Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Սահմանադրական Ընկերային Եւ Ապահովական Իրավիճակի Լոյսին Տակ Լիբանանցի Վարիչներ Ահազանգ Կը Հնչեցնեն

Ապրիլ 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան գործունէութեան հաշուետուութեան յատկացուած խորհրդարանական նստաշրջանի նախօրեակին, երկրին վարիչներ ահազանգ հնչեցուցին երէկ` պահանջելով փութալ գործնական լուծումներու, երկիրը դատարկութեան եւ անոր հետեւանքներէն փրկելու առաջադրանքով:

Արդարեւ, այն միջոցին, երբ նախագահ Աուն կառչած կը մնայ իր «երեք ոչ»-երուն` ընտրութիւններու յետաձգման, երկարաձգման եւ 1960-ի օրէնքի որդեգրման գծով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեսփոխաններու հետ իր չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց փութալու գործնական լուծումներու` երկիրը փրկելու համար սահմանադրական դատարկութենէ եւ անոր այլազան հետեւանքներէն: Պըրրի ահազանգ հնչեցուց ներկայ իրավիճակին գծով` զգուշացնելով, որ դատարկութիւնը համազօր է երկրի հաստատութիւններու փլուզման:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստին, որուն աւարտին ժողովականները չուզեցին հաղորդագրութիւն հրապարակել` իրենց կեցուածքը այսօրուան կառավարական նիստին բացայայտելու խոստումով:

Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի Պրիւքսէլի մէջ Լիբանանի կեցուածքը փոխանցելով  Սուրիոյ եւ մերձակայքի յատուկ համագումարին, միջազգային ընտանիքին յիշեցուց, որ Լիբանան այլեւս անկարող է դիմանալ գաղթականներու բեռին տակ: Հարիրի  ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի բարգաւաճումը ութ առ հարիւրի համեմատութենէն նուազած ու նահանջած է մէկ առ հարիւր համեմատութեան, գաղթականներու (յատկապէս` սուրիացի) հոսքին պատճառով: Հարիրի աւելցուց, որ անգործութիւնը հասած է 36 առ հարիւրի համեմատութեան, եւ Լիբանան անզօր է իր չորս միլիոն հաշուող բնակչութեան կողքին տոկալու նաեւ երկու միլիոն սուրիացի թէ պաղեստինցի գաղթականներու հիւրընկալման ծախսերուն: Վարչապետ Հարիրի Պրիւքսէլի համագումարին մասնակիցներէն պահանջեց օգնել եւ զօրակցիլ Լիբանանին` պահանջելով 15 միլիառ տոլարի յատկացում:

Համագումարի պատկան կողմեր ընդառաջելով Հարիրիի առաջարկին որոշեցին յատուկ ֆոնտ մը յառաջացնել եւ ստացուած գումարը բաշխել գաղթականներ հիւրընկալած երկիրներուն (Լիբանան, Յորդանան եւ Թուրքիա…):

Միւս կողմէ, ընտրական օրէնքի «թնճուկ»-ին գծով իմացուեցաւ, թէ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի համաձայնած են ՛յառաջիկայ երկուշաբթի կառավարութեան յատուկ նիստ գումարել ընտրական օրէնքի եւ առնչակից հարցերու քննարկման համար` այսպիսով առիթ տալով պատկան կողմերուն միջեւ կարծիքներու եւ առաջարկներու բիւրեղացման:

Իսկ այսօր` հինգշաբթի նախատեսուող խորհրդարանի լիագումար նիստը կոչուած է քննութեան ենթարկելու կառավարութեան ցարդ արձանագրած նուաճումներն ու գործունէութիւնները, ուր կը նախատեսուի ,որ առիւծի բաժինը կազմեն երկրի ապրուստի եւ տնտեսական հարցերը:

Նախորդը

Պերճ Հաճէթեան` Աշխարհի Հարիւր Լիբանանցի Անձնաւորութիւններէն Մէկը

Յաջորդը

ՀՅԴ Ֆրանսայի Երիտասարդական Միութեան Անդամները Հանդիպում Ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամներուն Հետ

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?