Լիբանանեան

Մինչ Պասիլ Կապ Պահեց Քուէյթի  Իր Պաշտօնակիցին Հետ.  Վարչապետ Սաատ Հարիրի  Այսօր Պիտի Մեկնի Քուէյթ

Մինչ Պասիլ Կապ Պահեց Քուէյթի Իր Պաշտօնակիցին Հետ. Վարչապետ Սաատ Հարիրի Այսօր Պիտի Մեկնի Քուէյթ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր երեկոյեան պիտի մեկնի Քուէյթ` «թիւրիմացութեան մը հարցը լուծելու» առաջադրանքով: Ծանօթ է, որ վերջերս Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հըզպալլայի գծով հակադիր կեցուածք ցուցաբերած էր, ինչ որ կրնայ վնասել Լիբանանի  եւ Քուէյթի միջեւ դիւանագիտական բարեկամական յարաբերութեանց: Նոյն ծիրին մէջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ քուէյթցի իր պաշտօնակիցին հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն...

Ուալիտ Ժոմպլաթ Մտահոգ Է

Ուալիտ Ժոմպլաթ Մտահոգ Է

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով զգուշացուց առնչակից կողմերը Պաապտայի երկխօսութեան արդիւնքէն եւ առհասարակ երկրի ընկերային-տնտեսական կացութեան վատթարացումէն: Այս գծով ան կարգ մը թելադրանքներ ու գործնական քայլեր առաջարկեց առնչակից կողմերուն: Ժոմպլաթ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց այս գծով: Ան այսօր մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ եւ մանրամասն անդրադառնայ երկիրը յուզող ընկերային-տնտեսական հարցերուն:

Նախագահ Աուն Կը Հրաւիրէ Աշխատավարձի  Յաւելումներուն Եւ Տուրքերուն Մասին  Տարակարծութիւնները Քննարկելու  Խորհրդակցական Հանդիպումի Մը

Նախագահ Աուն Կը Հրաւիրէ Աշխատավարձի Յաւելումներուն Եւ Տուրքերուն Մասին Տարակարծութիւնները Քննարկելու Խորհրդակցական Հանդիպումի Մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Խալիլ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու: Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն հրաւիրեց խորհրդակցական հանդիպումի մը` քննարկելու համար աշխատավարձի յաւելումներուն եւ տուրքերուն շուրջ տարակարծութիւնները: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ նախագահական պալատին մէջ, երկուշաբթի, 14 օգոստոսին: Նախագահ Աունի այցելեց Պաթրունի քաղաքապետները ներկայացնող պատուիրակութիւն...

«Ապահովական Կայունութիւնը Մեր  Հակակշիռին Տակ Է, Սակայն  100 Տոկոս Ապահովութիւն Չկայ»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Ապահովական Կայունութիւնը Մեր Հակակշիռին Տակ Է, Սակայն 100 Տոկոս Ապահովութիւն Չկայ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը հաստատուած է շնորհիւ  ապահովական կանխարգելիչ գործողութիւններու, որոնք իրենց կարգին յաջողած են` հիմնուելով ապահովական կառոյցներու եւ բարեկամ պետութիւններու տեղեկութիւններուն վրայ: «Լիբանանի բարեկամ պետութիւնները այդ տեղեկութիւնները մեզի կը տրամադրեն, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով Լիբանան առաջնագիծին վրայ կը գտնուի», ըսաւ ան: Իպրահիմ շեշտեց, որ Լիբանան օր...

Հարիրի Այցելեց Պաղեստինցի  Գաղթականներու Մարդահամարի  Յատուկ Կեդրոնը

Հարիրի Այցելեց Պաղեստինցի Գաղթականներու Մարդահամարի Յատուկ Կեդրոնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելեց պաղեստինցի գաղթականներու, գաղթակայաններու եւ Լիբանանի տարածքին գտնուող պաղեստինցի գաղթականներու խմբաւորումներու մարդահամարի աշխատանքը կատարող յատուկ կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հասան Մնայմնէի, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի, ինչպէս նաեւ ծրագիրի տնօրէն Ապտել Նասեր Այիի եւ վիճակագրութիւնը կատարող անձնակազմին կողմէ: Կեդրոն այցելութեան ընթացքին վարչապետը հետեւեցաւ պաղեստինցի գաղթականներու մարդահամարը իրականացնելու ծրագիրին  մանրամասնութիւններուն, օգտագործուած արդիական...

