Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Սուրիոյ Դէմ Ամերիկեան Յարձակումին` «Լիբանան Կը Դատապարտէ Մահասփիւռ Աւերիչ Զէնքերու Գործածութիւնը, Որ Կողմէն Ալ Ըլլայ Անիկա» Յայտարարեց Նախագահ Միշէլ Աուն

April 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Լիբանան կը դատապարտէ եւ կը մերժէ աւերիչ զէնքերու գործածութիւնը եւ այս գծով ստորագրած է այդ զէնքերու գործածութիւնը արգիլող համաձայնագիրներ եւ դաշինքներ», հաստատեց նախագահ Միշել Աուն երէկ իր այցելուներուն հետ ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին:

Այս առիթով նախագահ Աուն կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` ստիպելու Իսրայէլն ու բոլոր այն երկիրները, որոնք չեն ստորագրած այդ համաձայնագիրները, կիրարկելու անոնց տրամադրութիւնները եւ ենթարկուելու անոնց որոշումներուն:

Նախագահ Աուն, որ երէկ անջատաբար ընդունեց Միջին Արեւելքի շրջանային առողջապահութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ տոքթ. Մոհամետ Ֆիքրին, Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու Ժաք Շեմինատը եւ այլ անձնաւորութիւններ, ցաւ յայտնեց շրջանին մէջ տիրող կացութեան համար` նշելով, որ ամէն անգամ, որ շրջան մը յարձակման թիրախ կը դառնայ,  յաւելեալ մարդիկ կը գաղթեն եւ կ՛ապաստանին Լիբանան, ինչ որ առաւել եւս կը շեշտէ առանց այդ ալ Լիբանանի ծանր բեռը` գաղթականներու հիւրընկալման եւ հոգածութեան առնչութեամբ: Նախագահ Աուն ցաւ յայտնեց Սուրիոյ դէմ ամերիկեան յարձակումին համար` ընդգծելով, որ անիկա չի նպաստեր շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ճիգերուն: Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ Եւրոպա օժանդակութիւն կը տրամադրէ գաղթականներու հիւրընկալ երկիրներուն` նշելով եւ յիշեցնելով նաեւ Լիբանանի պարագան, որ անզօր է այլեւս տոկալու գաղթականներու հիւրընկալման թէ հոգածութեան նիւթական ծախսերուն:

Իր կարգին, ֆրանսացի դիւանագէտ Շեմինատ անհրաժեշտ նկատեց, որ Ֆրանսա այս հարցով օժանդակէ Լիբանանին: Բարձր գնահատելով նախագահ Աունի դերը, «որուն ծանօթ ենք 1989-էն ի վեր», Շեմինատ ընդգծեց, որ Լիբանանի վարկն ու դերը Ֆրանսայի համար իւրայատուկ է եւ վեր` քաղաքական նկատառումներէ:

 

Նախորդը

Այն Հելուէի Մէջ Բախումները Վերսկսան

Յաջորդը

Կառավարութեան Հաշուետուութեան Խորհրդարանի Նստաշրջանին Առընթեր. Հայեացքները Սեւեռած Են Կառավարութեան Երկուշաբթի Օրուան Նիստին Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.