Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանաեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու բաժանմունքը երէկ` ուրբաթ, այգաբացին ձերբակալեցին երկու անձեր, որոնք կը փորձէին ինքնաշարժ գողնալ Պէյրութի արեւելեան արուարձաններու մէկ մայրուղիին վրայ, Զալքայի մէջ: Փոխադարձ կրակոցի պատճառով աւազակներ  Ա. Զ. եւ Ա. Մ. վիրաւորուեցան եւ ձերբակալուեցան:

ԺԱՌԱՆԳԻ  պատճառով ծագած վէճի մը իբրեւ հետեւանք երիտասարդ մը սպաննած է իր եղբայրն ու վիրաւորած հայրը` Պապելիէի շրջանին մէջ: Ապա յանցագործը սպասած է ապահովական ուժերուն եւ անձնատուր եղած:

ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ երեւոյթով մը հինգշաբթի գիշեր պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին կարելի եղաւ երկու միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն հաւաքել` մանուկներու քաղցկեղի հիւանդութեան համար: Այս առնչութեամբ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ նախարարութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ ապահովելու մանուկներու քաղցկեղի դարմանումի դեղօրայքը, եւ այս` շնորհիւ Միջազգային դրամատան օժանդակութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի տարրեր երէկ յաջողեցան սուրիացի գաղթականներու Հաուշ Սայէտ կայանէն օրինազանց տարրեր ձերբակալել:

ԶԱՀԼԷԻ մէջ ձերբակալուեցաւ երեք սուրիացիներէ բաղկացած աւազակախումբ մը, որ մեծագումար «կաշառք»-ի փոխարէն փախստականներ կը փոխադրէր լիբանանեւսուրիական սահմանին վրայ:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ բանտարկեալներու ընտանեկան պարագաներ երէկ որոշ ժամանակով փակեցին Ռումիէի բանտին ճամբան` պահանջելով իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը: Իսկ Հարաւի մէջ Ապրայի դէպքերուն պատճառով ձերբակալեալներու ծնողները նոյնպէս բողոքի ցոյց կազմակերպեցին երէկ` պահանջելով ներում շնորհել իրենց զաւակներուն:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Մոսկուա- Անգարա Ապամերձեցման Առաջնորդող Պատահարներ

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Գումարուեցաւ Մանուկներու Քաղցկեղի Ընդհանուր Իրազեկման Նուիրուած Առաջին Համագումարը

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?