Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսալ Մաքրուեցաւ Ժապհաթ Նուսրայի Զինեալներէն

Օգոստոս 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 օգոստոս 2014-ին Արսալ ներխուժած ու լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումներ գործած Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչները ճիշդ երեք տարի ետք հեռացան Լիբանանէն:

Արսալէն հեռանալու անոնց պահանջը սակայն ազատ կամքի արտայայտութիւն չէր, այլ` մահէն փրկուելու վերջին փորձ մը, նկատի ունենալով Արսալի բարձունքներուն վրայ անոնց կրած ջախջախիչ պարտութիւնը` Դիմադրութեան մարտիկներուն կողմէ:

Երէկ յետմիջօրէին Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները, անոնց ընտանիքներն ու հետեւորդները, որոնք կը հաշուէին 7700 հոգի, 113 պասերով փոխադրուեցան Իտլիպ:

Պասերը կէս գիշերին հասան Ֆլիթա, ուրկէ անոնք պիտի ուղղուէին դէպի Իտլիպ:

Այս ձեւով Արսալ մաքրուեցաւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներէն, իսկ լիբանանեան բանակը սկսաւ դիրքաւորուիլ Հմայտ հովիտին եւ Մալահի շրջանին մէջ` Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերուն վրայ ապահովական գործողութիւններ կատարելէ ետք:

Անոնց հեռացումի գործողութեան հսկեցին Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը, Դիմադրութեան մարտիկներն ու Լիբանանի Կարմիր խաչը, ինչպէս նաեւ սուրիական ուժերն ու Սուրիոյ Կարմիր մահիկը:

Լիբանանեան Կարմիր խաչի 17 հիւանդատարներ Ժապհաթ Նուսրայի վիրաւորները յանձնեցին Սուրիոյ Կարմիր մահիկին:

Անհրաժեշտ է նշել, որ լիբանանեան բանակը Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները դէպի պաս փոխադրելու ընթացքին, անոնցմէ մէկուն վրայ բացայայտեց ականուած գօտի մը, որ գրաւուեցաւ եւ խնդրոյ առարկան յանձնուեցաւ Լիբանանի Կարմիր խաչին` Իտլիպ փոխադրութեան նպատակով:

Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրայի պարտուած էմիր Ապու Մալեք Թալլի նախքան պաս ուղղուիլը սպաննեց Իտլիպ ուղղուող զինեալներէն Ռաատ Ամուրին` զայն ՏԱՀԵՇ-ի հետ մեղսակցութեան յանցանքով ամբաստանելով:

Նշենք, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին Սարայա ահըլ շամ կազմակերպութեան զինեալներ, իրենց ընտանիքներով (շուրջ երեք հազար հոգի) պիտի ուղղուին դէպի Իտլիպ:

Հարիրի. «Լիբանանի Մէջ Ահաբեկչութեան
Որեւէ Տեսակի Գոյութիւն Մերժելի Է»

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարչապետ Սաատ Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Արսալի վիճակը եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն Լիբանանէն հեռացումը ապահովող բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան որեւէ տեսակի գոյութիւն մերժելի է` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը իր պարտականութիւնը կատարած է եւ Ժապհաթ Նուսրայի հետ բանակցութիւնը ապահոված:

«Այս հարցը կրցանք լուծել եւ նոյն թափով պիտի շարունակենք նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց, որ կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին Արսալը քննարկումի օրակարգին վրայ պիտի գտնուի` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնն է, որ ազատագրած է Արսալը: «Բանակը պիտի դիրքաւորուի ամբողջ Արսալի տարածքին, ինչ որ Արսալի եւ բոլոր լիբանանցիներուն ապահովութեան կը ծառայէ: Երբ ահաբեկչութիւնը ամբողջ երկրին կը սպառնայ, այս կամ այն կողմին կեցուածքներն ու անոնց մանրամասնութիւնները պէտք չէ նկատի ունենալ, այլ` պէտք է փնտռել եւ կառչիլ այնպիսի կեցուածքներու, որոնք մեզ կը միացնեն», շեշտեց վարչապետը:

Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ճիգ չի խնայեր նաեւ լուծելու ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը:

Նախորդը

«Տեղահանուածներուն Հոգատարութեան Պարագային Լիբանանին Պէտք Է Զօրակցիլ» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

«Սամասթ Մեզի Ըսաւ. «Պոլիսի Այդ Լրագրողը Ես Սպաննած Եմ» Ըսած Է Ուսթաօղլու

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?