Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի մօր` Պերճուհի Կիտանեանի մահուան սուգին առիթով, շաբաթավերջին ցաւակցութիւնները շարունակուեցան:
Նախարար Կիտանեանին անձամբ ցաւակցեցան երեսփոխաններ Միշել Մըր, Ուալիտ Խուրի, Սեպուհ Գալփաքեան, Սերժ Թուրսարգիսեան, Շանթ Չինչինեան, Նատիմ Ժեմայէլ, Նաժի Ղարիոս, նախկին նախարարներ Աբրահամ Տէտէեան, Նուրիճան Տեմիրճեան, Նիքոլա Սահնաուի եւ Քարիմ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքապետներ:
Նախարար Կիտանեան ցաւակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամէն, երեսփոխան Անուար Խալիլէն, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենէն եւ Յորդանանի զբօսաշրջութեան նախարարէն:
Նշենք նաեւ, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպանը ցաւակցագիրներ յղեցին նախարար Կիտանեանի: