնը եղաւ հաւատարի՞մը: Քաղաքացիութիւնը հաւատարմութիւն է եւ պատկանելիութիւն, հայութիւնը ո՛չ գողցաւ, ո՛չ սպաննեց, ո՛չ առեւանգեց, ո՛չ քաղաքացիական պատերազմին մասնակցեցաւ եւ ո՛չ քանդեց: Հաւանաբար մենք գուրգուրանքով եւ Լիբանանի շահերուն նկատմամբ յանձնառութեամբ կը վարուինք Լիբանանի հետ եւ արիւնահեղութեան ու քանդումի մեղսակից չենք դառնար` մեկնելով մեր փորձառութենէն: Մենք հայրենիք կորսնցուցած ենք եւ մեր պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է զգուշացնել լիբանանցիները` ըլլան անոնք ծագումով հայ կամ ոչ հայ, ոչ ոքի արտօնուած է մեզի հայրենասիրութեան դաս տալ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Պատասխանելով Սուրիոյ Շհէյրաթ ռազմակայանին դէմ ուրբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ամերիկեան մարտանաւերուն կողմէ կատարուած հրթիռակոծումին մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի նշեց, որ ամերիկեան վարչակարգին եւ այլոց համար Սուրիոյ մէջ քիմիական նիւթերու օգտագործման լուրը հրատապ է եւ Սուրիոյ ու Իրաքի տագնապին իմաստով անմիջական վերադասաւորման առիթ:
«Սակայն կարելի է ըսել մէկ բան. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը տեսնէ, թէ հակառակ իր ընտրութեան, ներքին ամերիկեան իմաստով ինք հանգիստ իրավիճակ չունի: Ան թէ՛ Քոնկրեսին եւ թէ՛ Ծերակոյտին մէջ իր ուզածին չի հասնիր, Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ իր երկրին յարաբերութիւնները հեզասահ չեն ընթանար: Հետեւաբար ան պէտք էր խառնէր խաղաքարտերը եւ վերադիրքաւորուէր Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, որպէսզի նախ եւ առաջ ներքին առումով ինքզինք հզօրացնէ եւ ապա Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ բանակցութիւններու նստելու յաւելեալ քարտեր ձեռք ձգէ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Թրամփի ընտրութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը կարելի չեղաւ զգալ Միջին Արեւելքի մէջ, սակայն Սուրիոյ Շհէյրաթ օդակայանին հրթիռակոծումը, որ սահմանափակ պէտք է նկատել, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ հարուած մըն է, որ բնաւ չի նպաստեր Սուրիոյ տագնապին հարցով խաղաղ լուծման յանգելու:
«Կարելի չէ այս իմաստով տեսակէտ յայտնել, սակայն պէտք է հետեւիլ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Ռուսիա Ապահովութեան խորհուրդը արտակարգ նիստի մը հրաւիրած է, որպէսզի ըստ այնմ կեցուածք ճշդուի: Իսկ մենք Լիբանանի մէջ հարիւր հազար տեսակի հարց ունինք եւ պէտք չունինք անդրադառնալու այն խնդիրներուն, որոնց վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունինք, սակայն ցաւ ի սիրտ, նման հարցեր գոյութիւն ունին եւ մենք ենթակայ ենք անոնց ազդեցութեան», ըսաւ ան:
Դամասկոսի եւ Ռիֆ Համայի մէջ ապահովական խախտումներուն, Խան Շէյխունի ռմբակոծումին մասին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի անվտանգութիւններուն իրարմէ կախեալ ըլլալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ մնայուն կերպով մակընթացութիւն եւ տեղատուութիւն գոյութիւն ունէր անցնող եօթը տարիներուն: Սուրիոյ մէջ արձանագրուեցան յաղթանակներ եւ պարտութիւններ, մակընթացութիւն եւ տեղատուութիւն արձանագրուեցան նաեւ միջազգային կեցուածքներուն առումով: Երեք շաբաթ առաջ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կ՛ըսէր, որ Ուաշինկթընի համար նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը առաջնահերթութիւն չի նկատուիր, իսկ այսօրուան ռմբակոծումը տարբեր նշանակութիւններ ունին: Տակաւի՛ն, կայ այն վարկածը, որ սուրիական կողմը տեղեակ էր գործուելիք ռմբակոծումին մասին եւ օդակայանը պարպած էր օդանաւներէն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ վերադասաւորումի եւ խաղաքարտերը խառնելու քայլերու դիմած են, որպէսզի տիրող իրավիճակէն օգտուին եւ կարենան բարելաւել իրենց բանակցելու կարողութիւնները` տարբեր խորհրդաժողովներու ընթացքին:
«Սակայն եօթը տարի ետք պէտք է հաստատել հիմնական իրողութիւն մը, թէ սուրիացի քաղաքացին սուղ կը վճարէ այդ պատերազմին գինը: Ոճիրը, քանդումն ու արիւնահեղութիւնը ծանր կ՛ազդեն ժողովուրդին վրայ, մինչդեռ մեծ պետութիւնները կը մտածեն, որ Սուրիան որքա՛ն աւելի շատ քանդուի, այդքան աւելի մեծ կ՛ըլլայ այդ երկիրը վերակառուցելու նպատակով գործող ճարտարապետական եւ շինարարական հաստատութիւններուն աշխատանքը: Բայց եւ այնպէս, ըլլայ Սուրիոյ կամ որեւէ այլ երկրի մէջ քաղաքացին է հիմնական տուժողը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: