Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ուղղուեցաւ Պետական անվտանգութեան ուժերու կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Սալիպա պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուց Պետական անվտանգութեան ուժերուն իրագործումները` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու շրջագիծին մէջ:
Սալիպա Սարրաֆին ներկայացուց նաեւ Պետական անվտանգութեան ուժերուն գործունէութիւնը` ըստ նոր ծրագիրին:
Սարրաֆ դրուատեց Սալիպայի դերակատարութիւնը, որուն շօշափելի փաստերը սկսած են երեւիլ Լիբանանի ապահովութեան մարզին մէջ:
Միւս կողմէ, Սարրաֆ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Սարրաֆ ընդգծեց, որ զինուորական եւ ապահովական յաւելեալ մեկնաբանութիւններ պէտք չէ կատարել:



