Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսները Կոչ Ուղղեցին Մշակելու Տեղահանուածներուն Վերաբերող Ծրագիր Մը

August 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` անոր հիմնադրութեան 72-ամեակին առիթով:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շեշտեց, որ բանակը երկրին, պետութեան եւ ժողովուրդին պաշտպանն է` անոր մաղթելով մնայուն յաջողութիւն` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած ներքին թէ արտաքին պայքարին մէջ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը զարմանք յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու ֆինանսաւորումը տուրքերու միջոցով ապահովուած է` աւելցնելով, որ Լիբանան տնտեսական լուրջ տագնապ կը դիմագրաւէ եւ զարմանալի է պետութեան կողմէ քաղաքացիները յաւելեալ տուրքերու ենթարկելը:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու աշխատավարձի յաւելումներն ու տուրքերը` կանխարգիլելու համար ընկերային ապահովութեան դէմ ուղղուելիք հաւանական հարուած մը:

Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին մշակելու տեղահանուածներուն վերաբերող ծրագիր մը` հաստատելով, որ իրենք կառչած կը մնան մարդկային այդ թղթածրարի լուծման` քաջ գիտակցելով, որ տեղահանուածներուն պարզած ներկայ ընթացքը լիբանանեան պետութեան մեծ կորուստներ պիտի պատճառէ:

Խորհուրդը պահանջեց արտաքին օրակարգերէ հեռանալ` յանձնառու մնալով միայն ներքին լիբանանեան օրակարգերուն գործադրութեան:

 

Նախորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Անհրաժեշտ Նկատեց, Որ Բանակը Դիրքաւորուի Լիբանանեան Ազատագրուած Հողերուն Վրայ

Յաջորդը

«Ելեւմտական Կայունութիւն Եւ Բարեկարգում Չկայ` Առանց Պետական Ամավարկի Վաւերացումին» Շեշտեց Քանաան

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.