Աուն Կը Նախագահէ Ապահովութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստին, Իսկ Պասիլ Ռաս Պաալպեքէն Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Բանակին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ Ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի երկրին ապահովական կացութիւնը: Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Ռաս Պաալպեքի Մար Էլիան եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն նպատակն էր զօրակցիլ լիբանանեան բանակին: «Այսօր մենք...



















