Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Սահմաններուն Վրայ Ժապհաթ Նուսրայի Ներկայութեան Աւարտով Դիմադրութեան 5 Գերիները Վերադարձան Տուն

Օգոստոս 4, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ շուրջ կէս գիշերին Սուրիոյ սահմանամերձ Քաայի մէջ Դիմադրութեան ազատ արձակուած գերիները արժանացան պաշտօնական եւ ժողովրդային ջերմ դիմաւորումի:

Քաայի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերէն քիչ անդին, հազարաւոր քաղաքացիներ Լիբանանի, Հըզպալլայի, Ազգային ազատ հոսանք եւ Ղովմի կուսակցութիւններուն եւ Ամալ շարժումի դրօշակներով եւ Քաայի մուտքը զարդարած յաղթանակի կամարներով, վարդերով, բրինձով, կարմիր գորգերով ու եկեղեցւոյ զանգերով դիմաւորեցին Դիմադրութեան 5 մարտիկները` Հասան Նազիհ Թահա, Մոհամետ Մեհտի Հանի Շաայէպ, Մուսա Քորանի, Մոհամետ Ժաուատ Ալի Եասին եւ Ահմետ Մըզհեր:

Ռիֆ Համայի Սաան անցքէն Քուսէյր եւ ապա Ժուսիէի անցքով Քաա հասած Դիմադրութեան մարտիկներուն վերադարձը վերածուեցաւ պատմական պահու` ամրագրելով ահաբեկչութեան դէմ տարուած յաղթանակին փառքը:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ եւ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա Ժուսիէի մէջ դիմաւորեցին ազատ արձակուած մարտիկները:

Պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխաններ Ալի Մըքտատ եւ Նաուար Սահիլի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, ինչպէս նաեւ իսլամ շէյխեր ու քրիստոնեայ հոգեւորականներ, որոնց շարքին` Քաայի եկեղեցւոյ քահանայ Էլիան Նասրալլա:

Դիմադրութեան մարտիկները դիմաւորելու տօնակատարութենէն ետք Ապպաս Իպրահիմ ըսաւ, որ լիբանանցիները այսօր կը նշեն ազատագրումի հարսանիքը` աւելցնելով, որ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն ռմբակոծումը բանակին իրաւունքն է եւ կ՛իյնայ լիբանանեան հողերը ազատագրելու շրջագիծին մէջ:

Իպրահիմ շեշտեց, որ ոչ ոքի հետ բանակցութիւն պիտի սկսին` նախքան ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրին մասին իմանալը:

Ան հաստատեց, որ իրենց ունեցած տեղեկութիւնները բաւարար են առեւանգուած բանակայիններուն հարցով բանակցութիւններուն սկսելու:

«Սարայա ահըլ շամ զինեալ խմբաւորումը քանի մը օրէն պիտի հեռանայ Լիբանանէն` եւ անոր հեռացումին նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը օժանդակութեան կամ զօրակցութեան կարիք չունի, իսկ եթէ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը զօրակցութեան կարիք զգայ, ապա ինք կ՛որոշէ, թէ որո՛ւն պիտի դիմէ:

Ան ընդգծեց, որ իրենց վկայած այսօրուան հարսանիքը փաստ մըն է «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազին յաջողութեան:

Իր կարգին, Սաֆա ողջունեց նահատակները, վիրաւորներն ու մարտիկները եւ անոնց ընտանիքները` շեշտելով, որ անոնք յարգանքի արժանի են:

Սաֆա շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, որ զօրակցեցաւ Դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ սուրիական բանակին, որ կը շարունակէ տոկալ եւ շարունակել ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը:

Սաֆա շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիացի ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան հետեւորդներուն ու համակիրներուն` շեշտելով, որ այդ տեսարանը վայել է Դիմադրութեան հետեւորդներուն:

Նշենք, որ Սաանի անցքին մէջ Լիբանան վերադառնալու պատրաստուած Դիմադրութեան մարտիկները արտասանեցին խօսք մը, որուն մէջ անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Արսալի բարձունքներուն վրայ ինկած Դիմադրութեան նահատակներուն, որոնց թափած արեան շնորհիւ իրենք ազատ արձակուեցան:

Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ նախագահ Ասատին, սուրիական բանակին եւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան իրենց ազատ արձակումին մէջ:

Ազատ արձակուած մարտիկները շեշտեցին, որ օր մը օրանց չեն կասկածած զիրենք ազատ արձակելու Դիմադրութեան կարողութեան վրայ:

Դիմադրութեան մարտիկ Հասան Նազիհ Թահա Քաայէն փոխադրուեցաւ Հերմել, իսկ մնացեալ մարտիկները ուղղուեցան Պաալպեքի իրենց գիւղաքաղաքները, ուր անոնք դիմաւորուեցան հրավառութեամբ եւ տօնական մթնոլորտի մէջ:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Լիբանանէն Իտլիպ ուղղուած պասերն ու հիւանդատարները, որոնք կը փոխադրէին Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները, վիրաւորները, զինեալներուն ընտանիքներն ու անոնց հետեւորդները, երէկ սկսան հասնիլ Իտլիպ:

Նկատի ունենալով, որ անոնց փոխարէն Լիբանան պիտի վերադառնային Սուրիոյ մէջ գերեվարուած Դիմադրութեան հինգ մարտիկները, պասերուն ու հիւանդատարներուն համար Իտլիպ հասնելու հինգ փուլ ճշդուեցաւ:

Իւրաքանչիւր փուլի աւարտէն ետք ազատ արձակուեցաւ Հըզպալլայի գերի մը, մինչեւ, որ երեկոյեան ժամը շուրջ 8:00-ին արդէն բոլոր պասերը հասած էին Իտլիպ եւ Դիմադրութեան բոլոր գերիները ազատ արձակուած էին:

Միւս կողմէ, Ապպաս Իպրահիմ, որ յետմիջօրէին հասած էր Քաա, շրջանի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաայի հեղինակութիւններուն հետ եւ լիբանանեան պետութեան անունով անոնց ըսաւ, թէ Քաայի մուտքին գտնուող Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կեդրոնները պիտի վերսկսին գործել` սրբագրելով պատմական մեծ սխալ մը:

Իպրահիմ նշեց նաեւ, որ Սարայա ահըլ շամ զինեալ խմբաւորումը իր կարգին պիտի հեռանայ Լիբանանէն:

Իպրահիմ այցելեց նաեւ Ռաս Պաալպեք, ուր լսեց շրջանի բնակիչներուն կարիքները:

Ան հաստատեց, որ Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները պիտի հետեւին Արսալի բարձունքներուն:

Մինչ Քաա պաշտօնապէս կը պատրաստուէր դիմաւորելու Դիմադրութեան գերիները, լիբանանեան բանակը բուռն կերպով ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը եւ Արսալի քաղաքապետարանին մօտ բացայայտեց 10,7 քկ կշռող չորս ականներ: Բանակի սակրաւորները հեռացուցին ականները եւ վնասազերծեցին զանոնք:

Իր կարգին, Դիմադրութեան զինուորական գործողութիւններու գրասենեակը հաստատեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի ներկայութիւնը վերջ գտած է Լիբանանի Արսալ եւ Սուրիոյ Ֆլիթա շրջաններու սահմանին երկայնքին` հաստատելով, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է գործադրելու որեւէ հրահանգ` մաքրագործելու համար Լիբանանին սպառնացող մնացեալ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ յարգելով պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ Դիմադրութեան գերիներու տունդարձի ուղղակի սփռումը, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր արտասանելիք երէկ գիշերուան ճառը յետաձգեց այսօրուան, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

Նախորդը

Հուրի Տէր Սարգիսեան Նշանակուեցաւ Ընդհանուր Քննիչ. Արա Խաչատուրեան` Քոլոմպիոյ Դեսպան

Յաջորդը

Կարօ Փայլան Դատապարտած Է Վանի Մէջ Հայկական Գերեզմանատան Տարածքին Մէջ Լուացարան Կառուցելու Փաստը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?