Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կը Կասկածիմ, Որ Նախագահ Աուն Աշխատավարձի Յաւելումներուն Օրէնքը Վերադարձնէ Խորհրդարան»

August 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը քաղաքացիներուն իրաւունքն է` աւելցնելով, որ ինք կը կասկածի, որ նախագահ Աուն աշխատավարձի յաւելումներուն օրէնքը վերադարձնէ խորհրդարան, «հակառակ անոր որ սահմանադրութիւնը հանրապետութեան նախագահին իրաւունք կու տայ օրէնքը ստորագրել կամ վերադարձնել խորհրդարան», ըսաւ ան:

Լիբանանեան-սուրիական գործակցութեան անդրադառնալով` Պըրրի շեշտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ գործակցութեան համաձայնագիրներ կան, իսկ նախորդ փուլերը փաստած են, թէ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ծառայած են երկու երկիրներու շահերուն:

Պըրրի հաստատեց, որ պետական հաստատութիւնները իրենց դերակատարութիւնը պէտք է ստանձնեն` քաղաքացիներուն կեանքն ու շրջաններուն բարգաւաճման հարցերը դիւրացնելու իմաստով:

Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ Դատական գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ:

Հանդիպումէն ետք Ժրայսաթի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահին մաղթանքն է, որ դատական իշխանութիւնը վերջ տայ իր աշխատանքը պոյքոթի ենթարկելու որոշումին, որովհետեւ դատական իշխանութիւնը սահմանադրական իշխանութիւն է, որ իր աշխատանքները պոյքոթի ենթարկելով ժողովուրդին շահերը չի հարուածեր:

Ան նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են դատաւորներու իրաւունքներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց մասին ան կատարեալ գործակցութիւն ցուցաբերեց:

Դատաւոր Շուքրի Սատերի պաշտօնի փոփոխութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Ժրայսաթի յայտնեց, որ Սատեր այդ մասին տեղեակ պահուած էր` հաստատելով, որ այս մասին արդարութեան նախարարութեան դէմ կատարուած ցեխարձակումներուն պատասխանելու առումով արդարութեան նախարարութեան կողմէ ոչ մէկ բառ պիտի սպրդի տեղեկատուական մարզին մէջ:

Ժրայսաթի հաստատեց, որ դատաւոր Սատերի պաշտօնի փոփոխութիւնը ո՛չ բարոյական հարց է եւ ո՛չ ալ անոր դէմ գործադրուած պատժամիջոց, այլ պարզապէս դատական իշխանութիւններուն եւ դատաւորներուն անկախութեան վերաբերող հարց:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութիւնը պահպանելու կարիք կայ` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը պիտի կասեցուի, երբ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները տակաւին առկայ են:

Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ բանակներուն միջեւ համագործակցութիւնը կարեւոր է` արեւելեան սահմանները ահաբեկչութենէ մաքրագործելու համար, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ՏԱՀԵՇ-ի բոյն դրած սահմանամերձ շրջանին 60 տոկոսը սուրիական հողեր են:

Պըրրի լուսարձակի տակ առաւ այն իրականութիւնը, որ քանի մը օր առաջ Արսալի բարձունքներու ազատագրումին լոյսին տակ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ սուրիական իշխանութիւններուն հետ վարեց Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները Իտլիպ փոխադրելու բանակցութիւնները, եւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ է պատճառը, որ այդ գործակցութեան կասեցումը կը պահանջուի արեւելեան լեռնաշղթայի ազատագրումին պարագային:

 

 

Նախորդը

Սարրաֆ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Զինուորական Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

«Աշխատավարձի Յաւելումներուն Հարցը Քննարկումի Ընթացքին Մէջ Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.