Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Հանրի Խուրին Նշանակեց Պետական Շաուրայի Նախագահ

August 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ  Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 57 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն անդրադարձաւ Սպայից վարժարանի աւարտական հանդէսին եւ բանակի տօնը նշելու առնչութեամբ լիբանանցիներուն խանդավառութեան: «Ան աւելցուց, որ խորհրդարանին կողմէ աշխատավարձի յաւելումներն ու տուրքերը վաւերացնելու իմաստով մեծ թիւով սենտիքաներ եւ կրթական խորհուրդներ իրենց դիտողութիւնները յայտնած են իրեն անձամբ», ըսաւ Ռիաշի:

Ան աւելցուց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն մանրամասնօրէն ներկայացուցած է երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան իրավիճակը` հիմնուելով ելեւմտական հեղինակութիւններուն տրամադրած փաստաթուղթերուն վրայ, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատած է վաւերացնել տնտեսական ծրագիր մը` կոչ ուղղելով անոր անյապաղ գործադրութեան:

Ռիաշի նշեց, թէ նախագահ Աուն ակնարկած է նաեւ քուէյթեան բողոքագիրին, որուն լոյսին տակ կառավարութիւնը հաստատած է Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ գոյութիւն ունեցող ամրապնդուած յարաբերութիւններուն գոյութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւններու պահպանումին:

Ռիաշի նշեց, որ վարչապետ Հարիրի իր կառավարութեան ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներ իր կատարած այցելութեան արդիւնքները` զանոնք նկատելով դրական: «Ան ներկայացուց ամերիկացի պետական պաշտօնատարներուն հետ իր կատարած քննարկումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ամերիկեան կողմին արծարծած հարցերուն մասին Լիբանանի կառավարութեան տեսակէտին: Հարիրի Ուաշինկթընի մէջ անդրադարձած է նաեւ տնտեսական այդ մեծ բեռին, որ Լիբանանի ուսերուն զետեղուած է` սուրիացի տեղահանուածներուն կարիքները հոգալու առումով, ընդգծելով, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման ապահովումը առիթ կու տայ տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին: Հարիրի շեշտեց, որ մինչեւ քաղաքական լուծումի յանգիլը, միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ Լիբանանին` աւելցնելով, որ ամերիկեան վարչակարգը, Քոնկրեսը, Միջազգային դրամատունն ու Միջազգային դրամական ֆոնտը ընդառաջած են իր ներկայացուցած առաջարկներուն», ըսաւ Ռիաշի:

Ան ըսաւ նաեւ, որ Հարիրի անդրադարձած է աշխատավարձերու յաւելումին` մաղթելով, որ ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբը աւարտէ պետական ամավարկի քննարկումը` զայն ներկայացնելու համար խորհրդարանի լիագումար նիստին:

«Հարիրի նշեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննարկած է այդ հարցը եւ հասած այն եզրակացութեան, որ երկրին ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւնը կրնան մեղմացնել նիւթական դժուարութիւնները` առիթ ընծայելով ներդրումներու եւ հսկայ ծրագիրներու», նշեց Ռիաշի:

Ան աւելցուց, որ վարչապետը ներկայացուցած է 2001-2016 Լիբանանի մէջ տիրած տնտեսական կացութեան մասին ուսումնասիրութիւն մը, որուն մէջ յստակօրէն կ՛երեւար, թէ տնտեսութիւնը աճ արձանագրած է երկրին քաղաքական կայունութեան ընթացքին:

Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ կնոջ եւ ընտանիքի անդամներուն ապահովութեան օրինագիծին` նշելով, որ Լեռնալիբանանի եւ Պեքաայի նահանգապետներուն նշանակումը յետաձգուած է, իսկ Հանրի Խուրի նշանակուած է Պետական շաուրայի նախագահ` փոխան դատախազ Շուքրի Սատերի:

Ռիաշի աւելցուց նաեւ, որ նիստին ընթացքին կառավարութիւնը Արսալի բարձունքներուն վերաբերող ոչ մէկ հարց քննարկեց:

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Արսալի Յաղթանակը Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանի Արձանագրած Նոր Յաղթանակ Մըն Է»

Յաջորդը

Պըրրի Լիբանանեան Իրադարձութիւնները Քննարկեց Քապպարայի, Արիտիի, Ապու Ֆաուրի Եւ Սքաֆի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.