Իրաքի Մէջ. Սարրաֆ Ապատիի Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զինուորական առումով Լիբանան-Իրաք գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Սարրաֆ այցելեց Իրաքի մէջ շիի գերագոյն հոգեւոր պետ մեծն այաթոլլա սէյիտ Ալի Սիսթանիին, շէյխ Ապտել Մեհտի Քարպալայիին, ինչպէս նաեւ իմամ Հիւսէյնի դամբարանը: Իր կատարած այցելութիւններէն ետք Սարրաֆ յայտնեց, որ ինք վարժ է այդ սրբավայրերը այցելելու` աւելցնելով,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի գրասենեակը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները երեքշաբթի օր փակ պիտի մնան Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին անձեռնմխելի է` վարակիչ հիւանդութիւններու ենթակայ ըլլալու իմաստով: Ան նշեց, որ երկրին մէջ պատուաստումի հոլովոյթը կանոնաւոր կերպով կ՛ընթանայ: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու...

Հարիրի Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանը Միջամուխ  Չդարձնելու Առանցքներու Միջեւ Պայքարին

Հարիրի Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանը Միջամուխ Չդարձնելու Առանցքներու Միջեւ Պայքարին

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ղազի Զաայթեր, Եաագուպ Սարրաֆ եւ Եուսեֆ Ֆընիանոս: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Հարիրի շեշտեց, թէ կառավարութիւնը լիբանանեան բանակին կը զօրակցի Քաայի բարձունքները ազատագրելու նպատակով սկսելիք իր ճակատամարտին ժամկէտը ճշդելու: «Հարիրի ընդգծեց նաեւ, որ իբրեւ վստահութիւնը վերահաստատելու կառավարութիւն, Լիբանանի...

«Աշխատավարձի Յաւելումներուն  Հարցը Քննարկումի Ընթացքին Մէջ Է»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Աշխատավարձի Յաւելումներուն Հարցը Քննարկումի Ընթացքին Մէջ Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսարի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումներուն օրէնքը հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ քննարկուելու ընթացքին մէջ է եւ քննարկումի աւարտին կարելի պիտի դառնայ այդ իմաստով յստակ որոշում մը տալ` պահպանելով երկրին տնտեսական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ելեւմտական...

Պըրրի. «Կը Կասկածիմ, Որ Նախագահ Աուն  Աշխատավարձի Յաւելումներուն  Օրէնքը Վերադարձնէ Խորհրդարան»

Պըրրի. «Կը Կասկածիմ, Որ Նախագահ Աուն Աշխատավարձի Յաւելումներուն Օրէնքը Վերադարձնէ Խորհրդարան»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը քաղաքացիներուն իրաւունքն է` աւելցնելով, որ ինք կը կասկածի, որ նախագահ Աուն աշխատավարձի յաւելումներուն օրէնքը վերադարձնէ խորհրդարան, «հակառակ անոր որ սահմանադրութիւնը հանրապետութեան նախագահին իրաւունք կու տայ օրէնքը ստորագրել կամ վերադարձնել խորհրդարան», ըսաւ ան: Լիբանանեան-սուրիական գործակցութեան անդրադառնալով` Պըրրի շեշտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ...

Սարրաֆ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ  Քննարկեց Զինուորական Յարաբերութիւնները  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Սարրաֆ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Զինուորական Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Իրան, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Արֆան Մահմուտ Հայալիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զինուորական մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող լիբանանեան-իրաքեան գործակցութիւնն ու զայն ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ ողջունեց իրաքցի իր պաշտօնակիցը ահաբեկչութեան դէմ իրաքեան բանակին արձանագրած յաղթանակներուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւած իրաքեան հողերուն ազատագրումին առիթով: «Իրաք...

Ապահովութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ.   Կառավարութիւնը Յանձնառու Է  Ահաբեկչութեան Ճիրաններէն  Ազատագրելու Լիբանանեան Հողերը

Ապահովութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ. Կառավարութիւնը Յանձնառու Է Ահաբեկչութեան Ճիրաններէն Ազատագրելու Լիբանանեան Հողերը

Ապահովութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ներկայ գտնուեցան լիբանանեան բանակի հրամանատարն ու ապահովական կառոյցներու պետերը, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու, ելեւմուտքի, արդարութեան եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարները: Նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ընդգծեցին, որ կառավարութիւնը...

Բագրատունի Ընդունեց Նիքոլա Սահնաուին

Բագրատունի Ընդունեց Նիքոլա Սահնաուին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանքի փոխնախագահ, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան թատերաբեմի վերջին զարգացումները: Այս ծիրին մէջ, յատուկ ուշադրութեամբ քննարկումի նիւթ դարձան Պէյրութի բնակչութեան խնդիրները եւ Էշրեֆիէ - Ռըմէյլ - Մտաուար շրջաննեու զարգացման կարելիութիւններն ու հեռանկարները: Յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ կազմակերպական հարցեր եւս դարձան քննարկման...

