Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶՈՒՔԻ ելեկտրակայանին մէջ երէկ արձանագրուեցաւ շոգիի մեքենայի պայթում մը, որուն պատճառով այդ մեքենայի նորոգութեան պատասխանատուն ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ ապա մահացաւ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Սատ Պաուշրիէի մէջ ներխուժեց Զաայթեր ընտանիքին շէնքը եւ ձերբակալեց մեծ թիւով յանցագործներ:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ ողջունեց Ժապհաթ Նուսրայի հետ կատարուած բանակցութիւնները, որոնց հիմամբ այդ խմբաւորումին անդամները հեռացան Լիբանանէն: Սարրաֆ շեշտեց, որ այդ զինեալները Լիբանանի թշնամիներն էին եւ կը մնան Լիբանանի թշնամիները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ մասնակի ընտրութիւններու թղթածրարը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ շեշտեց, որ իրենք համաձայն էին, որ պետական ամավարկը նախքան աշխատավարձի յաւելումները վաւերացուին, որպէսզի թիւերը յստակ ըլլան:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն օրէնքը կրնայ յաւելեալ քննարկումի կարիք ունենալ` բարելաւելու համար անոր կարգ մը կէտերը:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ քուէյթեան բողոքագիրը սխալ տուեալներու վրայ հիմնուած է` աւելցնելով, որ Հըզպալլա բարձր կը գնահատէ Քուէյթի հետ իր յարաբերութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան մաքրագործումը գիւղաքաղաքը վերադարձուցած է Լիբանանին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ազատագրէ բռնագրաւուած մնացեալ հողերը, սակայն առանց բանակցութիւններու դիմելու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր հրահանգները կը ստանայ Հըզպալլայէն, իսկ կառավարութիւնը կը գործէ Հըզպալլայի կամքով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ դատաւորները կ՛անարգեն դատավարութեան ենթարկուողներուն արժանապատուութիւնը, իսկ ոստիկանատուներուն մէջ տեղի ունեցող հետաքննութիւնները վարկաբեկիչ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ հաստատեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ տեղի ունեցած կռիւներուն առումով ինք քաթարեան-իրանեան համաձայնութեան հոտեր կ՛առնէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ բանակը եւ անոր կորովը թիրախ դարձնելը համազօր է իւրաքանչիւր լիբանանցի թիրախ դարձնելու քայլին:

ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ կոչուած զօրավար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը արեւելեան լեռնաշղթան պիտի ազատագրէ` սուրիական բանակին հետ գործակցաբար:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հաւանաբար Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը պաշտօնապէս կը լիազօրէ ՏԱՀԵՇ-ի վերաբերեալ Սուրիոյ հետ բանակցելու:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ապպաս Իպրահիմ ՏԱՀԵՇ-ի առեւանգած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները սկսելու իմաստով արդէն իսկ սերտուած ուղեգիծ մը ունի:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Հերքէ Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ուժերուն Հրասայլերու Մատակարարման Լուրը

Յաջորդը

Հարիրի Դրուատեց Արսալը Պաշտպանելու Նպատակով Զօր. Ժոզեֆ Աունի Որդեգրած Քայլերը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.