Երկրի Վերակառուցման Ու Բարգաւաճման Խթան Հանդիսանալու Իր Ճիգերուն Մէջ. Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Շեշտեց Պարկեշտ Աշխատանքի Հրամայականը
«Ջրամբարներու կառուցման ծրագիրը երկրի արդիւնաբերութեան մարզերու ամրապնդման հիմնաքարերէն մէկն է», յայտարարեց նախագահ Միշել Աուն երէկ կարգ մը ամբարտակներու տուած իր այցելութեան ընթացքին: Նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ պատկան փորձագէտներու թէ մասնագէտ պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ Քայսամանի, Պիքաաթա, Պալաա, Ժաննէ եւ Մսայլհա ջրամբարները կատարած իր այցելութեան առիթով կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, թէ տակաւին այլ ջրամբարներ եւս պիտի կառուցուին ուժանիւթի նախարարութեան պատրաստած...




