Ահաբեկչութեան Ենթակայ Լիբանանի   Բարձունքներուն Ազատագրումին Յաջորդող  Ամիսներուն Ընթացքին Է, Որ Պիտի Անդրադառնանք,  Թէ Ի՛նչ Վտանգներու Տակ Կը Գտնուէինք»  Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

Ահաբեկչութեան Ենթակայ Լիբանանի Բարձունքներուն Ազատագրումին Յաջորդող Ամիսներուն Ընթացքին Է, Որ Պիտի Անդրադառնանք, Թէ Ի՛նչ Վտանգներու Տակ Կը Գտնուէինք» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ահաբեկչութեան ենթակայ Լիբանանի բարձունքներուն ազատագրումին յաջորդող ամիսներուն ընթացքին է, որ պիտի անդրադառնանք, թէ ի՛նչ վտանգներու սպառնալիքի տակ կը գտնուէինք: Ան հաստատեց, որ ինք լաւատես է Լիբանանի թեւակոխելիք յաջորդ փուլին իմաստով: «Լիբանանցիները պէտք է իրենք զիրենք պատրաստեն, որովհետեւ Լիբանանը լքողները պիտի զղջան,...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Արտերկրի  Լիբանանցիներուն Իրենց Անունները  Արձանագրելու` Քաղաքացիութիւն Ստանալու Համար

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն Իրենց Անունները Արձանագրելու` Քաղաքացիութիւն Ստանալու Համար

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մարոնի համայնքի արտերկրի լիբանանցիներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին շուրջ 70 երիտասարդներ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն, յատկապէս երիտասարդներուն օգտուելու առիթէն եւ արձանագրելու իրենց անունները, որպէսզի կարենան լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալ: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ արդէն իսկ պատմութեան սկիզբէն Լիբանան եղած է տարբեր քաղաքակրթութիւններու օրրանը: Ան...

«Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարութեան  Կը Ձգենք Ճշդել Լիբանանեան Բարձունքներուն  Վրայ Մղուելիք Ճակատամարտին Ժամկէտը»  Շեշտեց Ալեն Աուն

«Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարութեան Կը Ձգենք Ճշդել Լիբանանեան Բարձունքներուն Վրայ Մղուելիք Ճակատամարտին Ժամկէտը» Շեշտեց Ալեն Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն ողջունեց լիբանանեան բանակը, որ կը պաշտպանէ ամբողջ Լիբանանը` մաղթելով, որ անոր յաջորդ ճակատամարտը` Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ, յաջողութեամբ կը պսակուի, եւ կ՛արձանագրուին նուազագոյն վնասները: «Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կը ձգենք ճշդել լիբանանեան բարձունքներուն վրայ...

«Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը  Կը Մերժէ Զուարճանալու Եւ Առեւտրական  Նպատակներով Կազմակերպուած  Դլփիններու Ցուցադրութիւնը»   Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Կը Մերժէ Զուարճանալու Եւ Առեւտրական Նպատակներով Կազմակերպուած Դլփիններու Ցուցադրութիւնը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի անասուններու հարցերով զբաղող միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց վերջերս Պէյրութի կրկէսին մէջ կազմակերպուած դլփիններու ցուցադրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները, յատկապէս զուարճանալու նպատակով դլփիններու եւ անհետացումի վտանգին տակ գտնուող այլ անասուններու օգտագործումի հետեւանքները: Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը մերժէ դլփիններու ցուցադրութիւնը, ինչպէս նաեւ անհետացումի վտանգին տակ գտնուող այլ անասուններու օգտագործումը`...

Մուսթաքպալ Պլոք. «Բանակը Պէտք Է  Ճշդէ Լիբանանը Պաշտպանելու  Ձեւն Ու Միջոցները»

Մուսթաքպալ Պլոք. «Բանակը Պէտք Է Ճշդէ Լիբանանը Պաշտպանելու Ձեւն Ու Միջոցները»

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց Լիբանանն ու լիբանանցիները պաշտպանելու իմաստով լիբանանեան բանակին ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ բանակը երկիրը պաշտպանող օրինական միակ հաստատութիւնն է: Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց բանակին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը` իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ ահաբեկչութեան դիմադրելու առումով: Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ բանակը պէտք է ճշդէ...

Հարիրի Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց  Տահեշ-Ի Դէմ Յատարարուելիք  Ճակատամարտին Մանրամասնութիւնները

Հարիրի Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Տահեշ-Ի Դէմ Յատարարուելիք Ճակատամարտին Մանրամասնութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 6:45-ին վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, յատկապէս Քաայի եւ հիւսիսային Պեքաայի շրջաններուն մէջ տիրող վիճակը: ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յայտարարուելիք ճակատամարտին մանրամասնութիւնները նոյնպէս դարձան քննարկման նիւթ:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները վերադարձած են իրենց հեզասահ ընթացքին: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի Ազգային լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը առանձինն կրնայ դիմադրել ահաբեկչութեան: ԲԱՆԱԿԻ գաղտնի սպասարկութիւնը Մաշարիհ Քաայի սուրիական գաղթակայանները խուզարկելու ընթացքին ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամ 5 կասկածելիներ: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան կոչ ուղղեց Սուրիոյ կառավարութեան...

Page 715 of 987 1 … 714 715 716 … 987

Արխիւներ