Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան-Պուլկարիա Առեւտրական Գործարարներու Խորհուրդի Գործունէութեան Սկիզբ Տրուեցաւ

April 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի եւ Պուլկարիոյ միջեւ գործարարներու խորհուրդին ստեղծման մեկնարկը կատարուեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2017-ի կէսօրին, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատին մէջ, Համրա, ներկայութեամբ նշեալ պալատի նախագահ Մոհամետ Շուքէյրի, ճարտարարուեստի նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, սուրիահայ գործարարներու ղեկավար դէմքերէն Լեւոն Զեքի Ետալեանի, Պուլկարիոյ դեսպան Փեթքով Տիմիթրովի, Լիբանանեւպուլկարական գործարարներու խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Ալաէտտինի, փոխնախագահ Սարգիս Պուտագեանի եւ այլ լիբանանցի թէ պուլկարացի առեւտրական մարզերու ներկայացուցիչներու:

Լիբանանի եւ Պուլկարիոյ միջեւ ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի մարզերուն զարկ տալու եւ խթան հանդիսանալու միտող այս հանդիպումին խօսք առին Մոհամետ Շուքէյր, դեսպան Տիմիթրով, Մոհամետ Ալաէտտին եւ այլ լիբանանցի թէ պուլկարացի տուեալ մարզերու ներկայացուցիչներ:

Խօսքերու աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու լիբանանեան թէ պուլկարական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով  Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատի անդամ, ինչպէս նաեւ նորակազմ լիբանանեւպուլկարական գործարարներու խորհուրդի փոխնախագահ Սարգիս Պուտագեան անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Պուլկարիոյ միջեւ առեւտրական յարաբերութեան` յիշեցնելով, որ տարի մը առաջ արդէն կազմուած էր Պուլկարեւլիբանանեան գործարարներու խորհուրդը, որուն հրաւէրով պատուիրակութեան մը անդամակցութեամբ այցելած էր Պուլկարիա` մօտէն ծանօթանալով երկկողմանի առեւտրական փոխադարձ յարաբերութեան: Պուտագեան բարձր գնահատեց պալատի նախագահ Մոհամետ Շուքէյրի նախաձեռնութիւնը` զանազան երկիրներու միջեւ գործարարներու խորհուրդներու ստեղծումով: Պուտագեան շեշտեց այս մարզին կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով լիբանանահայ առեւտրականներուն` աւելի աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու այս մարզին մէջ: «Ես զինուոր մըն եմ առեւտուրի այս դաշտին մէջ եւ կարելիս պիտի ընեմ առաւել եւս աշխուժացնելու եւ արդիւնաւորելու այս մարզը», ընդգծեց Պուտագեան:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, սուրիահայ պատասխանատու գործարար Լեւոն Զեքի Ետալեան շեշտեց նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը երկրի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան մէջ: Ան նշեց, որ զանազան երկիրներ արդէն իսկ նման ծրագիրներ ունին եւ ուրիշներ կը բաղձան ունենալ Սուրիոյ վերաշինութեան գծով: Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի եւ հալէպահայութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ետալեան յայտնեց, թէ կացութիւնը համեմատաբար աւելի կայուն է` մաղթելով, որ համատարած խաղաղութիւնը շուտով կը հաստատուի Սուրիոյ մէջ:

Իր կարգին, Պուլկարիոյ դեսպան Պեթքով Տիմիթրով հաճոյքով պատասխանեց «Ազդակ»-ի մէկ հարցումին, իր գոհունակութիւնը յայտնելով  Լիբանանեւպուլկարական յարաբերութեանց սերտացման գծով: Դիտել տալով, որ քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք չէ արգելակեն տնտեսական եւ առեւտրական մարզերու զարգացումը, դեսպան Տիմիթրով  շեշտեց առաւել գործօն  եւ արդիւնաւէտ քայլերու նախաձեռնութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժեր Նոր Զոհ Մը Տուին Գողութեան Կանխարգիլման Իրենց Պարտականութեան Ընթացքին

Յաջորդը

Իրենց Ամսական Հերթական Ժողովի Ընթացքին. Մարոնի Եպիսկոպոսները Պահանջեցին Արդար Ներկայացուցչութիւն Ապահովող Ընտրական Օրէնքի Մշակումը

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.