Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Արսալի Յաղթանակը Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանի Արձանագրած Նոր Յաղթանակ Մըն Է»

August 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը:

Ֆատլալլա յայտնեց, որ պլոքը Արսալի մէջ արձանագրուած յաղթանակը ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի արձանագրած նոր յաղթանակ մը կը նկատէ:

Պլոքը նշեց, որ Դիմադրութիւնը արագօրէն կրցած է 100 քառ. քմ տարածութիւն ազատագրել Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներէն եւ հակակշիռի տակ առնել Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող անոնց կեդրոնները:

Պլոքը ընդգծեց, որ գործնական իմաստով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին հիման վրայ կերտուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ այդ յաղթանակը:

1 օգոստոսի առիթով Դիմադրութիւնը շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը, անոր հրամանատարութիւնը, սպաներն ու բանակայինները` դրուատելով անոնց ազգային ոգին եւ դերակատարութիւնը երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանելու, ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շնորհաւորեց նաեւ սուրիական բանակը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին տոկալու անոր քաջութեան ու յանձնառութեան համար:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը դարձեալ կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան` գործակցելու սուրիական պետութեան հետ, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կարելի ըլլայ ապահովել` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ արդէն իսկ կան շրջաններ, որոնք ահաբեկչութենէ մաքրուած են:

Նախորդը

Հարիրի Դրուատեց Արսալը Պաշտպանելու Նպատակով Զօր. Ժոզեֆ Աունի Որդեգրած Քայլերը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Հանրի Խուրին Նշանակեց Պետական Շաուրայի Նախագահ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.