Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 72-ամեակին Առիթով. «Կը Սպասենք Բռնագրաւուած Հողերու Ազատագրումին Եւ Առեւանգուած Բանակայիններու Ճակատագիրի Բացայայտումին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Օգոստոս 2, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ֆիատիէի Սպայից վարժարանի «Շուքրի Ղանեմ» զօրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ բանակի հիմնադրութեան 72-ամեակի նշումը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:

Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, որոնց շարքին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ:

Նախագահ Աուն Ֆիատիէ ժամանելէն անմիջապէս ետք ծաղկեպսակ մը զետեղեց բանակի նահատակ սպաներուն նուիրուած յուշարձանին:

«Քու փառքովդ պաշտպանուեցայ» կարգախօսին ներքեւ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին Սպայից վարժարանը աւարտեցին 228 սպաներ, որոնք նախագահ Աունէն ստացան իրենց սուրերը եւ կոչուեցան բանակի նահատակներէն «Սուպհի Աքուրի» սերունդ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Աուն սպաներուն ըսաւ, որ այսօր անոնք աւարտած են իրենց կրթական կեանքը եւ անցած են գործնականին: «Ձեր ձգտումը եղած է ըլլալ զինուորական հաստատութեան մէջ, եւ փափաքած էք պաշտպանել հայրենիքը` վերածուելով անոր ապահովութեան եւ ժողովուրդին ազատութեան պաշտպաններուն: Դուք զուտ հպարտութիւն էք նաեւ անոր համար, որ քաղաքական խոր տարակարծութիւններուն մէջ կը մնաք Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող ապառաժը, ինչպէս նաեւ կը վայելէք բոլոր լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ բանակին գաղափարախօսութիւնը պարտականութիւն չէ, այլ` պատգամ ու առաքելութիւն: «Երկրին սահմաններուն եւ տարբեր ճակատներու վրայ հերոսութիւններ գործող բանակայինները աստիճանի բարձրացում եւ կամ աշխատավարձ ստանալու համար չէ, որ երկիրը կը պաշտպանեն, այլ գիտակցելով, որ հողին պաշտպանութիւնը իրենց պատասխանատուութիւնն է: Եթէ մեր գիտակցութեան մէջ նահատակութեան գաղափարը գոյութիւն ունի, ապա անիկա նպատակ չէ, այլ միջոց արժանապատուութեամբ ապրելու` ազատ եւ ապահով երկրի մը մէջ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ 1958-ին ինք եւս աւարտած է Սպայից վարժարանը եւ երդուած է պաշտպանել երկիրն ու անոր դրօշը: «Այդ երդումը պարզապէս բառերու հաւաքածոյ մը չէր, անոր ազդեցութիւնը վերջ չգտաւ հանդիսութեան եզրափակումով, այլ այդ երդումը դարձաւ խիղճս եւ էութիւնս, իսկ անոր հաւատարիմ մնալու համար բազմաթիւ զոհողութիւններ կատարեցի` խիղճս միշտ հանգիստ պահելով», ընդգծեց ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ պայմաններու բերումով այսօրուան ձեր սերունդը կ՛աւարտէ ահաբեկչութեան եւ յարձակումներու վտանգներուն ներքեւ: «Դուք յաջողեցաք բացայայտել մեծ թիւով ահաբեկչական ցանցեր, ինչպէս նաեւ իրականացուցիք կանխարգելիչ գործողութիւններ` ձերբակալելով տասնեակ ահաբեկիչներ: Իսկ ձեր վերջին յաղթանակն էր արեւելեան լեռնաշղթային ազատագրումը` ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն: Այժմ կը սպասենք բռնագրաւուած հողերու ազատագրումին եւ առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրի բացայայտումին», յայտնեց նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պարտութիւն եւ ընկրկում չկայ, ընդհակառակն` ապահովական հաստատութիւնները մնայուն կերպով պէտք է պատրաստ ըլլան դէմ դնելու այդ ահաբեկչութեան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ իբրեւ պատասխանատու անձնաւորութիւններ պէտք է պահպանեն քաղաքական կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը տապալած է ահաբեկչութիւնը:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլոր բանակայիններուն մէկ բռունցով կռուելու եւ երկրին սահմաններն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու: «Միշտ յիշեցէ՛ք ձեր երդումը եւ բարձր պահեցէ՛ք «Պատիւ, զոհողութիւն եւ նուիրում» նշանաբանը, որպէսզի կարենաք պաշտպանել երկիրն ու ժողովուրդը», հաստատեց ան:

Կէսօրէ ետք Պաապտայի մէջ նախագահ Աուն ընդունեց զօր. Ժոզեֆ Աունը` գլխաւորութեամբ սպաներու պատուիրակութեան: Անոնք շնորհաւորեցին հանրապետութեան նախագահը` բանակին հիմնադրութեան տօնին առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կը վայելէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ բոլոր անձնաւորութիւններուն հովանաւորութիւնը, որպէսզի կատարէ իր պարտականութիւնները:

Ան կոչ ուղղեց բանակի հրամանատարութեան նախաձեռնելու վճռական քայլերու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը պաշտպանել ահաբեկչութենէն:

Իր կարգին, զօր. Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, որ բանակը կազմ ու պատրաստ կը մնայ երկրին հարաւային թէ արեւելեան սահմանները պաշտպանելու Իսրայէլէն եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն: Ան նշեց, որ բանակը կը ծրագրէ լիբանանեան հողերը անյապաղ մաքրագործել ահաբեկիչներէն, ինչպէս նաեւ հսկել երկրին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան:

ՆՇԵՆՔ, որ առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներն ու հարազատները անկարող են բանակին տօնը նշելու:

Իր խօսքը ուղղելով կառավարութեան` Եուսեֆ շեշտեց, որ բանակին տօնը իր իմաստը կը ստանայ առեւանգուած բանակայիններուն վերադարձով: Ան մաղթեց, որ Լիբանանի նոր իշխանութեան ձեռքբերումները յատկանշուին առեւանգուած բանակայիններուն տունդարձով:

Եուսեֆ ողջունեց բոլոր զինուորները, յատկապէս առեւանգուած բանակայինները` շեշտելով, որ բանակի հրամանատարը պիտի չլքէ զանոնք:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընկերային ցանցին վրայ զետեղեց այս լուսանկարը, որուն մէջ կ՛երեւայ ինք, երբ 1 օգոստոս 1958-ին, Սպայից վարժարանը աւարտելէ ետք, հանրապետութեան նախկին նախագահ Ֆուատ Շեհապէն ստանձնած է իր սուրը:

Նախագահ Աուն իր լուսանկարին կցեց հետեւեալ գրառումը. «Նահատակութիւնը մարդ արարածը կը բարձրացնէ սրբադասուելու մակարդակին: Յիշելով բանակին նահատակները` աղօթքով կը խոնարհինք անոնց շիրիմներուն»:

Նախորդը

Ժապհաթ Նուսրայի Զինեալներուն Հեռացումը Տեղի Կ՛ունենայ Այսօր

Յաջորդը

փայլան նստացոյցի միջոցով կը պայքարի խորհրդարանին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործումը արգիլող օրէնքին դէմ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 21, 2023
Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի  Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մարտ 21, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ  Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In