ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ յայտնեց, որ արձանագրուելիք յաջորդ յաղթանակը պիտի ըլլայ անցեալ շաբթուան ընթացքին մեր ապրած յաղթանակին շարունակութիւնը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ողջունեց Հըզպալլան` Արսալի բարձունքները ազատագրելուն համար:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ ստորագրեց որոշում մը, որուն հիման վրայ 25 միլիառ լ. ոսկի պիտի փոխանցուի քաղաքապետարաններուն: Այդ գումարը 2017-ին բջիջային եւ սովորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն արձանագրուած շահերէն գոյացած է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր խստիւ դատապարտեց կարգ մը դպրոցներու կողմէ կրթաթոշակները բարձրացնելու քայլերը` աւելցնելով, որ Լիբանան կ՛ապրի տնտեսական անարդար վարչակարգի մը մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կոչ ուղղեց լիբանանեան գերիշխանութիւնը վերադարձնելու լիբանանեան պետութեան` աւելցնելով, որ պետութեան զէնքէն դուրս որեւէ այլ զէնք դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ Լիբանանի մէջ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը բացակայ է եւ երկրին պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումը, ինչպէս նաեւ բանակցութիւնները Հըզպալլայի հակակշիռին տակ կը գտնուին:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը եղած է եւ կը մնայ համայնքային խտրականութիւնը արգիլող ամրոցը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ ձախողեցուց Քեփթակոնի չորս միլիոն դեղահատի մաքսանենգումը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն անհրաժեշտ նկատեց պետական ամավարկի վաւերացումը` հաստատելով, որ բոլորին հայեացքները ուղղուած են դէպի Քաայի բարձունքները:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ հոգեւորականներու համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Մահեր Համմուտ շեշտեց, որ բոլորը իրենց քաղաքական հաշիւները պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն` Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակներուն լոյսին տակ:


