Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Ղազի Արիտին եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին իրենց այցելութիւնը կ՛իյնայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ անոր միջեւ մնայուն խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ:
Պըրրի ընդունեց նաեւ աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարան, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Խորհրդարանի նախագահին այցելուներէն եղաւ նաեւ Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ:



