Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց Լիբանանն ու լիբանանցիները պաշտպանելու իմաստով լիբանանեան բանակին ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ բանակը երկիրը պաշտպանող օրինական միակ հաստատութիւնն է:
Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց բանակին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը` իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ ահաբեկչութեան դիմադրելու առումով:
Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ բանակը պէտք է ճշդէ Լիբանանը պաշտպանելու ձեւն ու միջոցները, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղելիք ճակատամարտին ժամկէտը: