Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարութեան Կը Ձգենք Ճշդել Լիբանանեան Բարձունքներուն Վրայ Մղուելիք Ճակատամարտին Ժամկէտը» Շեշտեց Ալեն Աուն

August 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն ողջունեց լիբանանեան բանակը, որ կը պաշտպանէ ամբողջ Լիբանանը` մաղթելով, որ անոր յաջորդ ճակատամարտը` Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ, յաջողութեամբ կը պսակուի, եւ կ՛արձանագրուին նուազագոյն վնասները:

«Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կը ձգենք ճշդել լիբանանեան բարձունքներուն վրայ մղուելիք ճակատամարտին ժամկէտն ու մանրամասնութիւնները», ըսաւ Աուն:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն կացութիւն մը, որուն ընթացքին պէտք է կասեցնել բանակին նկատմամբ տարակարծութիւնները:

Ան շեշտեց, որ փաստուած է, թէ ահաբեկչութիւնը տեղահանուածներուն գաղթակայանները վերածած է իր որջերուն: «Ճիշդ է, որ այս փաստը պէտք չէ ընդհանրացնել, սակայն անհրաժեշտ է քաջալերել սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը, եւ այդ աշխատանքին մէջ Լիբանանին պէտք է օժանդակէ միջազգային ընտանիքը», ըսաւ Աուն` աւելցնելով, որ ճիգ պիտի չխնայեն արգիլելու համար նոր գաղթակայաններու հաստատումը:

Անդրադառնալով աշխատավարձերու յաւելումներու թղթածրարին` Աուն նշեց, որ այդ մասին որոշ սրբագրութիւններ առաջարկուած են, դիտել տալով, որ այդ իմաստով կայ երկու լուծում. «Կա՛մ յաւելումներու ամբողջ թղթածրարը կը վերադարձուի խորհրդարան եւ կա՛մ կ՛առաջարկուի, որ անոր մասին որոշ սրբագրութիւններ նկատի առնուին եւ ապա վաւերացուին», յայտնեց Աուն:

Ան հաստատեց, որ պահանջուածը լիբանանցիներու իրաւունքին պահպանումն է:

 

Նախորդը

«Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Կը Մերժէ Զուարճանալու Եւ Առեւտրական Նպատակներով Կազմակերպուած Դլփիններու Ցուցադրութիւնը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն Իրենց Անունները Արձանագրելու` Քաղաքացիութիւն Ստանալու Համար

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.