Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժապհաթ Նուսրայի Զինեալներուն Հեռացումը Տեղի Կ՛ունենայ Այսօր

August 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէս գիշերէն ետք տեղի ունեցաւ Հըզպալլայի գերիներուն փոխանակումը Ռումիէի մէջ արգելափակուած իսլամականներու հետ: Հըզպալլայի գերիները դիմաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ` Արսալի մէջ, ուրկէ Ապպաս Իպրահիմ, Հըզպալլայի ազատուած գերիները եւ լրագրողները ուղղուեցան Լապուէ գիւղաքաղաք: Հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կէս գիշերէն ետք յայտարարեց, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ապաստանած իսլամականներուն հեռացման հարցը բանակցութենէ դուրս է` աւելցնելով, որ առաւօտեան բեռնակառքերը Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները, անոնց ընտանիքները եւ համախոհները պիտի հեռացնեն դէպի Իտլիպ: Յայտնենք, որ կէս գիշերին յանձնուած Հըզպալլայի 3 գերիները վերջին ճակատամարտին ընթացքին Արսալի բարձունքներու Ուատի Հըմէյտ շրջանին մէջ մոլորած էին, իսկ 2 իսլամականները Ռումիէի այն արգելափակուածներէն են, որոնց գծով վճիռ չէ արձակուած:

Լիբանանցիները երէկ երկրորդ օրն ըլլալով սպասեցին Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն հեռացումին: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին յստակացաւ, թէ այդ հեռացումը դարձեալ պիտի առկախուի` նկատի ունենալով բանակցութիւններուն դիմագրաւած խոչընդոտները:

Հակառակ ապահովական եւ գումակային բոլոր միջոցառումներուն որդեգրումին, Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն Լիբանանէն հեռացումը կարելի չեղաւ ապահովել, որովհետեւ բանակցութիւններուն ընթացքին Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլի երէկ առաւօտեան պահանջեց Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակուած 20 յանցագործներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ապաստանած պահանջուածներուն իր զինեալներուն հետ Սուրիա փոխադրութիւնը:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ Արսալէն անձամբ կը հետեւէր այս բանակցութիւններուն, երեկոյեան ժամը 5:30-ին ուղղուեցաւ Լապուէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լապուէի հեղինակութիւններուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Իպրահիմ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բանակցութիւնները կրնան քանի մը ժամէն աւարտիլ կամ աւելի երկար տեւել:

Ան հաստատեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ ընթացող բանակցութիւնները բաւական յոգնեցուցիչ են` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն վերաբերող բանակցութիւնները ընթացքի մէջ չեն, «սակայն այդ թղթածրարը լուծելը իմ ճիտիս պարտքն է», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ բանակցութիւնները վեց օրէ ի վեր կը շարունակուին, եւ եթէ խոչընդոտներու մասին պիտի խօսին, ապա այլ խոչընդոտներ պիտի յայտնուին, հետեւաբար անհրաժեշտ է այդ մասին չխօսիլ, որովհետեւ հարցերը շատ նուրբ են եւ զգայուն:

Բանակցութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ ինք որեւէ ատեն կրօնական կամ ինքնութեան ենթահողի հիման վրայ բանակցութիւններ չէ վարած: «Ես բանակցած եմ նոյնիսկ Մաալուլայի մայրապետները ազատ արձակելու համար, իսկ այժմ կը բանակցիմ երկրին հողը պաշտպանած լիբանանցիներուն համար», ըսաւ ան:

Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանանի գոյութիւնը կ՛ապահովուի լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ եւ ոչ թէ համայնքներուն գոյութեամբ: «Լիբանան համայնքներով սահմանափակուելէ շատ աւելի մեծ է, իսկ պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը կը պարտադրեն, որ Լապուէն եւ Արսալը վերածուին մէկ բռունցքի, որովհետեւ զանոնք բաժնող տուեալները վերացած են», ըսաւ ան` եզրափակելով, որ ինք բացարձակ զօրակցութիւն կը վայելէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ:

 

Նախորդը

Բանակը «Սեսնա»-ներով Եւ «Հելֆայըր»-ներով Պիտի Մաքրագործէ ՏԱՀԵՇ-ը

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 72-ամեակին Առիթով. «Կը Սպասենք Բռնագրաւուած Հողերու Ազատագրումին Եւ Առեւանգուած Բանակայիններու Ճակատագիրի Բացայայտումին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.